Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

16. ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆԻՆ

[5-7 յունուար, 1906, Կանտ]

Վերապատուելի մեծ Հայր,

Ձեր նամակին հետ ստացայ չէքը. առաջինը սրտիս ժպտեցաւ, երկրորդը` կացութեանս։ Ձեր ուղարկած 200 ֆրանքին կէսը ինծի կը յատկացնէք, այս անակնկալի մէջ միանգամայն կը գտնեմ Ձեր տեսչութիւնէն աւելի Ձեր հայրութիւնը։ Շնորհակալութեան համբոյրներս, որք այս անգամ Ձեզմէ օրհնութիւն խնդրելու տեղ իրենք զՁեզ կ՚օրհնեն որդիական մաղթանքներով։ Այլեւս բարեկեցիկ պիտի ապրիմ եւ հօրս քրտինքին արդիւնքը առանց կտրատելու իրեն պիտի թողում։ Որքան ուրախ, երախտապարտ պիտի ըլլամ եւ դիւրին պիտի գտնեմ զարգացման ամէն պայմանները։

Կը փափագիմ Ձեր նամակին երկարաւունին, որ մեծ աշխարհին մէջ քաջալերիչ եւ յուռթի պիտի ըլլայ։

Մեծ ցաւով կ՚ըսեմ, սիրելի Հայր, թէ Վանքը քերթուածներուս հրատարակութիւնն այլանդակեց. վերջերս տպարանապետէն նամակ մը ստացայ, նամակ՝ այնքան ջլատիչ, որ կարող էր ամէն բանաստեղծութիւն բանազեղծութեան փոխել. միայն քանի մը քերթուած («Գեղունիի» մէջ հրատարակածները) առանձին գիրք ըրեր են, որ հազիւ 50 էջ կ՚ըլլայ, արդէն պիտի ընեն 500 օրինակ, որուն 200-ը իրենք պիտի ծախեն իբր վարձք թուղթի եւ 300 օրինակը ինծի պիտի ղրկեն [1 անընթ. ] եւ նամակագիրը երկուքը մէյ մը կը կրկնէ, որ շնորհք մըն է, եւ խոժոռ խնդիրը, որ այդ նամակին պարունակութիւնը կը կազմէ կարճ եւ խոժոռ, ինչպէս ամէն [պատճառական] նամակներ։

Այս մասին խիստ սիրտս այրած է, եւ եթէ զայրանալու կէտ մը կայ, այն է, թէ կը յարձակուին ըսել, թէ շնորհք մըն է ըրածնին։

Տպագրութեան մէջէն ըրած իրենց աւելորդ թուղթի ծախքը կ՚առնէին առաւելաւն հանդերձ եւ արդէն ոտանաւորներուն մէկ քառորդը կ՚ընդունին, եւ դարձեալ շնորհք է եղեր։ Ես այս աճպարարութենէն բան չեմ հասկնար։ Բայց եղածը եղած է. եթէ մէկ ուրիշ մեծ ցաւ մըն ալ ունիմ, այն է, որ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին այդպէս փոքր եւ տժգոյն հատոր մը նուիրուեցաւ։

Ինչ որ է. այն բաց սրտով Ձեզ կ՚ըսեմ։ Այս ամէն բանի լաւ հատորի մը համար հոդ Ձեր տենչանքը այնքան ներդաշնակ կ՚ընկալուիր իմինիս, եւ միակ վկան էք այնքան տարիներու երազներուս եւ յոյսերուս։

Կը համբուրեմ Ձեր սուրբ աջը եւ կրկին շնորհակալութեամբ կը մնամ՝ մաղթանքով Ձե[զ] երկար կեանք եւ տոկունութիւն Ձեր ծանրագոյն աշխատանքին։

Դանիէլ Վարուժան

Յ. Գ.

Սիրելի Հայր

Գրիգոր եւ ես միասին մեր սենեակին [4 անընթ. ] խիստ դաժան է։ Տանտէրը կը թողու ահագին պարտք՝ խմելով եւ չաշխատելով. կու գան կը գրաւեն կարասիները. մենք ստիպուած եղանք յանկարծակիի եկած ահագին դժուարութեամբ երկու սենեակ գտնալ նոյն տան մէջ ալ. հասցէն կը գրեմ Ձեզ։

[Նոյն]