Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

189. ՆԵՐՍԷՍ ԽԻՒՏԱՒԵՐՏԵԱՆԻՆ

18/31 հոկտ., 1913, Բերա

ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
Բերա, Եէշիլ փողոց, թիւ 1

Մեծարգոյ Ներսէս էֆ. Խիւտաւերտեան,

Ուսումնարանիս տնօրէնութիւնը եւ աշակերտութիւնը իրենց ջերմ շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Ձեր այն պատրաստակամ ջանքերուն համար, որով կրցաք կարճ ժամանակի մէջ այնքան սիրուն երգեր ուսուցանել աշակերտս Մեծ Յոբելեաններուն առթիւ կազմուած մեր հանդէսին համար։

Ես ալ անձամբ յայտնելով իմ շնորհակալութիւնս, մնամ սիրալիր բարեւներով՝ Դ. Վարուժան