Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

156. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՔԱՍԳԱՆՏԻԼԵԱՆԻՆ

[27/9 օգոստոս], 1910, Սուազ

Սիրելի Հայր,

(Արիստ. վարդապետ Քասգանտիլեան),

Ասկէ առաջ Ձեզի նամակ մը գրած ու խնդրած էի, որ պ. Յովհաննէս Սլիկեան երիտասարդը ընդունուի Քաղկեդոնի Մխիթարեան վարժարանին մէջ՝ ի շարս ձրիավարժ աշակերտներուն։ Ինչպէս նախապէս ըսած էի, երիտասարդը յանձնարարելի է թէ՛ իր բարքով եւ թէ իր ուսանելու կարողութեամբ եւ տենչերով. կը կրկնեմ նոյնը եւ կը խնդրեմ այս մասին վստահ ըլլաք եւ գրէք Ձեր նպաստաւոր պատասխանը, որուն անհամբեր կը սպասենք։

Մեծ յոյսով եւ անջնջելի յարգանքներով Ձերդ խոնարհ

Դ. Վարուժան

Հասցէս. Ազգ. Արամեան վարժ., Դ. Վարուժան, Սուազ։

Յ. Գ. Չմոռնամ երկրորդելու, որ յիշեալ պարոնին գիշերօթիկ տղոց շարքին մէջ ընդունուելն է մեր գլխաւոր բաղձանքը։

Նոյն