Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՄԱ…

Հոգիս առաջ

Երբ դեռ հառաչ

Ու տրտունջնե՜ր

Միայն ունէր՝

Ես կը զգայի— սաստիկ տըրտում—

Անյուսութիւն մ՚անապատում,

Երբ մայրամուտն սկըսէր…

Ահ, ամէն սէր

Որ հոգիիս մէջ անդալար

Դեռ կու լար՝

Կը բերէր միշտ

Անհուն վիշտ…

Ու յանձնելով աչքերս մըթին՝

Լուսամուտի մը երկաթին,

Կը խորհէի մըռայլօրէն

Թէ նորէ՛ն

Տըժգոյն Վաղը, ցուրտ, անգորով,

Իր շըպարուած շրթներով,

Պիտի դընէր զիս իր տափա՛կ

Համբոյրին տակ…

Եւ կ՚ուզէի՜ որ աչքերուս մէջ մըթին՝

Յանկարծ կաթին

Ժահրերն այդ ցուրտ երկաթին…

Հիմա՞, հիմա՞…

Հոգիիս վրայ

Անըրջահեւ ծիածաննե՜ր կը կամարուին,

Թէեւ մըթին

Մայրամուտ և ահա նորէն…

Եւ ալեւոր ճամբաներէն

Մինչ կը մարի

Լոյսը բարի

Կ՚անցնիմ հովի՜ պէս թեթեւ…

Ու իղձն անհուն կ՚առնէ թեւ

Երթալո՜ւ, երթալո՜ւ,

Քիչ հեռու

Հոն՝ ուր Նա

Կ՚ունենայ

Այս պահուն

Ճըշդիւ նո՛յն

Իղձն անհուն,

Ու գունա՜տ

Կ՚ըլլայ շատ…

 

Ու մըթագնող ճամբաներէն

Ուր ստուերներ երազօրէն

Քերթուածն իրենց ծագող լուսնին կը փըռեն

Մինչ ես կ՚երթամ՝

Գինով, տարտամ՝

Այդ մեկին

Էակին՝

Յուզումս այնչա՜փ

Կ՚ըլլայ անչափ

Որ յանձնելով նորէն աչքերըս մթին

Ծեր լապտերի մ՚երկաթին՝

Րոպէ մը լուռ կը մընամ

Ու կու լամ…

Ահ, արցունքնե՜րն այդ աղուոր…

Ես լըսած չեմ այդքան խոր

Ոչ մէկ նուագ՝ երբ անոնք լուռ կը կաթին

Այդ կիսափուլ լապտերին…

Ու կը խորհիմ, ու կը խորհիմ թէ նորէ՛ն,

Յաւերժութեան խորերէն,

Պայծառ Վաղը, իր բըռնկա՜ծ շրթներով,

Կեանքի մեծ Երգն երգելով՝

Պիտի առնէ զիս իր յըստա՜կ

Համբոյրին տակ… ։