Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

172. ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻՆ

3 յուլիս, 1911, Բրգնիկ

Ընդունեցայ «Շանթը», ինչպէս նաեւ նամակնիդ։ Կիսամսեան յաջող է, մաքուր եւ բաւական ընդարձակ։ Ամենէն աւելի գովելին՝ իր մէջ ճանչցուած եւ կարող գրիչներ ունենալն է, շաւի՛ղ մը, ուրկէ կը մաղթեմ, որ միշտ ընթանայ։ Պատկերներէն ամենէն յաջողը Էտկառ Շահինինն է, իր ուսումնասիրութեամբ Ատրուշանի կողմանէ. բախտ մըն է Էտ. Շահինէն քանի մը գիծ հրապարակելը։ Կը շնորհաւորեմ եւ կը մաղթեմ Ձեր այդ աղուոր կիսամսեային երկար կեանք։

…Նախ «Գեղեցկութեան արձանը» հրատարակեցէ՛ք «Շանթի» մէջ։ Մի՛ մեղադրէք, որ այդքան կարեւորութիւն կ՚ընծայեմ այդ հնչակին, պատճառը նախ՝ չտպագրուած ըլլալն է, երկրորդ՝ յաւակնութիւնն ունիմ անոր մէջ դրած ըլլալ արուեստ եւ միտք, երկուքն ալ բիւրեղացած իմ արիւնովս՝ այդ քանի մը տուներուն մէջ։ Գալով վարձատրութեան խնդրին, համեստ կը գտնէ՞ք, եթէ ըսեմ, թէ քերթուածի մը համար (մեծ թէ փոքր) որոշած եմ կէս օսմ[անեան] ոսկի, իսկ էթիւտի կամ դիւցազնավէպի մը համար՝ մէկ օսմ. ոսկի։ Թերեւս «Գեղեցկութեան արձանս» այդ վարձատրութեան համար փոքրիկ գտնէք. բայց չեմ տարակուսիր նաեւ, որ աւելի որակը կ՚որոնէք, քան աւելորդ մրոտումները։

…Իմ նախընտրութիւննե՞րս։ «Ցեղին սիրտէն»՝ «Թիապարտները», «Յաղթողը» եւ «Դիւցազնի մը սուրինը»՝ հետեւեալ սրբագրութեամբ. 4-րդ տունին 4-րդ տողին մէջ փոխանակ խաչելու ՝ պիտի ըլլայ խազերու. 7-րդ տունին 1-րդ տողին մէջ փոխանակ ոճիրի ՝ պիտի ըլլայ ոճիրէ ։ Յետոյ «Խաբուած կոյսերը», զոր «Ազատամարտ» իր այս տարուան Ամանորի բացառիկին մէջ հրատարակեց։

Ընդունեցէ՛ք սիրալիր բարեւներս Ձեզ եւ Ձեր Մուսային։

. Վարուժան]