Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

146. ԳԱՌՆԻԿ ԳԼԸՃԵԱՆԻՆ

5 դեկտ., 1909, Սւազ

[Սիրելի Գառնիկ],

Վերջին նամակդ ընդունեցայ երբ արդէն քարտ մը գրեր էի, զոր ըրած եմ poste Restante [1], գնա՛ ա՛ռ։

Ուրախ եմ որ Կանտ ես եւ միւզիքին կը հետեւիս, այլեւս խաբէ՛, խաբէ՛, խաբելը բռնութենէն լաւագոյն է։

Քարտերդ ներփակ առի. Հիանալի՜ են։ Շատ շնորհակալ եմ. անհամբեր կը սպասեմ միւսներուն. ուրիշներուն չտաս։ Հաւատա՛, որ ոչ մէկը ինծի չափ զանոնք կը ճաշակէ։

Սիրելի Գառնիկ, քարտերը, զոր ներփակ կ՚ուղարկեմ. խնդրեմ յանձնէ տէրերուն։

Ամենէն լաւ բարեկամդ Վանտեւելտը պիտի ըլլայ, միշտ սիրէ զինքը եւ գործածել գիտցիր, արդէն մարդ գործածել դուն ինձմէ լաւ գիտես. ես որ ջղային մ՚էի եւ շուտով կը վիրաւորէի մարդ մը։

Հայ ընկերներու մէջ յարմար մարդ պիտի չգտնիս. ուռած տիկի չափ եսասէր են, կե՜ղծ եւ կոպի՜տ։

Բայց ներէ՛, հայ են։

Սիրելի Գառնիկ, արդէն քարտիս մէջ գրած եմ, որ թէ 70 թէ 50 ֆրանք ստացած է։

Խնդրեմ իմ հաշւոյս սա գիրքը շուտով գլխու վրայ ղրկէ ինծի. “Droit constitutionnel général par proffess. Pyphrou” [2] եթէ գրքին իսկական վերնագիրը այդ չէ, բայց պարունակութիւնը այդ է, որ է ըսել զանազան երկիրներու սահմանադրութիւնները կուսումնասիրէ. իսկ հեղինակն ալ Gand-ի մէկ վարժապետն է, որ մէկ տարի առաջ մեռաւ։

Pirenne-ին ըսես եթէ, ան կը գտնէ։

Vandeveld-ին ըսէ, որ Economie Politique-ի [3] տետրակները հոս ինծի շատ պէտք պիտի ըլլան. արդեօք ի՞նչ փոխարէն կ՚ուզէ, ինծի ղրկելու համար։ Պատրաստ եմ ամէն գնով ունենալ զանոնք։ Մանրամասն ըսէ այս առաջարկներս։ Ուրիշ խնդիր մ՚ալ, գլուխդ պիտի ուռեցնէ. Գառնիկ, եթէ ամէն օր «Matin» կը կարդաս, շատ կը խնդրեմ երկու կամ երեք օրուանը միասին ղրկես, ես ալ ամէն ջանք կ՚ընեմ քեզ ուրիշ լրագիրներ ղրկել. օրինակի համար «Ազատամարտ», «Ազդակը» դադրեցուցին, շատ բաց ունէր։

Գրքիս 6 ֆոռման տպուած է. կը սպասեմ լրանալուն. լուրերդ միւզիքի մասին տուր, վարժապետ գտա՞ր։

Սիրալիր համբոյրներով։

Քոյդ
Դանիէլ Վարուժան



[1] Ցպահանջ։

[2] Սահմանադրական ընդհանուր իրաւունք. պրոֆ. Պիպրուքսի։

[3] Քաղաքատնտեսութիւն