Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԸ ՁԻՒՆԷ

Հոգիս կէս-գիշե՛ր մ՚է ձմեռնային,

Ուրկէ տակաւին երկինք կը նային

Հիւանդ ու անտէր

Քանի մը լապտեր…

 

Բայց ալ կը ձիւնէ՜ ճամբուն վրայ Յոյսին,

Ուր հոգի տուող սէրեր կը մըսին։

Սեւ ճամբորդ մ՚հեռուէն

Կու գայ յամրօրէն… ։