Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

129. ՍԻՄՈՆ ԵՐԵՄԵԱՆԻՆ

13 փետրուար, 1909, Կանտ

Սիրելի հայր Ս. Երեմ[եան]

Գեղեցիկ քարտերնիդ ընդունեցայ եւ իբրեւ նոր զարդ մը զետեղեցի գեղարուեստական ալպոմիս մէջ։ Լռելը մոռնալ չէ միշտ։

Հին բարեկամները շատ բան չեն ունենար իրարու ըսելու։ Շնորհակալ եմ Ձեր խրախուսիչ տողերուն, ես միշտ վստահ եղած եմ Ձեր համակրութեան վրայ, որ ինծի համար թանկագին է։ «Դաշինքի» նկատմամբ Ձեր յայտնած փափաքը կը ջանամ կատարել հազիւ թէ առիթը ներկայանայ։ Արդեօք ի՛նչ կուսակցական ուղղութիւն պիտի ունենայ այդ թերթը։

Կեանքը կը մօտենայ, եւ մօտ եմ իմ ուժերուս հետ առանձին մնալու։ Լոկ գրականութեամբ չկրնալ ապրիլը ինծի խոր տրտմութիւն կը պատճառէ։

Արդեօք ո՞ւր կը գրէք եւ ի՞նչ ծածկանուան տակ, եթէ գիտնամ զայդ, աւելի հոգեւին կը հետապնդեմ Ձեր գողտր գրիչը։ Ընդունեցէք կարօտագին յարգանքներս

Ձերդ՝ Դանիէլ Վարուժան