Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

187. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

[Սեպտ. ] 26/9 հոկտ., 1913, [Պոլիս]

Սիրելի բարեկամ,

«Արձակ բանաստեղծութիւն» ֆրանսերէն հատորնիդ ստացայ եւ խորին ուշադրութեամբ կարդացի։ Անոնցմէ մաս մը թէպէտեւ անծանօթ չէին ինծի համար, սակայն ֆրանսերէն լեզուով՝ տարբեր հրապոյրով մը կը ներկայանային մտքիս։ Ցեղին գոհարներուն հետ, երբ Ձերիններն ալ երբեմն միացուցած՝ կը զարդարէք համամարդկային քաղաքակրթութեան ծիրանիին մէկ մասը՝ կատարած կ՚ըլլաք ամբողջ ազգին յարգանքին ու երախտիքին արժանի գործ մը։ Այս տեսակէտով Ձեր ուղղութիւնն ու գործունէութեան սկիզբէն ի վեր ամենէն գովելին, խրոխտը եւ ազնուականը եղաւ, որուն համար անգամ մը եւս կու գամ հիացումս յայտնել եւ ուղարկել շնորհակալութիւնս Ձեր այդ վերջին հատորին ընծայման համար։

Կը կցեմ նամակիս անկեղծ ու լայն խանդաղատանքս Ձեզ հանդէպ։       

Միշտ սիրով
Դ. Վարուժան