Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

168. [«ՀՈՂ-ԴԱՐԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ]

[25-30 մարտ, 1911, Սեբաստիա]

«Հող-Դարի» կը յանձնարարեմ այս քերթուածը, զոր խպնոտ ձեռքով մը ինծի ներկայացուց նորըծայ քերթողը։ Մասուրի վարդ մը, որ բուրաստանի մը զարդը պիտի ըլլայ արուեստի պատուաստումով։ Բնածին տաղանդի մը հեռանկարը կայ հոն։ Այժմէն իսկ կ՚արժէ կարդալ զայն, եթէ կ՚ուզէք աւելին ըսեմ՝ կ՚արժէ նուագել լուսնին տակ, սազի վրայ։

Դ. Վարուժան