Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԼԵՌՆԵՐՆ ԻՄ ԵՐԱԶԻՍ

Հոգիս գրկած թեւերուս մէջ, ձեզի՛ կու գամ,

Ձեզի՝ լեռներն իմ երազիս, նո՛ր երազիս.

Հոգիս պճնած գեղեցկութեան շքեղանքով՝

Ձեզի՜, լեռներն իմ երազիս, ձեզի՜ կու գամ... ։

 

Տեսէ՛ք ինչպէս բեռնաւորուած եմ գանձերով.

- Աստղերու խոր անդորրութիւնն աչքերուս մէջ,

Դէմքիս վրայ ազնուական թախիծը լուռ վիշտերուն,

Հպարտ ու ցուրտ ճակտիս մթին ծալքերն ի վար՝

Մահուան խորհուրդը հեշտանքի մը պէս փռուած,

Տիեզերքը հեգնել գիտցող պզտիկ ժպիտ մ՚ալ շրթունքիս,

Ահա, ա՛յսպէս կու գամ ձեզի՜... ։

 

Լո՜ւռ վիշտերէն ծիւրած տժգոյն այտերով,

Հին երազիս գիշերի գոյն աւերակներն հոգիիս մէջ,

Բայց աստղերուն անդորրութիւնը աչքերուս՝

Ահա ա՛յսպէս կու գամ ձեզի,

Ձեզի՝ լեռներն իմ երազիս, նո՛ր երազիս,

Թեւերուս մէջ գրկած հոգիս... ։

 

Ի՜նչ հեշտութիւն եւ այս փռուած՝ ճամբուդ վրայ.

Կողերդ ի վեր կը մագլցիմ առանց հեւքի,

Մայրամուտի թէ՛ լոյս թէ՛ մութ շողերուն մէջ կարծես հալած...

Հոգի՜, հոգի՜ եմ համակ,

Կամ մեղեդի մը ներդաշնակ՝

Որ երկրէն   վեր, վե՛ր աստղերուն կը ձգտի՜...

  Ինչքա՜ն հեռու են, ինչքա՜ն օտար, ինչքա՜ն վար՝

Հողն ու դողը աշխարհի...

 

Շշուկ մը իսկ չի հասնիր հոս, վարի հսկայ ժխորէն,

Այնքա՜ն վե՛րն եմ...

Բայց դեռ այնքա՜ն, այնքա՜ն վե՛րն է

Վարդագոյն ձիւնը կատարիդ, ո՜ բարձունքն իմ երազիս,

Նո՜ր երազիս... ։