Երազի պէս մութ գիշեր մ՚էր,
Երբ զայն գըտայ բաղեղին քով՝
Աչքերը լի նուաղանքով…
Ու հովն ունէր ոսկի ծամե՛ր…
Ու կարծես թէ բաղեղն ի վար
Անբաւութի՜ւն մը կը հեւար…
Երազի պէս մութ գիշեր մ՚էր…
Չունե՞ք հաշիւ` գրանցուէք