Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

36. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

17 մարտ, 1906, Կանտ

Սիրելի բարեկամ պ. Ա. Չօպանեան,

Ստացայ «Անահիտը», որ ինծի խիստ հաճելի ընթերցում մ՚եղաւ։ Շնորհակալութիւնս Ձեր բարեացակամ ազգին եւ այն մտադրութեան, որ «Սարսուռները» պիտի բնորոշէ։ Վանքէ՛ն ալ երկար գրախօսական մը պիտի ընեն ապահովապէս կամ մայիսի կամ յունիսի «Բազմավէպին» մէջ։

Գալով «Անահիտի», Ձեր Աբովեանի վրայ գրած խմբագրականը իրաւցնէ արժանի էր բանաստեղծին. ո՛չ ամբողջ, պիտի ըսէք, եթէ ութը տարի առաջ գրածնիդ (զոր շատ եւ մանրամասն կը յիշեմ կարդացած ըլլալս) չգար ամբողջացնելու անոր ամբողջ կազմուածքը՝ մինչեւ ամենանուրբ ջղերն ու ոսկըրները։ Եթէ Ձեզ հաւասար թափով կը սիրեմ Աբովեանը, իր ցոլացիկ հայութիւնն է՝ կրթուած ու եւրոպականացած կենդանացնող ոգիի մը շուրջը։ Ո՜ւր էր նաեւ տաճկահայերուս նոր գրականութիւնն ալ ունենար այդպէս հայադրոշմ հիմնադիր մը։ Մեր գրականութիւնը այլասերած է։ Ռուսահայերուն մէջ աւելի հայ տիպարներ պիտի գտնէք. քան տաճկահայերուս. մերինը այս տասնեակ տարիներու մէջ բոլորովին տժգունած է, գողթան երգերու, աշուղներու, Դուրեանի, Սրուանձտեանցի մէկ նշոյլն իսկ մնացած չէ։ Խորհրդապաշտ դպրոցի հարմարուելու ձկտում մը կայ՝ վերաչուական լոկ բառերով եւ բառերով ։

Իբր ասոր դեղթափ հիանալի էին այս վերջին տարիներուս մէջ Ձեր տուած արեւելեան էջերը։ Միտքը՝ եւրոպացի, բայց Սիրտը՝ հայ։ Գաղափարիս մէջ կ՚ընտրեմ Պայրընը կամ Նիցցէն, բայց արուեստիս մէջ կը նախընտրեմ Քուչա՜կը (իհարկէ աւելի սանտրուած եւ մաքուր)։ Ըստ իս միայն րոմանտիկ դպրոցն է, որուն սնունդը մեր ինքնատպութիւնը եւ հայութիւնը պիտի չեղծանէ։ Հիւկոյի մէջ բան մը կայ, որ արաբ է, արաբին մէջ՝ Նարեկացին, Նարեկացիին մէջ՝ հայը։

Պ. Հ. Թիրեաքեանի «Շահնամէի» այս մէկ կտորին թարգմանութիւնը ներդաշնակ գտայ, բայց քիչ մը շատ գրաբարախառն եւ թոյլ լեզուով. բայց պէտք չէ մոռնալ, որ արեւելեան լեզուներէն թարգմանելը աւելի դժուար է արեւմտեանէն։ Եթէ յիշեալ պարոնը «Շահնամէն» ամբողջապէս թարգմանէ՝ քիչ մ՚աւելի ջղուտ եւ մաքուր լեզուով՝ իրաւցնէ պատուաբեր եւ անմահանալի գործ մը արտադրած պիտի ըլլայ։ Ուղղաբերձ բազուկներով մեր Եւրոպա աղաղակելը շա՛տ լաւ, բայց քիչ մըն ալ մեզ եւ մեր դրացիները հարկ է ճանչնանք։

…Չմոռնամ ըսելու որ Barbier-ի «Jambes» [1] քերթուածները, եւ Hugo-ի «Châtiments»-ները [2] կարդացի. գրեթէ երկուքն ալ միեւնոյն բնադրոշմն ունին. ուժով են եւ աղուոր, ունին հեգնութեան մը խառնուած ցասոյթի, որուն խորը միշտ գութը կանգուն է։ Առաջինին մէջ հիանալի է «Curé»-ն [3], երկրորդին մէջ «Waterloo»-ն [4], եւ երկուքին մէջ՝ վսեմը ։

Արդեօք Միսկեւիչի գաղղիերէն թարգմանութեան մը հասցէն գիտէ՞ք, տեղեակ եմ, որ հոյակապ հանճար մըն է եւ կը փափաքիմ կարդալ։

Ձեզ կ՚ուղարկեմ քերթուած մը «Անահիտի» համար եւ խնդրելով Ձեր կարծիքը, կը մնամ սիրալիր ողջոյններով

Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան



[1] Բարբիէի «Յամբերը»։

[2] Հիւգոյի «Պատիժները»։

[3] «Կիւրէն»։

[4] «Վաթերլոօն»։