Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

188. ԱՒԵՏԻՍ ԷԺՏԱՀԱՐԻՆ

9 հոկտեմբեր, 1913, Բերա

ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
Բերա, Եէշիլ փողոց, թիւ 1

Սիրելի Աւետիս,

Ստացայ աղուոր ընծայականդ, որուն համար կը յայտնեմ ջերմ շնորհակալութիւնս։

Ուրախ եմ, որ այդտեղ կրցար հաստատուիլ եւ կը յուսամ, որ երջանիկ ես եւ ապագայ մըն ալ կը պատրաստես։ Դուն միշտ մեր յիշողութեան մէջ ես՝ իբրեւ ազնիւ, սիրելի ընկեր եւ պատուաբեր հայ երիտասարդ։

Փիլիպոսը այս արձակուրդին Եւդոկիա գնաց։ Ձերինները շատ աղէկ են եղեր, որոնցմէ անշուշտ նամակ կ՚առնես։ Արաքսին եւ պզտիկներս ջերմապէս կը բարեւեն քեզ։

Ընդունէ անշէջ սէրս
Դանիէլ Վարուժան