Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

144. ՆՇԱՆ ՏԷՐ-ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻՆ

12 սեպտ., 1909, Բրգնիկ

Սիրելի Նշան,

Որչա՜փ տխրեցայ մնաս բարովի վերջին համբոյրս չկըրնալ տալու համար։ Քաջառողջ հասած եմ տեղս։ Զգացած ուրախութիւններս, հայրենիի հողին առթած բերկրանքը անկարելի է մելանով գրել եւ սրտիդ մէջ հոսեցնել։ Սեբաստիոյ երիտասարդութիւնը լաւ ընդունելութիւն ըրաւ ինձ։ Անպատճառ իրենց մէջ պաշտօնի մը կ՚ուզեն տեսնել զիս. այս մասին, թող թէ դեռ կը գրեմ քեզ։ Այժմ՝ ցտեսութիւն։ Բարեւներս չմոռնաս ազնիւ մայրիկին, նոյնքան ազնիւ օրիորդ Բրաբիոնին եւ պարոն Նոյիկին եւ Պատրիկին եւ նորօրինակ Նորայրին եւ նորալեզու Արմէնուշին։ Օր մը Նորայրին շատ մը փուլ պիտի ղրկեմ։ Տոքթոր Պազարճիին հասցէն տուր ինձ։ Գրէ՛։

Քոյդ սիրով
Դանիէլ

Պ. Գարապաճագին բարեւներ։