Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2. [ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԹՃԻՅԵԱՆԻՆ]

  [Ապրիլ, 1902, Կ. Պոլիս]

Փոքրիկ բարեկամս,

Հայրդ երբեմն նամակներդ ինծի կու տայ, զորս ուրախութեամբ կը կարդամ. վայելուչ պարզութեամբ մը գրուած են անոնք, եւ անկեղծիկ զգացմանդ ու սիրոյդ դրոշմը կը կրեն։ Ես միշտ զքեզ կը յիշեմ եւ յուշերու մէջ կը սիրեմ յաւէտ։ Ապրէ՛, ուրիշ բան չունիմ ըսելիք, զի ըսելիքներս մինչեւ ցարդ վարժապետներուդ եւ ծնողացդ ըսածներուն կրկնումը պիտի ըլլայ. ապրէ՛ եւ աշխատէ՛. «Աշխատութիւնը կենաց եւ ապագային շահն է»։

Իմ տեղս համբուրէ Վեր[ապատիւ] Հայր Աթանասին սուրբ աջը, կ՚աղաչեմ չի մոռնաս։ Մասնաւոր սիրոյ բարեւներս յիշէ Մեղրեանին։

                                                 Մնամ քոյդ
Դանիէլ Գ. Չուպուգքեարեան