Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՏԷՐ ՀԻՒՂԱԿ

Աստղ մը միայն կը ժպտէր

Դեռ գիշերին մէջ խաւար.

Ցոլք մը միայն կը դողար

Հիւղին համար այդ անտէր... ։

 

Մութը հիմա կը ծածկէ

Հէք լուսամուտն հիւղակին,

Գուրգուրացող ո՜չ մէկ կին

Բաց դուռն անոր կը փակէ... ։