Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՆԱՐԲՈՒՔ

Լեցո՛ւր բաժակը՝ խըմե՛մ

Գինին անո՜յշ հեշտանքին.

Ալ կը ծաղրե՛մ այս կեանքին

Սըրբութիւնները դըշխեմ։

 

Լեցո՛ւր բաժակը՝ խըմե՛մ

Գինին կախա՛րդ հեշտանքին,

Այսքան ցաւով՝ երկընքին

Ինչպէ՜ս ճամբան ես գըտնեմ։

 

Լեցո՛ւր բաժակը՝ խըմե՛մ

Գինին բոսո՜ր հեշտանքին.

Կ՚ուզեմ հո՜ւրը դժոխքին,

Ալ լուսնի լոյսն ի՛նչ ընեմ։

 

Լեցո՛ւր բաժակը՝ խըմե՛մ

Գինին պղտոր հեշտանքին.

Քիչ մ՚ալ այս մութ վայրէջքին

Ծով-ծով խռովքը փորձեմ... ։

 

Լեցո՛ւր բաժակը՝ խմե՛մ

Գինին հարո՜ւստ հեշտանքին.

Գինով ըլլամ ու կեանքին

Անմըտութիւնը երգեմ... ։

 

Լեցո՛ւր, լեցո՛ւր որ խըմեմ.

ՄԱ՛ՀՆ է ահա աչքիս դէմ... ։