Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

107. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

11 փետր., 1908, Կանտ

Սիրելի Դերենիկդ իմ,

Քարտդ երբ ստացայ, «ցնցղատապէ» մը կը տանջուէի, որ բաւական ժամանակ կուրծքս չարչարեց։ Չես կրնար երեւակայել Ձեր հրաւէրը զիս որչա՛փ ուրախացուց եւ որչա՛փ տրտմեցուց՝ չկրնալ ընկերներս եւ Թորինը վայելելուս համար։ Շնորհակալ եմ քեզի, շնորհակալ եմ նաեւ բոլոր ընկերաց, որոնք այնքա՜ն ազնուօրէն փափաքեցան մէնամոլ մը իրենց ժպիտներուն մասնակից ընել։ Դերենիկդ իմ, դու իմ տեղս վայելէ Թորինը, քու սիրտդ որչա՛փ տխուր ալ ըլլայ՝ ուրախութեան ճառագայթներէն շուտ կը տաքնայ։ Ապագային համար այնքա՛ն աշխատութիւններ ունիմ, քերթողական այնքա՛ն գեղեցիկ ծրագիր, զոր գործադրելու համար նիւթական ուժս կը պակսի։ Սիրտս օրէօր կը տկարանայ եւ կարողութիւն չունի զգացումներուս խրոխտութիւնն երգելու. ան հարիւր տարեկան ջութակի մը պէս օր մը պիտի փշրուի, եւ իր վերջին երգը ո՛չ ոք պիտի լսէ։ Ի՛նչ կ՚ընես արդ։ Վայելէ դերասանները, «Nave»-ն [1] այդտեղ ներկայացուցի՞ն։ Տ՚Անունցիօն մեծ է, Դերենիկդ իմ, գեղեցիկ է Գաբրիէլը։ Անցեալ օր հայրս լրագրին մէջ յօդուած մը տուեր էր, կարդացի, ուրախացայ, հայրս ինծմէ լաւ կը գրէ, եթէ մինչ ցարդ քովն ըլլայի գուցէ այսչափ տխուր չէի ըլլար ու աւելի կը ներշնչուէի։ Դու կը գրե՞ս։ Դու կրնաս ճիւղ մ՚ընտրել եւ ուսումնասիրութիւններ գրել, ա՜հ եթէ քովդ ըլլայի՝ դու սրտիս օգտակար կ՚ըլլայիր, ես ալ գրիչդ դէպի ասպարէզ կը մղէի։ Բարեւներ ըրէ Արամին, ինչպէս նաեւ բոլոր ընկերներուն։ Գրէ, թէ քանի հոգի էք հոդ. որո՞նք կան։ Marguerita-ին յարգական ողջոյններ։ Ցտեսութիւն լաւագոյն աստղերու տակ։ Համբոյրներով քուկդ

Դանիէլ Վարուժան

Յ. Գ. Բացի տկարութենէս, 8 օր միայն արձակուրդ ունինք, որ անկարելի կ՚ըլլայ Ձեր հրաւէրն ընդունելու։



[1] Շոգենաւ: