Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

118. [ԱԹԱՆԱՍ ՏԻՐՈՅԵԱՆԻՆ]

[8-10 օգոստոս, 1908, Թորին]

Վերապատուելի Հայր,

Ձեր նամակը ստացայ. բարեկամ, ինչո՞ւ խնդիրը կ՚երկընցնէք. ես չեմ թոյլատրեր, որ ինծի հետ երկար-բարակ խաղ ընէք։ Դուք նախկին քարտուղարն էք Ուսումնական խորհրդին եւ Դուք պարտական էք նամակս պէտք եղած տեղը յանձնելու. որպէսզի ես չստիպուիմ ուրիշ մը գրելու. ուրիշներու վէրքերուն հոտը շատ ախորժելի չէ իմ ռունգերուս։ Եթէ գիտնայի, որ Դուք Ձեր պաշտօնին մէջ չէք՝ իհարկէ Ձեզի չէի գրեր։ Եթէ այս մասին այդչափ բծախնդիր էք՝ լրագիրներու մէջ հրատարակեցէք(!), թէ Դուք այլեւս քարտուղար չէք, ուրիշներուն գրեր էք եղեր զայդ եթէ մեզի յայտնեն՝ կը լսենք, իսկ եթէ չէ՝ ո՞ր մատերնիս պէտք է հոտոտենք ատոր համար։ Ձեր պատասխանը տրամաբանական չէ. անձնաւորութիւն մը մարմնոյ մը անուամբ կը գործէ՝ իր պաշտօնէն ելլելէ անմիջապէս վերջ կ՚ընդունի նամակ մը նոյն մարմնոյն ներկայացնելու համար. պէ՞տք է որ այդ նամակը իր սեփական թղթապանակին մէջ պահէ անշուշտ ո՛չ։ Այլ ստիպեալ է իր յաջորդին յանձնելու, եթէ այդ անձը իր գործելակերպերուն մէջ կ՚ուզէ տրամադրութիւն դնել եւ ուրիշի գործերուն մէջ անպատեհութիւններ չծագեցնել։ Իսկ ինչ որ կը վերաբերի հոս մեր պահանջը ընդունելու կամ չընդունելու՝ ատիկա սատանան գիտէ. շնորհակալ ենք Ձեր կարծիքէն։

Դուք ալ ըմբռնած էք այս լոյսի պէս յայտնի խնդիրը, թէ այդ նամակը անձնաւորութեան մը միջոցով Մարմնոյ մը կ՚ուղղուի, որուն անդամները կրնան միշտ փոխուիլ, բայց իր անունը իր նպատակին վրայ հիմնուած հիմնադրութիւնէն սկսեալ մինչեւ իր վերջնական լուծումը Suite [1] մը կը կազմէ հետեւաբար խնդրենք նամակը պէտք եղած տեղը յանձնեցէք։ Ես դատի կրնամ կանչել այնինչ թերթի խմբագիրը, որուն տեղ ուրիշ մը կ՚անցնի եւ, այդ փոփոխութիւնը՝ առանց դեռ ծանուցուած ըլլալու, ես իրեն իմ բաժնեգինս կը ղրկեմ եւ ինք յաջորդ խմբագրին չի փոխանցեր այդ գումարը։

Գանք Ձեր նամակին ուրիշ մասերուն։ Դուք կ՚ըսէք, թէ իմ նամակիս մէջ իրողութիւններու այլայլութիւնք կան, բայց ո՞ւր կը կայանայ այդ այլայլութիւնքը, Դուք չէք ըսեր, վասնզի Ձեր արժանապատւութիւնը կը վախնայ այդ տխուր խնդիրներուն մօտենալու։

Աւելի պարզենք խնդիրը, որ երկու կէտի մէջ կը կայանայ Դերենիկը արժանի՞ էր թէ չէ ուսանող ըլլալու, եթէ արժանի էր, ինչո՞ւ ուսանողութենէ զրկուեցաւ. եթէ արժանիք ունի եւ չեղաւ՝ այդ կը ցուցանէ, թէ Ուսումնական խորհրդին անդամները (եւ տխուր է, որ ինծի այսպէս բացատրութիւններու կ՚առաջնորդէք եւ դեռ աւելին ալ ըսել կու տաք) արդ՝ Ձեր բառով, Ուսումնական խորհրդի անդամները ոչ թէ բանջարանոցի դդումներ են, այլ բանջարանոցի եղիճներն են, վասնզի համոզուած եմ, որ մինչ ցայսօր գործուած զեղծումները գիտակցութեամբ է, որ կը գործուին։

Ուրեմն շատ առաջ չերթանք, այս հարցումը կ՚ուղղեմ Ձեզի… Դերենիկը արժանի՞ էր ուսանող ըլլալու թէ չէ։

Ո՞չ… ապացուցէք այն ատեն (եթէ Դերենիկը ինքը կ՚ուզէ)։

Այո՞… ուրեմն ինչու զինքը անգթօրէն առիք դուրս նետեցիք. ոճիր չէ՞ ասիկա, ոճիր է այս, եւ կը զարմանամ թէ Հայր Աթանաս մ՚է դէմինս, որ այդ ոճիրը փէշերով ծածկել կը ջանայ։ Դարձեալ կը կրկնեմ՝ ինչո՞ւ դուրս նետեցիք, երբ անդին իրենց խաղցած խաղէն վերջ ամբողջ բանակով աւելի նուազ արժանաւորներ ուսանողներ եղան (եւ այս մուր քսել չէ՛, այս փաստ է, զոր խոհեմութեան համար է, որ կը լռեմ)։

Այստեղ կէտ մը կայ, ուր իմ նամակս սխալ հասկցեր էք կամ խեղաթիւրել ուզեր էք. ես կ՚ըսեմ, թէ այդ բանակը ուսանող եղած է Դերենիկը ուսանողութենէ զրկելէ վերջ։ Հետեւաբար, ինչպէ՞ս զիս այդ բանակին մէջ կը դասէք, երբ ես տարի մը առաջ է, որ ուսանող եղեր եմ։ Անգամ մը նամակս կարդացէք, իրարու նամակներ հասկնալու ջանանք։

Յետոյ ըսել, թէ ես զմէկը կամ զոմանս մրոտել կը ջանամ, ասիկա, այնպէս ամբաստանութիւն մըն էր, որ Ձեր ճակտին վրայ յաւիտենական աղտ մը պիտի մնայ, որ Ձեր կեանքին մէջ ըրած բոլոր պատարագնիդ պիտի չի կրնան մաքրել։ Մենք քահանայ չենք, բայց լաւ գիտցէք, որ մենք աւելի բարոյական զգացում ունինք։ Ես ոչ մէկու անուն տուեր եմ իմ նամակիս մէջ եւ ոչ իսկ բնորոշող ակնարկութիւն մ՚ըրեր եմ, եւ դեռ ոչ մէկը չհամարձակիք ըսել։ Վարժարանի ամբողջ որդնոտած միջավայրէն այս տեսակէտով եւ այնքան խնդիրներու մէջ այնքան մաքուր դուրս ելլելէ վերջ։ Դուք այսօր աճպարարութեամբ ինծի այսպէ՞ս պիտի ըսէք եղեր։ Կէտ մը կայ, որուն մէջ միայն պարծենալու մխիթարանքն ունիմ, եւ այդ ալ կու գաք ահա Դուք ինձմէ գողնալ, շնորհակալ եմ։

Ո՛չ, բարեկամ, ես մուր քսելու կարող չեմ, այլ արդէն մրոտածները ցոյց տալու, իսկ ատոր ալ ժամանակը կայ։

Իսկ ինչ որ կը վերաբերի, թէ Դերենիկէն աւելի նուազ արժանիքով ուսանողներ եղած են՝ այդ միշտ պիտի կրկնեմ, բայց ես չեմ նշանակեր «զմէկը կամ զոմանս», վասնզի այդ պարագային կ՚ըլլայ միայն ամբաստանութիւն։

Դուք կ՚ուզէք, որ այդ անարժաններուն անունները տամ. ես չեմ գիտեր, թէ այդ պարագային մեզմէ որը՞ կ՚ըլլանք ամենավատ գործ գործողը։

Այդ ընթացքով, երբ կարելի է ուրիշներուն դրապէս վնաս հասցնեմ կամ Ձեր բամբասանքներուն ենթարկուիմ, գիտնալով որ օր մը կարող էք այդպիսիներուն հետ նիզակակցիլ ինծի դէմ։

Ես քովս Ձեզմէ գրուած նամակներ ունիմ, որոնց մէջ Դուք Վանքին մէջ էնթրիկներ գործողներու վրայ կը քալէք առանց անոնց անունները տալու։ Արդ այս պարագայիս մէջ Դուք մրոտող, ամբաստանող է՞ք. անշուշտ ոչ։ Այլ կերպով Ձեր ցաւը կը յայտնէք եւ ազատ հակակրութիւն մը։

Դուք անոնց անունները կը լռէք իբրեւ խոհեմութիւն։ Ինչպէ՞ս կ՚ուզէք, որ ես Ձեզմէ աւելի միամիտ ըլլամ՝ ուրիշները յականէ յանուանէ բերան տալով։ Իմ ամէն կարողութիւններովս պիտի կռուիմ Մուրատ-Ռափայէլեանի պատւոյն համար, բայց ոչ զեղծումի խեղճ գործիքներուն դէմ, այլ նոյն զեղծարարներուն դէմ։ Դուք Ձեր նամակին մէջ objective [2] կերպով մը կը պաշտպանէք, թէ աշակերտ մը ուսանող ըլլալէ վերջ, եթէ յաջողութիւն չունենայ՝ կը կտրուի թոշակեն։ Ո՛չ, ուսանողութիւնը միշտ փորձաքար չէ, այլ աշակերտութիւնը, եթէ այդ այդպէս է, անխտիր ամէն աշակերտ ուսանող ըրէք։ Այն ատեն իր բնական հետեւանքով Դերենիկ մը իր յաջողութենէն վերջ ուսանող պահեցէք։ Բայց Դուք այդ բանը չէք ըներ։ Դուք Ձեր փեշերուն տակը չապաստանողները. favori [3] անուան չարժանացողները երկու կրունկով կը ճզմէք եւ վերջն ալ առանց խպնելու գթութեան, հայրութեան, արդարութեան ախոյեաններ կը կանգնիք, տգեղ է եւ ծիծաղելի։

Դեռ՝ այն Ուսումնական ժողովը, որուն վրայ է մեր խօսքը, Ձեր ըսածին համեմատ, ամէն խնդրոյ մէջ ալ իր եօթն անձերով չէ խորհրդածած եւ վճիռ չէ արձակած՝ գէթ Դերենիկին պատկանող հարցին մէջ. վասնզի յիշեալ պարոնը ինծի կը հաւաստէ. թէ իր խնդիրը ժողովին չէք ներկայացուցած, այլ օր մը պարտէզին գեղածիծաղ ծառերուն տակ, բնութեան գեղեցկութենէն արբշիռ Դուք ինքնիդ, մինակ, կտրեր ձեւեր էք իր ապագան, երիտասարդի մը ապագան, եւ կրկնած էք քանիցս անգամ, թէ «ճանըմ Ուսումնական ժողով կ՚ըսենք, կ՚երթանք, Ուսումնական ժողովը ես եւ Հայր Սարգիսեանն ենք։» Անդամներու այս ցաւալի սղագրութիւնը կը հասկցնէք իհարկէ բարոյապէս, առանց քաշուելու, թէ ըրածնիդ կամայականութիւն է եւ դիկտատորութիւն։ «Ով բուսականութեան եղիճք եւ դդումք ի բանջարանոցս»։

Դեռ՝ Դերենիկին նամակին մէջ կը թուէք քանի մը ուսանողներ եւ կ՚ըսէք, թէ ատոնք ուսանող եղած են բացառիկ դրամով բացառի՜կ դրամով. ի՞նչ է այդ բացառիկ դրամը, Մուրատ-Ռափայէլեանի դրամը չէ՞ այդ։ Բացառիկ դրա՜մ։ Այս բառը շատեր պիտի խնդացնէ եւ շատեր պիտի զայրացնէ։ Ո՛չ, մեր գլխուն աւետարան մի կարդաք։

Հայր, մենք լաւ գիտենք, թէ այդ բացառիկ բառը դիմակ մըն է ոեւէ զեղծումներ ծածկելու համար իր ներքեւ, եւ ես կը զարմանամ եւ ես կը ցաւիմ, որ այս ոճով մտածող եւ գործողը Ցեցերու հեղինակն է, զոր օր մը չարամիտ յարձակումներու դէմ այնքան պատանեկան խանդավառութեամբ անվախօրէն կը պաշտպանէիք որդնոտած միջավայրին մէջ։

Կը վերջացնեմ եւ կը յայտարարեմ թէ անիրաւութիւն պիտի ըլլայ Դերենիկի խնդրին դեռ աւելի վնաս հասցնել՝ իմ նամակներուն պարունակած յարձակողական գաղափարներուն պատճառաւ։ Իմ «Կամբաստանեմս» ես եմ, որ կ՚ստորագրեմ։ Եւ եթէ դեռ հարկ ըլլայ պիտի ստորագրեմ այլեւս տարբեր կրկէսի մէջ։

Ձերդ բարեւներով
. Վարուժան]



[1] Շարունակութիւն, շարք։

[2] Անկողմնապահ։

[3] Սիրելի, սիրեցեալ։