Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՅՈԳՆՈՒԹԻՒՆ

Թախիծ մ՚անհուն

Մըտածումիս մէջ կը սուզի այս գիշեր…

Այս իրիկուն,

Վարդերուն վրայ, արտասուքս ի՜նչ անոյշ էր…

 

Կը քընանան

Սէրերս, յոգնած, Պատրանքի մե՜ծ լըճին վրայ…

Մութ, անսահման

Հըպարտութիւն մ՚անոնց վերեւ կ՚աղեղնայ…

 

Ժըպտով մը լայն

Կը մտածեմ երազներուն ու կեանքին…

Հո՜վը աշնան.

Դուրսը, մութին, ծառերն հարկաւ կը կըքին…

 

Անո՜ւրջ, անո՜ւրջ.

Աստղե՛րն էին որ մտածումս կ՚օրրէին…

Լամբարիս շուրջ

Ցայգաթիթե՜ռ մ՚ունիմ հիմա լոկ մըթին… ։