Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

104. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

6 յունուար, 1908, [Կանտ]

Դերենիկդ իմ,

Դուն տխուր՝ ես տխուր, ո՞վ պիտի մեզ մխիթարէ։ Բայց գոնէ դուն Նիրուանան ունիս, ես ատ ալ չունիմ։ Մինակ եմ, մինակ եմ, մինա՜կ, կը հասկնաս, solo e soletto [1] արցունքներուս հետ մինակ, երազներուս հետ մինակ, ամբողջ երկու տարի է, որ անձնասպանութեան գաղափարին հետ կ՚ապրիմ։ Կամաց-կամաց այս մտածումը ինծի կ՚ընտանենայ։ Ես ինծմէ կը սարսափիմ կոր Դերենիկ, ինչո՞ւ հոս չես կամ ես ինչո՞ւ միշտ Ձեր մէջ չեմ։ Դրամ չունիս, բայց սիրտ մ՚ունիս լայն եւ զուարթ։ Դո՛ւ կրնաս, Դերենիկ, համոզուած եմ, որ դու կրնաս զուարթօրէն տանիլ բախտին հարուածները եւ բոլոր այն բրտութիւնները, որ քեզի դէմ կը հանեն։ Իսկ ես չեմ կրնար, կը հասկնաս, կարող չեմ կրելու իմ այս սեփական կեանքս իսկ։ Մէկ կողմէն ապագան է, որ զիս կ՚ահաբեկէ, միւս կողմէն ձեռք մը սիրտս ամբողջ պատառ-պատառ ըրաւ եւ հեռացաւ. թողուց զիս մինակ։ Այստեղի հայերը հայ չեն, ո՛չ լեզուս, ո՛չ զգացումներս կը հասկնան. ռուսներու եւ պուլկարներու հետ խառնուած՝ խորթացած են։ Սրտի կծկումներս ու ձանձրոյթը փարատելու համար ժամանակ մը սկսայ չարաչար աշխատիլ, բայց զգացի, որ սիրտս կը տկարանայ եւ դժուար կը ներշնչէ. օրէօր կը զգամ իր հիւանդանալը. եթէ այդ միակ բանաստեղծութիւններուս աղբիւրն ալ ցամքի, քայքայուի՝ ես ի՞նչ պիտի ընեմ… Օ՛հ, եղբայր թողունք, տխուր է այս վարագոյրը բանալը։ Նոր տարին ես գէշ սկսայ, կը մաղթեմ, որ դու լաւ սկսիս եւ լաւ վերջացնես, նոյնը մաղթէ նաեւ մեր ընկերներուն։ Արամը, եթէ ժամանակ ունի, թող երբեմն գրէ, այդ ստոյիկը իմ վրայ միշտ ուրախ ազդեցութիւն թողած է։ Գրէ դու ալ. ես նամակէդ գոհ մնացի, ամբողջ սիրտդ հոն էր, ու ես քու վշտերուդ հետ վշտացայ։ Այստեղի ռուսահայերէն յոյսդ կտրէ։ Socioloque-ին մէջ մաս մը կայ որ գեղարուեստին հետ կապ ունի, լաւ է կարդայ։ Ես համոզուած եմ որ Պազարճեանը քեզ կրնայ օգնել, բայց ինչո՛ւ չի ըներ, դա մի տեսակ մարդ է։

«Արմենուհին» անունով վիպերգ մը գրեցի մինչ ցարդ գրածներուս գլուխգործոցը «Տոնելէն» ընդարձակ, օր մը կը կարդաս։

«Ռազմիկին» մէջ ձեր տղոց դէմ գրողը եթէ ուսանող մըն է, իրաւի բաւական լղրճուկութիւն է ըրածը։

Քոյդ
Դ. Վարուժան



[1] Միս-մենակ: