Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՃԱՄԲՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ՔՈՅՐԵՐԸ

Գիտե՞ս, որքա՜ն հեռուներէն

Քեզի եկայ…

Գիտե՞ս, որքա՜ն երկարօրէն,

Այդ հեռակայ

Ճամբուն վըրայ,

Տառապեր եմ, արիւնելով,

Կարծես քալեր եմ դարերո՜վ…

 

Ու հիմա

Ալ եկա՜յ

Մարգարիտ

Հոգիիդ…

 

Ու հիմա

Ճամբուս վրայ

Ժըպտելէն

Կը քալեն

Երկու քոյրեր թեւ թեւի-

Հաւատքն ու Յոյսն են երեւի… ։