Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

170. ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻՆ

6 յունիս, 1911, Սուազ, Բրգնիկ

Սիրելի

պր. Մերուժան Պարսամեան,

Ընդունեցայ Ձեր Anthologie-ի հարցարանը եւ վերջին նամակը, որուն մէջ կը յայտնէք թէ գրական-գեղարուեստական հանդէսի մը հրատարակման պիտի ձեռնարկէք։ Երկուքն ալ սիրելի են ինծի, եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ։

Թոյլ տուէք ըսել, թէ հանդէսին առանց փոխարինութեան պիտի չկրնամ աշխատիլ՝ բարոյական ու նիւթական պատճառներով։ Ոչ թէ Ձեր հանդէսին միայն՝ այլ ամէն հանդէսի եւ թերթի։ Այս որոշումս կը խնդրեմ, մանաւանդ կը պահանջեմ, որ արդարացնէք իբրեւ գրչի եղբայր մը, որ նոյն ճակատագիրն ունի։ Չէ՞ որ կարեւոր պահանջ մըն է՝ քերթողներու նիւթական ազատագրումն ալ իր իսկ աստիճանին մէջ. առ այս ներողութի՜ւն։

Կը պատասխանեմ Ձեր հարցարանին.

Ծնած եմ 1884-ին։ Բրգնիկ ուռինազարդ գիւղին մէջ։ Հայրս կամաւոր որբ մ՚ըրած է մանկութիւնս՝ պանդխտելով Պոլիս, եւ իմ նորածին գիտակցութիւնս մելամաղձիկ բողբոջում մը ունեցած է դաշտերուն եւ հովերուն մէջ թափառելով եւ լսելով դիւային հեքիաթներ ձմրան իրիկունները թոնիրին շուրթը։ 1896-ին կոտորածի օրերուն, մօրս հետ գացած ենք Պոլիս։ Հոն նախ յաճախած եմ Սագըզ Աղաճի Մխիթարեան դըպրոցը, յետոյ Քաղկեդոնի համանուն վարժարանը։ Հոն ճանչըցած եմ Դուրեանի գործը եւ ազդուած Մօտայի ծովակէն։ Արձակուրդի օրերուն Խաւեար խանի մէջ, ուր հայրս ծառայած է, կենակցած եմ հայ պանդուխտներու հետ եւ արտասուած անոնց վիճակին վրայ։ Այդ շրջանին բանաստեղծութիւնը ծլարձակած է մէջս, եւ կը յիշեմ ցոյց տուած ըլլալ մերթ տրտում ու մերթ ջղագրգիռ խառնուածք մը։ Առաջին երգերս սէր եղած են. քաջալերուած եւ սրբագրուած Քաղկեդոնի տեսուչէս՝ Հայր՝ Արիստ. Քասգանտիլեանէ. այդ երգերը մինչ ցարդ կը պահուին թուղթերուս մէջ դալկացած, անարեւ բոյսերու պէս։

1902-ին կը ղրկուիմ Վենետիկ՝ Մուրատ-Ռափայէլեան։ Ալիշանի աճիւնները դեռ թարմ էին. կը համբուրեմ զանոնք եւ կը կարդամ իր գործը։ Հոն կը սիրեմ նկարչութիւնը՝ առանց վրձին գործածել գիտնալու։ Կը զգամ, թէ Վենետիկը կը գունագեղէ հոգիս. հոն առանց պատկերի անկարելի կ՚ըլլայ ինծի խորհիլն իսկ։ Արուեստս փրկուած է։ 1905-ին զիս Պելճիքա՝ Կանտ գործաւորական քաղաքը կ՚ուղարկին։ Կը նուիրուիմ ժամանակ մը քերթողութեանս՝ վնասելու աստիճան համալսարանի քաղաքական եւ տնտեսական գիտութիւններու ճիւղին։ Օսմ. սահմանադրութեան երկրորդ տարին լիսանսիէի վկայականով կը վերադառնամ Վենետիկ, ուր Ալիշանի շիրմին վրայ իբրեւ երախտագիտութիւն կը զետեղեմ պսակ մը ջուրի եւ հողի ծաղիկներով հիւսուած եւ լուսնի ու մատաղ քերթողին արտօսրերով օծուած։ 1909-ին արդէն Բրգնիկ եմ, կարօտեալ ծննդավայրս, ուր ահա կը գտնուիմ երկու տարուոյ չափ՝ նուիրուած աւելի ժողովուրդին, քան թէ Արուեստին։ Գիւղէն ժամ մը հեռու է Սեբաստիան, եւ ամէն օր կ՚երթամ հոն՝ Ազգ. Արամեան վարժարանին մէջ ընելով ուսուցչութիւն հայերէն ու ֆրանսերէն լեզուներու եւ տնտեսական ու սահմանադրական գիտութիւններուն։ Ամենէն աւելի վրաս ազդած են Վենետիկ եւ Ֆլանտրան, մին՝ իր գոյներով ու միւսը՝ իր իրապաշտ վարպետներով եւ բանուորական եռուզեռով։

2. Երկասիրութիւններս են. «Սարսուռներ» (Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1905). «Ջարդը» առանձին տետրակով (Փարիզ, հրատարակութիւն «Անահիտի», 1906). «Ցեղին սիրտը» (Կ. Պոլիս, 1909, հրատարակութիւն «Արծիւ» գրավաճառանոցի)։

3. Թերթերու աշխատակցութիւն. «Բազմավէպ», «Անահիտ», «Շիրակ», «Ռազմիկ», «Ազդակ», «Ազատամարտ», «Հող-Դար» եւ այլն։

4. Հրատարակելի գործեր. «Հեթանոս երգեր», «Հացին երգը», «Դիւցազնավէպեր»

5. Ծածկանուն. Վարուժան։

Յ. Գ. Կը խնդրեմ Anthologie-ին մէջ ինձմէ ի՛նչ կտորներ որ դնել ուզէք նախապէս ինծի յայտնէք, կը փափաքիմ, որ այդ կտորներու ընտրութիւնը իրարու հետ համախոհութեամբ ընենք։ Կը ցաւիմ ըսել, թէ քովս լուսանկար մնացած չէ։ Այս տարուան Թէոդիկի տարեցոյցէն կամ «Գեղունիէն» եթէ առնէք՝ ի՞նչպէս կ՚ըլլայ։

Մնամ սիրալիր բարեւներով
Դ. Վարուժան