Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՒԱՆԴԻՆ ՍՐԻՆԳԸ

Գլուխըս իր ծունկին վըրայ՝

Կը մըտմըտամ.

Սըրինգ մ՚հեռուն կը հեկեկայ

Ցաւ մը տարտամ…

 

«Հիւա՜նդ է, չէ՞»,

Կը հարցնէ, շըրթունքն այտիս.

«Շա՜տ կը տանջէ,

Այս իրիկուն, ան իմ հոգիս… »

 

Շըրթունքն այտիս՝ կը լըռէ նա.

Ես կը խոկամ.

Յանկարծ արցունք մ՚իրմէ կ՚իյնայ.

Կը հեկեկա՜մ… ։