Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. [ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆԻՆ]

[Օգոստոս] 23/5 սեպտ. 1901, Կ. Պոլիս

Արհիապատիւ Հայր,

Պատանեկութեան թերավարժ մտօքս ու գրչովս Ձեր Արհիապատւութեան կը գրեմ… Բայց այս արարքիս մէջ թերեւս յանդուգն համարէք աննշանս, սակայն ո՜հ, ես յանցաւոր չեմ, այլ բազմօգուտ Մխիթարեան Միաբանութիւնը, Ձեր` յօգուտ ազգին թափած ճիգն ու քիրտն եւ իմ երախտագիտութիւնքս են յանցաւորներն, որոնք յառաջ մղեցին զիս, որ հազարաւոր անձանց ըրածին նման, ես ալ իմ սրտի եւ հոգուոյ երախտագիտութեանց պարտքս Ձեր յարգոյ ոտից առջեւ դնեմ՝ նախ շնորհաւորելով այս Երկհարիւրամեայ Յոբելեանին առթիւ համայն Միաբանութիւնն, որոյ մինչեւ ցարդ գոյացուցած օգտաշատ արդիւնքն անուրանալի է այլոց եւ ազգին կողմանէ, ու երկրորդ՝ Ձեր Արհիապատւութիւնն, որ մէն մի ջանք ի գործ դրած էք եւ կը դնէք, որ Ձեր արդիւնաբեր սաներով մարդկութիւնը պսակուի։

Ուստի ես ալ ի խորոց սրտի՝ անկեղծ մաղթանքս կը բարձրացնեմ առ Երկինք, որ շատ-շատ այսպիսի շքեղ ու սուրբ երկհարիւրամեակներու արժանացնէ զՄիաբանութիւնն եւ Ձեզի ալ երկար կեանք պարգեւելով՝ Ձեր աշխատութիւնն անթարշամ ծաղկեայ բրաբիոնաւ պսակէ գեղապաճոյճ։

                     Մնամ սուրբ աջերնիդ համբուրող

                              Դանիէլ Գ. Չուպուգկեռեան Բրգնիկցի

Քաղկեդոնի Մխ. [իթարեանց] վարժարանին ուսանող