Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

14. ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆԻՆ

[25 դեկտեմբեր, 1905, Կանտ]

Վերապատուելի մեծ Հայր,

Սա սուրբ օրերուն մէջ կը յիշեմ ամբողջ ընկերներով վաքանսի մեր ցնծութիւնները, կրօնական երկիւղած պատրաստութիւնները եւ կը համակուիմ քաղցր տխրութեամբ։ Տօնի օրերուն մէջ մարդ աւելի կը զգայ ընտանեկան շրջանակի մը պէտքը։ Այլեւս հեռու եմ այդ շրջանակէն, թողունք ա՛լ աւելի քաղցրագունէ մը, որ գրեթէ չորս տարի է կերազեմ։

Ա՛լ այսօր շնորհաւորական մաղթանքներս ստիպուած եմ նամակով ընել, պիտի չկրնամ համբուրել Ձեր սուրբ աջը. այդ որդիական համբոյրը նամակիս մէջ կը ծրարեմ։ Երախտագիտութեան թելադրութեան տակ կը մաղթեմ Ձեր անուան այս տօնը սկիզբը ըլլայ աւելի կատարեալ երջանկութեան եւ քաջողջութեան կեանքի մը ծփանքներու մէջ։ Գուցէ սովորական են այս մաղթանքները, բայց հազուագիւտ է անոնց անկեղծը։

Մեր արձակուրդն ալ սկսած է, որ կը տեւի 10-ը տասներկու օր։

Այս 12 օրը քիչ մը զուարճանալով, քիչ մը աշխատելով եւ եկեղեցի երթալով պիտի անցնենք, մաղթեցէք, որ երկրորդ եռամսեան աւելի յաջողութեամբ սկսինք եւ արդիւնաբեր ընենք մեզի։

Այսօր ամսոյս 25 ըլլալով, գրեթէ պատշաճ է ժամանակին Ձեզ ամսական հաշուեցուցակս ուղարկելու։

 

ֆրանք

սու

Ճաշ եւ սենեակ

72

դասագիրք եւ տիսփ

8

լուացք

2

10

կրծկալ մը

50

տետր, թուղթ, մատիտ եւ այլն

40

օճառ մը

25

նամակ, քարտ, եւ այլն

1

55

թատրոն

1

խզումն հերաց

50

(չեմ յիշեր ի՛նչ բանի)

30


 

 

86

60

Քովս կը մնայ գրեթէ երեք ու կէս ֆրանք, դիցուք թէ անկէ մի երկու ֆրանքը կ՚ուզեմ զգեստեղէնի պահել. այդ մասին եթէ ատենին 2-3 ֆրանք աւելցնելով այդ մասին քիչ գայ, մի ճար կը մտածեմ, տարին անգամ մը հօրմէս փոքր գումար մը եթէ ստանամ՝ խիստ ուրախ պիտի ըլլամ։ Ես միշտ երախտապարտ եմ Ձեզի եւ վարժարանին. այս եղածն ալ արդէն մեծ բարիք մըն է, հոգ չէ օրինադրուած բարիք մը։

Անցեալ օր թրքերէն լրագրի մը մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց, որ հոդտեղի օսմանեան [1 անընթ. ] սանիէ [1 անընթ. ] պատուանշան ստացեր է սուլթանէն։

Հրամանքնիդ անշուշտ լսած էք, [1 անընթ. ] ոչինչ կայ զարմանալու, բայց շատ բան ենթադրել կու տայ այդ. պատուանշանի դերը նշանակալից է թուրք քաղաքականութեան մէջ։

Թուրքիոյ գործերուն մէջ պատւուող պաշտօնեան աղտոտութեամբ ամենաաղտոտ պաշտօնեան է. վերապատուելի Հայր, ուշ դրէք, որ այդ վարձատրութեան պոչը վարժարանին չդիպչի: Վարժարան մը, վանք մը չլրտեսուի։

Մնամ սուրբ աջերնիդ համբուրելով եւ մաղթանքներով նոր տարուայ

Դ. Վարուժան