Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐՕՐԷՆ ԵՐԱԶ

Այս իրիկուն, ես ո՛չ մէկուն պիտի ցոյց տամ

Իմ այս տարտամ

Աչքերուս մէջ նուաղկոտող երազն անհուն

Իմ տենչերուն…

 

Այս իրիկուն,

Ես ո՛չ մէկուն

Պիտի ըսեմ թէ կը սիրեմ ահա նորէն

Անհունօրէն

Լեյլաներու գիշերային ստուերին տակ,

Աչքերըս փակ,

Նըստիլ երկա՜ր ու մըտմըտալ…

Ու հովի՜ն տալ

Խուլ կարօտներս անհունի՝

Պաղատելով որ տանի

Անո՜ր, Անո՜ր…

 

Ահ, ո՜րքան նոր

Ճամբայ մ՚ունիմ առջեւս հիմա.

Անոր վըրայ

Ամէն գիշեր

Հոգիս աւեր

Կ՚երթայ համբո՛յր մ՚առնելու մեծ աստղերէն՝

Որոնք վերէն

Լուռ կը ծորեն

Նո՜ր բոցերով Արշալոյսի մ՚հաւատքն յըստակ

Լեյլաներու գիշերային ստուերին տակ…

 

Ու ես նորէն, ու ես նորէն,

Խաղաղօրէն,

Լեյլաներու գիշերային ստուերին տակ

Կը նըստիմ լուռ, աչքերըս փակ,

Մըտմըտալու…

Ու խենդացող հովին տալու

Իմ տարօրէն կարօտներըս անհունի՝

Պաղատելով որ տանի

Անո՜ր, Անո՜ր…

 

Այս իրիկուն,

Ես ո՛չ մէկուն

Պիտի ըսեմ

Թէ կը սպասեմ՝

Քրիստոսի՜ մը հաւատքով

Հոգիս գինով՝

Նոր բոցերով Արշալոյսին…

Անոր յակինթ շողերն արդէն կ՚առուահոսին՝

Յըստակ, յըստակ՝

Լեյլաներու գիշերային ստուերին տակ…

 

Այս իրիկուն, ես ո՛չ մէկուն պիտի ցոյց տամ

Իմ այս տարտամ

Աչքերուս մէջ նուաղկոտող երազն անհուն

Իմ տենչերուն…

 

Ինչու որ շա՜տ ես կը վախնամ

Թէ կ՚արթննամ

Այս մեծ, շըքեղ ու տարօրէն

Իմ երազէն… ։