Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

137. ԼԵՒՈՆ ԷՍԱՃԱՆԵԱՆԻՆ

[Մայիս, 1909, Կանտ]

Սիրելի քնարակից

Լեւոն Էսաճանեան,

Ձեր նամակը եւ գիրը ստացայ. խորապէս շնորհակալ եմ ինծի ըրած ընծայականներուդ։ Ձեր «Այրած քնարը» Արաբիոյ խանձած բուրումներով բոլորովին տոգորուն էր։ Հայրենի աւերակներէն նոր դուրս ելած մարդու կը նմանէիք. Ձեր քղամիդին ծայրերը այրած էին, եւ մազերնուդ մէջէն մոխիր կը վտակուէր։ Ընդունեցէք հիացումս. այս բառը մեր ամէն նոր բանաստեղծներուն չեմ համարձակիր ըսելու՝ վայրկեան մը վերջը չզղջալու համար։ Համակրութիւնը, որ մէջս ծնած է Ձեզ հանդէպ, «Ազդակի» մէջ կարդացած մէկ քերթուածներէդ կ՚սկսի նախ. Ձեր տաղանդը ինծի շատ մտերիմ կը թուի. չգիտեմ ինչու համար երկու եղբայրներ, որ իրարու չեն նմանիր, բայց եղբայրներ են վերջապէս։ Ահա առնչութիւնը, զոր մեր մէջ կը գտնեմ։ Դեռ Ձեր գիրքը չստացած՝ կ՚ուզէի Ձեզի նամակ մը գրել. մտադրութիւն մը, որ զբաղումներս չթողուցին որ իրագործուի նոյնիսկ այս նամակովս ալ երկար պիտի ըլլայ ամէն ինչ ըսել, որ կը վերաբերի Ձեզի. մատնանշել, թէ տաղանդներուդ ո՛ր կէտերն են (հաւատացէք որ շատ են այդ կէտերը եւ տիրական), զոր ես անխառն զմայլանքով կը սիրեմ. յետոյ Ձեզի դիտել տալ կ՚ուզէի արուեստի եւ մանաւանդ լեզուի քանի մը աններդաշնակութիւններ, որոնք ճիշդ է, Ձեր թռիչքը չեն կասեցներ, բայց շատ մը չքնաղ պատկերներ եւ իրական զգացումներ կը բծաւորեն եւ մութի մէջ կը թողուն։ Փնտռուած եւ իրական պատկերներ իրարու հետ պէտք չէ շփոթել։ Իբրեւ օրինակ մը, եթէ կ՚ուզէք՝ ըսեմ, թէ Ձեր «Այրած քնարին» 15-րդ տան վերջին տողերը կարծէք թէ կը պարունակեն բռնի պատկերներ. իսկ ընդհակառակը (օրինակի համար) հետեւեալ տողը որքա՜ն ճշմարիտ է իր ինքնուրոյնութեան մէջ, որքա՜ն թարմ ու գեղեցիկ.

Աղաւնի մը կըմպէ անոր քարին վրայ խո՜ր փորուած
«Աստ հանգչիի» գրախորշին մէջ հաւաքուած ջուրերէն։

Սիրելի քերթող, չկարծէք որ իբր քննադատութիւն կ՚ըսեմ. Ձեր տաղանդը սաստիկ սիրելուս կը բաղձամ զայն Միքէլ Անճելոյի մը ձեռքէն ելած մարմարի մը նման անբիծ ու կատարեալ տեսնել։ Պոլսոյ նոր գրողներուն մէջ հազիւ 3-4 հոգի կայ, որոնց բանաստեղծութեան վրայ խոր հաւատք ունենամ։ Դուք մէկն էք անոնցմէ, որուն ճակտին վրայ արեւը իր մէկ ճառագայթով «գեղեցկութեան քուրմ» գրած է. զոհեցէք Ձեր սիրտը ժողովուրդին համար. այդ է Ձեր պաշտօնը. մի՜շտ յաջողութիւն։

Ըլլա՛յ Ձեր արուեստին, ըլլա՛յ գրական վարդապետութիւններու մասին, մանրամասն խօսիլ երկար պիտի ըլլայ նամակով ու գրեթէ անկարելի է։ Այս ամառ շատ կարելի է Պոլիս կու գամ. այն ատեն ինծի քաղցր է Ձեզ գտնել ու ունենալ հետերնիդ կարծիքներու ու ճաշակներու փոխանցում։ Առայժմ այսքանը ըսեմ, թէ միշտ անտրամաբան գտած եմ գրական դպրոցներու բաժանումը. ըստ իս, գեղեցիկը դպրոց չունի. գեղեցկութիւնը բազմանկիւն հատուածակողմ մըն է. մեծ արուեստագէտին հոգին վերէն ուղղահայեաց նայող արեւու պէս այդ բիւրեղէ հատուածակողմին ամէն անկիւններէն շողեր կ՚արձակէ։ Եթէ գեղեցիկը արտայայտելու տարբեր ձեւերուն մէջ կը կայանայ գեղարուեստական դպրոցները՝ ես կարծեմ, թէ բնութեան եւ հոգւոյն գեղեցկութիւնները մէկ կերպով ճշգրտօրէն կարտայայտուին զանոնք նկատել ինչպէս որ են ։ Իրապաշտ գուցէ կոչէք զիս. կ՚ընդունիմ. բայց իրապաշտութիւնը գեղեցկութեան հասնելու ամենէն ուղիղ գիծն է։ Իրապաշտութեան մէջ պէտք է փնտռել բոլոր միւս դպրոցները, որոնք իր ստորաբաժանումներն են լոկ. բնութիւնը իր խորհրդաւորութիւնները ունի, իր անսանձ մրրիկները ունի, կամ իր միջօրէի արեւուն միակտուր խաղաղութիւնը. ասոնք փոխնիփոխ նկարելով ինչպէս որ են, ինչպէ՛ս որ մեր հոգիին վրայ փոխնիփոխ կը ցոլան, մենք փոխնիփոխ կ՚ըլլանք խորհրդապաշտ, րոմանդիկ, դասական. հետեւաբար գեղեցկութիւնը անթերի արտադրելու համար ես պիտի սիրէի տալ այս բոլորը միանգամայն, բնութիւնը՝ ինչ որ է եւ ինչպէս որ է, մէկ քերթուածի, մէկ տունի, նոյնիսկ մէկ տողի մէջ՝ մերթ ըլլալով, միեւնոյն անգամ, դասական եւ խորհրդապաշտ, րոմանդիկ եւ գաղափարապաշտ։ Ահա թէ ինչո՛ւ համար իրապաշտութիւնը յատուկ դպրոց մը ընդունիլը ծիծաղելի կը թուի ինծի. իսկ զայն չընդունիլը, ընդունելով միայն իր ստորաբաժանումները՝ արուեստի սեղմում, շունչի դիւրանուաղում։ Երկարեցի նամակս. բայց զայն վերջացնելէ առաջ պարտք կը համարեմ շնորհակալ ըլլալու Ձեզ քանի մը ոտանաւորներուս վրայ Ձեր տուած տեղեկութիւններուն համար։ Կը տեսնեմ, որ Ձեր մէջ միայն եղբայրակից մը գտած չեմ, այլ եղբայր մըն ալ։

Դանիէլ Վարուժան