Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

108. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

3 մարտ, 1908, Կանտ

Դերենիկդ իմ,

Նամակդ ստացայ։ Ընկերնուդ եւ ընկերացս հաւաքական համակրանքներուն նոյն ջերմութեամբ կը պատասխանեմ։ Այս ամառ շատ ապահով չէ որ Կանտէն շարժուիմ, ունենալով 9 նիւթ քննութիւն։ Գուցէ հոկտեմբերին յետաձգեմ՝ ժամանակի անբաւականութեան պատճառաւ։ Թող թէ ալ այս անգամ դրամի նեղութիւն ալ կայ, զոր եթէ լուսանի աչքերով ալ փնտռեմ անկարելի է գտնել։ Տ՚Ամիչիսի մահը զիս տխրեցուց. շատ ճշդութեամբ կ՚ըսես, թէ ան «բարի մարդն» է, թող թէ բանաստեղծ մը անհրաժեշտ է, որ բարի ըլլայ։ «Ջարդերէն» մաս մը ղրկուեցաւ Հայաստան՝ գաղտնի ճանապարհով, ահա ինչ որ զիս է՛ն շատ ուրախացուց այս ամբողջ ձմռան մէջ։ Կը ղրկեմ բարերար փափաքիդ համեմատ 20 օրինակ անկէ, որպէսզի ուղարկես Եգիպտոս։ Գրէ՛, որ ամէն ջանք չխնայեն տարածելու համար։ Ձեր վերջի պատասխանը «Ռազմիկի» մէջ Հայրերուն դէմ բաւական քաջ եւ գեղեցիկ էր, նաեւ զուարճալի ալ էր։ Բայց կը ցաւիմ, որ Ձեզմէ բաժնուելէս ի վեր դեռ Ձեր ներկայ վիճակին վրայ ոեւէ տեղեկութիւն մը չտուիր։ Այս անգամ չուզեցի իմ ցաւերէս քեզ պատմել։ Համբոյր մը քեզ սրտի շրթունքէս: Սիրալիր բարեւներս ընկերաց։

Միշտ քոյդ՝
Դ. Վարուժան

Ուրախ եմ տեսնելով յարումդ արուեստին։ Որպէսզի այդ մասին լաւ քննադատ մը ըլլալու պատրաստուիս, կարդայ անպատճառ Taine-ը, վերջերս Péladan հրատարակած է Vinci-ի գրածներէն թարգմանութիւն մը, կարդացի շատ հետաքրքրական է։ Ի՛նչ լայն միտք։