Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

37. [ԱՐՍԷՆ ՂԱԶԻԿԵԱՆԻՆ]

[20-22 մարտ, 1906, Կանտ. ]

[Հայր Արսէն Ղազիկեան]

Ձեր նամակը ստացայ. գօտեպնդող էր իր խրախուսանքը, քանի որ վարպետի մը գրչէն կը ցայտէր։ Ըրէք Ձեր դիտողութիւնները. երբ Ձեր լեզուին հիացող եմ՝ հլու եմ Ձեր քննադատութեան։

Իբր գրաբար գիրք «Իլիական» մը եւ «Աստուածաշունչ» մ՚ունիմ միայն։ Կը կ՚արդամ ա՛յն ժամերուն, երբ կը զգամ, թէ հոգիս պէտք ունի մրրկի. կրնայի իբր Զատկի ձօն, Ոլիմպոսի եւ Արնայի վարդերէն Ձեզ գոգ մը ուղարկել, եթէ արդէն անոնց քաղցր բեռը զձեզ չճնշէր։

Այո՛, «Բազմավէպ» կ՚առնեմ. դեռ ականջս է հայկական գոռ խրխինջը Գարտուչչիի նժոյգին։

Հիացումներ հանճարին եւ իր արժանաւոր Թորգոմայ թարգմանչին։

Զատկական բարեմաղթութիւններով

մնամ սրտայօդ ողջոյններով Ձերդ
. Վարուժան]