Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

115. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

3 յուլիս, 1908, Կանտ

Սիրելի Դերենիկ,

Այն աստիճան հապճեպով եկուր-եկուր ըսիր, որ ընելիքս ալ շուարեցայ։ Քիչ մը կեցիր, կամաց-կամաց։ Բոթիններս շալկելով միայն չըլլար, պէտք է զանոնք նորոգել տալ։ Մէկ խօսքով դեռ քիչ մըն ալ սպասէ. տասնհինգ օրէն վերջնական պատասխանս կու տամ. արդ միայն այդտեղ գալուս հաւանակութիւնը կայ։ Կ՚ուզե՞ս ինծի լաւագոյն ընդունելութիւն ընել հիմակւնէ գաւաթ մը գինի, դերձակուհի մը եւ տ՚Անունցիոյին մէկ գիրքը պատրաստէ։ Եթէ ուրախ ըլլամ՝ կ՚ուրախանանք։ Վասնզի մինչեւ ներքին զուարթութիւնը չունենամ, ընդունայն [են] արուեստական միջոցները։ Անցեալ տարի Թորինոյ զիս ներշնչեց, այնպէս որ երբ Կանտ վերադարձայ՝ զգացի, որ քնարիս վրայ իտալական շնորհակալի եւ voluptueux [1] թրթռումը աւելցած էր։ Թորինօ քաղքին նկատմամբ ինչ որ կարօտցած եմ Տեօքմեճեանի սենեակին տեսարանն է, իրօք հրաշալի էր։ Մէկ խօսքով ցտեսութիւն Դերենիկդ իմ։ Արամը թող քիչ մըն ալ սպասէ իր քրմային լռութեանը մէջ։ Բարեւներս բոլորիդ ։ Քարտիս պատասխանէ եւ վերջին պատասխանիս սպասէ։

Քոյդ համբոյրով
Դանիէլ



[1] Հեշտալի: