Կեանքի եւ մահուան երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՅՐԱՄՈՒՏԻ ԿՈՅՍԵՐԸ ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑԻ ՀՈԳԻԻՆ

I

Խո՜ր երազի պահեր կան՝

Իրիկունները աշնան՝

Երբ կը զգաս թէ յանկարծ խուցըդ կը մըտնէ

Հոգի մ՚աղուոր - ու ամէն բան կը մըթնէ...

II

Ու կը նըստիս անոր հետ լուռ, քովէ քով,

Կամ կը պատմես, վըշտէդ տըժգոյն, արցունքո՜վ,

Կործանումներն հընօրեայ,

Եւ ան քեզի հետ կու լայ...

 

Յետոյ երկա՜ր, երկա՜ր ատեն կը լըռես.

Ան՝ միշտ քեզի կը նայի, մութ, տրտմերես,

Դուրսը տակաւ կը շատնան

Հռընդիւնները աշնան...

 

Օ՜ ըլլալ լո՜ւռ հոգիի մ՚հետ ու մինակ

Որ գիտէ՛ քեզ աւերակ առ աւերակ...

Սենեակին մէջ ամէն դի

Շիթ շիթ արցունք կը կաթի...

 

Յանկարծ կը զգաս թէ շըրթունքներ ճակատէդ

Կ՚ընեն Գիշերն ու Մորմոքումը անհետ...

Ա՛լ չես լըսեր ոչ մէկ ձայն,

Կը լըսես Ձա՜յնը միայն...

III

Օ՜ այդ Ձա՜յնը։ Նո՛յնքան հիւանդ ու մըթին,

Որքան նուագն այն անծանօթ Սրինգին

Զոր երազ էր ես երկար,

Երբ Հոգիդ վիշտ մ՚ունենար...

 

Ալ քեզ այնպէ՛ս կը թուի թէ, յամրօրէն,

Կը սահիս վար մութ ջուրերու վրայէն...

Ու մոռնալով կեանքը սին՝

Կը շնչես խունկն այդ կոյսին...

 

Ու հոգիիդ վիհերէն դո՛ւրս կը թափին

Հոն թաքնուած մութ մութ վարդերն Ըղձանքին...

Կը գինովնա՜ս պերճօրէն՝

Աստուածային այդ բոյրէն...

 

Ու հոգիիդ մըշուշներէն կ՚երեւին

Ծիածաններն երազուած մե՜ծ Արեւին...

Այդ լոյսին տակ, սուրբի պէս,

Ծունկի կու գաս, կ՚աղօթես...

IV

Յետոյ, ժըպտով մ՚ընտանի,

Այդ քոյրն անոյշ կը մեկնի։

Ի զո՜ւր մութին մէջ կը ձայնես ետեւէն.

Մայրամուտի կոյսերն այդքա՜ն կը տեւեն... ։