Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

11. ՍՈՒՔԻԱՍ ԷՓՐԻԿԵԱՆԻՆ

[21 նոյեմբեր, 1905, Կանտ]

Վերապատուելի Հայր Սուքիաս վարդապետ Էփրիկեան,

Շատոնց է առիթ մը կը փնտռէի Ձեզի ծանօթանալու, այսպէսով՝ նաեւ ինծի պատճառ պիտի ըլլար խօսելու «Սարսուռներու» տպագրութեան մասին. այս իղձս երկու իրողութեան մէջ խեղդուեցաւ. մին որ վեհ[ապատիւ] Սիմոնը ինքը (որուն այնքա՜ն պարտական եմ) իմ տեղս, իհարկէ աւելի հեղինակաւոր Ձեզի դիմեց եւ երկրորդ, որ վարժարանական շրջանս դեռ առիթ չէր տուած պատիւն ունենալու Ձեզ հետ երկար տեսակցութեան։

Այս նամակս, երջանիկ եմ եթէ կարենայ կանխաւ շնորհակալիքս եւ մէկ-երկու մանր փափաքներս Ձեզ պարզելու։

Արդէն «Գեղունիի» մէջ դրուելիք ոտանաւորներուն մէկ մասին նախափորձը տեսայ, եւ այդ արդէն զիս այնքան ուրախացուց, որ դեռ միւս փոքր մասին եւ յատուկ հատորի մը հրատարակութեան գուշակումիս մէջ գտայ անխառն երախտագիտութիւն մը մամուլիդ վարչութեան հանդէպ։

Յուսով եմ որ այս ու յաջորդ «Բազմավէպին» մէջ միւս մասն ալ կը լրանայ, որ այնքա՛ն մեծ կարեւորութիւն ունի հատորը ընելու համար ամբողջ, ճաշակով եւ կատարեալ՝ զերծ ամէն պռօշիւրով վիժած ծաւալ մը ըլլալէ։

Անոր վրայ Ձեր ունեցած խնամքը մտքիս մէջ քննադատութիւն մը ըլլալէ աւելի համոզում մըն է կամ լաւ եւս՝ անտարակուսելի հաւատք մը։ Այս գործը Ձեր մտատանջութեան կաթիլ մը պիտի աւելցնէ եւ Ձեր ժամանակէն վայրկեան մը պիտի գողնայ, բայց գէթ այսպէս ուրախ եմ, որ նախ հանդէսներու մէջ հրատարակելով կրցայ թէ՛ վարչութեանդ եւ թէ՛ զիս մեծագումար ծախքէ մը ազատ պահել։

Միայն, վերապատուելի Հայր, կը մնայ թուղթի ծախքը, որուն մասին պիտի խնդրէի, որ Ձեր շնորհքներէն ամենամեծը ըլլար ամենամեծ երախտիքի մայր. որքան որ թուղթի տեսակը վեհ[ապատիւ] Մկրտիչին ղրկած էի Ձեզ յանձնելու համար, այսուհանդերձ Ձեր ընտրողութեան կը թողում, չուզելով ձեռնամխել Ձեր պաշտօնը եւ Ձեր ճաշակը, որ ապահով եմ տգեղ բան պիտի չընտրէ։

Գալով հատորին քանի օրինակ ըլլալուն, պիտի բաղձայի, որ 500-էն պակաս չըլլար. ապահով ըլլալու չափ կը յուսամ, որ պիտի ծախուի. արդէն շատեր ինծի դիմած եւ պատրաստակամութիւն ցցուցած են գնելու՝ գիտնալով, որ պիտի չնենգեմ իրենց գեղեցկագիտութիւնը եւ գիտնալով (որչափ որ կարելի է), որ օգնութիւն մը ըրած պիտի ըլլան անկարող հօրս։

Չերկարեմ։ Այնքան յոյսերով լի [եմ], լի [եմ] այնքան բարեացակամ խրախուսանքով եւ գօտեպնդող հաւանումներով այդ անդրանիկ հատորի համար, զոր չեմ գիտեր ո՛ր սեւ օրը, ո՛ր սեւ աստղերու տակ միտքս, սիրտս դուրս ժայթքեց։

Պիտի խնդրէի, որ ինչպէս Ձեր խնամքը նուիրեցիք, անոր նուիրէիք նաեւ մաղթանք մը որ հայ [հասարակութեան] մէջ գտնէր բարի եւ տեւական ընդունելութիւն մը։

Մնամ աջերնիդ համբուրելով
Խ[ոնարհ] Դանիէլ Վարուժան