Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԿՈՍ ԱՂԲՕՐ ՍԷՐԸ

Մարկոս աղբարը խեղճ մարդ մըն էր. վաթսուն տարու ըլլալու էր. իրեն ըսածին նայելով բախտաւոր մէկն եղած էր անցեալին, բայց ձախողութիւններ այդ վիճակին մէջ ձգած էին զինքը: Ուսկի՞ց կ՚ուգար, ո՛չ ոք գիտէր. օրին մեկը երեւան ելած էր յանկարծ եւ անոր ասոր աղաչած էր, որ մանր մունր ծառայութիւններ ընել տան իրեն տուներու մէջ, անօթի չի մեռնելու համար: Քիչ մը խենթուկ էր եւ ծայրայեղապէս դիւրահաւան: Եւ սկսած էր տուները մտնել ելնել, ջուր կրելով, տախտակ սրբելով ու աւլելով, բեռ կրելով: Թաղին կիներն ու աղջիկները հետը կ՚իյնային կատակներ ընելով անոր ու ծաղրելով զայն. կ՚երեւայ թէ Մարկոս աղբար, չդժկամելէ զատ, հաճոյք կը զգար գողտրիկ սեռին այդ մտերմութենէն. շատ անգամ ինք գրգիռ կուտար, խօսք կը նետէր, շեղակի խօլ ակնարկ մը սեւեռելով աղջկան մը կամ կնոջ մը դէմքին. ընդհանուր ծիծաղ մը առաջ կուգար այն ատեն որո՛ւն ինքն ալ կը մասնակցէր դիւային քրքիջով մը: Առտուներն այդ փողոցը երեւալուն պէս, տանց պատուհաններէ տղայք, աղջկունք, կանայք «բարի լո՜յս, Մարկոս աղբար» կը պոռային, որոց կը պատասխանէր գլխի շարժումներով, այլանդակ ծամածռութիւններով, ծիծաղաշարժ ծեքծեքումներով. վայրկեան մը ետքը նորէն կ՚երեւար, այս անգամ ձեռքը դոյլեր բռնած, զորս լեցնելու կը տանէր. չարաճճի տղաքներ երբեմն կից մը զարնելով կը թափէին ջուրը, որով խեղճ մարդը կը պարտաւորէր ետ դառնալ եւ նորէն լեցունել, քանի մը յիշոցնէր մրմռալով: Իրիկունները, օրուան մէջ չարաչար աշխատելէ ետք, կը հանգստանար տան մը դրան առջեւ նստելով. եւ այն ատեն կը շրջապատուէր փողոցի փոքրիկ աղջիկներէն, որք կը ճլուըլային անոր բոլորտիքը, կը քրքջէին, կը կատակէին, ֆէսէն կը քաշէին, քիթին կը զարնէին, պեխը կը փրցնէին, իրենց այդ չարիքին մէջ իսկ չարաճճի պչրանք մը ցոյց տալով այդ ողորմուկ մարդուն:

Ինծի կ՚առնե՞ս, Մարկոս աղբար.

Չէ՛, ինծի պիտի առնէ.

Չըլլար, ես կ՚ուզեմ.

Ամենէդ աւելի ինծի կը սիրէ…

Եւ խեղճ ապուշը շուարած, սա պատասխանը միայն ունէր այդ յաչաղկոտ պահանջումներուն.

Ամէնդ ա՛, ամէնդ ա՛ կ՚առնեմ:

Այն ատեն տեսնելու բան էր դէմքին արտայայտութիւնը. մոլորահայեաց աչուըներուն մէջ ըղձատենչ հուր մը կը շողար, դիմագծերը մեղկութիւն մը կը շնչէին, շուրթերը, զզուելի լորձնոտ շուրթերը կը բացուէին տեսակ մը հեշտախօսութիւն բուրելով. եւ այն աստիճան կը գրգռէին, կը կատղեցնէին զայն, որ ա՛լ համբերութիւնը հատնելով, մարած զգայնութեան մը յանկարծական բորբոքման մէջ, կ՚երկնցնէր ձեռներն եւ որու որ հանդիպէր կը քաշէր իրեն եւ այն գարշելի շուրթերով տափակ համբոյր մը կը փակցունէր վարդերանգ դէմքի մը վրայ, եւ ապա թող կուտար:

Մարկոս աղբար ամենէն աւելի կը յաճախէր Գոհարիկ հանըմին տունը, հինգ հոգիէ բաղկացեալ դիւրակեաց ընտանիք մը, մայր մը, երկու աղջիկներ, մանչ զաւակ մը ու պառաւ մամիկ մը:

Մեծ աղջիկը, օրիորդ Սուրբիկը, անուշ սեւ աչուըներով, սպիտակ մորթով, թուխ յօնքերով, տասնեւութ տարեկան էր, իսկ միւսը տակաւին հազիւ տասը տարու կար: Մանչը քսան տարու երիտասարդ մըն էր` հանգուցեալ հօրն յաջորդած անոր վաճառատան մէջ: Ուրախ զուարթ ընտանի՛ք մըն էր, իր զուարճութեան գլխաւոր առարկան ունենալով Մարկոս աղբարը:

Օրիորդ Սուրբիկ, կնոջական կանխահաս բնազդներով ու պչրանքով տոգորուած աղջիկ մը, անսահման ազդեցութիւն կը բանեցնէր Մարկոս աղբօր վրայ, գրգռիչ ակնարկներ ուղղելով նմա, լեցուն կլորիկ արմունկները ցուցնելով անոր, հեռուէ հեռու նշանացի խօսքեր արտասանելով իբր ճշմարիտ սիրուհի, ուրիշներուն ուսին վրայէն աչք քթթելով, վերջապէս ի գործ դնելով այն ամէն միջոցները, որք կարենային խեղճ ապուշը կաշկանդել, սիրտը թունդ հանել ու թրթռացնել ապարդիւն ու պատիր սիրոյ մը բոցերուն մատնելով զայն: Ցորեկները, առտնին գործերն աւարտելէ ետք, դրացի կիները կուգային կը ժողվուէին անոնց տունը, կը կանչէին Մարկոս աղբարն ալ, որ չորս ոտքով կը վազէր կուգար, Սուրբիկ միշտ քովը կը նստէր անուշահոտ իւղեր քսած, որք կը գինովցունէին խեղճ ապուշը: Ձեր երեւակայութեանը կը թողում գուշակել, թէ ինչե՜ր կ՚անցնին կը դառնան վեց-եօթը չարամիտ կանանց գումարման մը մէջ, ուր էրիկ մարդ մը կը գտնուի միս-մինակ, խենդ, ապուշ, աղքատ. Մարկոս աղբար, ա՛լ շուարած շլմորած, անոնց ամէն մէկուն երեսը կը նայէր կարգ ըստ կարգի, տարտամ, կիսկատար խօսքեր մռըլտալով, իբր պատասխան այն շիկնեցուցիչ խօսքերուն, որք ամէն կողմէն կը տեղային իր վրայ. միաձայն հաւանութեամբ որոշած էին Սուրբիկն իրեն տալ, որուն գլխի եւ աչքի խօլ շարժումներով յօժարած էր Մարկոս աղբար, կասկածոտ, միանգամայն ըղձոտ նայուածք մը սեւեռելով գեղանի աղջկան վրայ:

Օրիորդ Սուրբիկ զայն առանձին գտած ատեն քովը կ՚երթար, իր զգլխիչ տաք շունչը տալով անոր դէմքին ու հարցունելով շտապ.

Ինծի պիտի առնե՞ս:

Ա՛խ, խուշիկս, հե՛լպէթ, հե՛լպէթ:

Անանկ յայրատ ու պագշոտ նայուածքներ կ՚արձակէր մանկամարդ աղջկան մեղոյշ աչուըներուն մէջ եւ անոր մարմնոյն գրգռիչ վէտվէտմանց ու այտուցներուն վրայ, որ օրիորդը, անկամս սարսուռ մը կը զգար, ոչ թէ երկիւղի, այլ խորին գարշանքի սարսուռ մը: Ժպիտ մը, լայն ու մեղկ, մինչեւ երեսին կէսը կը բանար խոշոր կասկարմիր երախ մը, որուն երկու եզրերը կ՚աղտոտուէին կոտրած թափած երկու շարք ակռաներով թուքի փրփուրով մը միշտ տոգորուն. ցանցառ սպիտակախառն պեխ մը, աղտոտութենէ տարտամ գոյներ առած, քիթին մէջէն սկսելով բերնին մէջ կ՚աւարտէր. եւ այն ատեն, իր այդ զզուելի խեղկատակ դիրքին մէջ, սա խօսքը կը թելադրէր աղջիկներուն.

Կրօ՜ղը տանի:

Խեղճ Մարկոս աղբարը իրա՛ւ կ՚ըմբռնէր նենգամիտ աղջկան իրեն ըրած շողոմարար քծինքն եւ տեսակ մը գոռոզանք կ՚ուռեցնէր կուրծքն, որ սաստիկ կը բաբախէր, այտերը կը գունաւորուէին, աչքերը բոցեր կ՚արձակէին, ուսերը կը տնկուէին եւ փքոցի մը պէս, որ սաստիկ ուռելէն ետք կը մարի, կը կքի, ապուշն ալ երկա՜ր հառաչ մը կ՚արձակէր, իր խանդին, իր տռփանքին, իր գրգռման բովանդակ արտայայտութիւնը դնելով այդ խեղդուկ հառաչին մէջ, անգութ, կծու քրքիջներ կ՚արձակուէին, որք ջրի սառ սրսկումի մը պէս կ'իջնէին ապուշին վրայ: Եւ սակայն գործն հոն յանգած էր, որ ապուշն համոզուած էր, թէ օրիորդ Սուրբիկը իրեն պիտի տային. ապուշի համոզում, զոր աշխարհի մէջ բան մը կարող չէր խլել հանել այդ անբան պատեանին մէջէն:

Հա՛, հա՛, գիտեմ, կը մրմռար, ինծի պիտի տան Սուրբիկը, ինչո՞ւ չիտան, ի՞նչս պակաս էր. ինէ աղէկի՞ն պիտի տան… ամա, ի՜նչ թոմպուլիկ, ի՜նչ աղուոր աղջիկ…

Եւ Մարկոս աղբարին այս քաղցր ու ոսկեզօծ յոյսն օր աւուր կ՚ամրապնդուէր ու կը տարածուէր անոր էութեան մէջ` հաստ ջիղեր կապելով այն հազարումէկ խաբուսիկ փայփայանքներէն, զորս խորամանկ աղջիկը կը շռայլէր խեղճ մարդուկին, փայփայանքներ, որք կը շեշտուէին մօրը հեգնական սա խօսքէն` ուղղեալ առ Մարկոս աղբար.

Հոգդ պիլէ մ՚ըներ, մա՛րդ, իշտէ Սուրբիկս քեզի պիտի տամ. քէօշէս եան եկուր, կե՛ր խմէ` քէֆ ըրէ. ասկէ ըռահաթ տեղ ո՞ւր պիտի կտնաս:

Իր ապագայ զոքանչին արտասանած այս մէն մի բառը ելեկտրական սարսուռներ կ՚ուտար ապուշին, որ բերանաբաց ու ապշաբեկ մտիկ կ՚ընէր, իբր թէ պատգամ մը ըլլային այդ խօսքերն, որոնցմէ կախում ունենար իր ճակատագիրը. այո, մտիկ կ՚ընէր խորունկ ու թափանցանց ակնարկ մը սեւեռելով այդ կնկան վրայ, որ չարաչար կը խաբէր զինքն, հաճոյք մը, վատթար հաճոյք մը զգալու համար եւեթ:

Ա՛լ միմիայն այս բանին վրայ կը մտածէր Մարկոս աղբար. իր ունեցած մտաւորակա՛ն դոյզն կարողութիւնը կը սպառէր, կը հատցունէր այս ակնկալութեան առաջ բերած բազմապիսի եւ անհատնում յոյզերուն մէջ. գիշեր ցերեկ անոր վրայ կը մտածէր, եւ ըստ իր կարեաց, թռիչ կուտար երեւակայութեանը, որ յիմարական հեշտանքի մը յագեցման զգայնութենէն անդին չէր անցնէր, զազիր, ընդոստ արթնցած հեշտախտ մը, որուն վրիպումն՝ ահռելի ըլլալու էր:

Օրին մէկը, Մարկոս աղբարը իր ապագայ զոքանչին մօտեցաւ երկչոտ ու խպնոտ ձեւով մը, օգուտ քաղելով իրենց առանձնութենէն, եւ քանի մը անհասկանալի բառեր մրթմրթաց ճշմարիտ խպլիկի մը պէս, կինը ժպիտ մը զսպելով քովիկը գնաց.

Ըսէ՛, Մարկոս աղբար, պոռալով ըսէ՛, ինչո՞ւ կը խպնիս…

Չէ՛, չեմ խպնիր, մինակ… սա պիտի ըսէք որ… իշտէ ան գործը ե՞րբ պիտի ըլլայ…

Ո՞ր գործը, ըսաւ կինն աւելի մօտենալով ու միշտ ճիգ մը ընելով` խնդուքը բռնելու համար:

Օ՜ֆ, չե՞ս հասկնար… իշտէ, ինքը… պանը… նշանը…

Ի՞նչ նիշանի…

Ի՞նչ նիշանի մի… նիշանտուք… սաաթ մը առաջ ընէինք լմննար…

Այս ըսելով Մարկոս աղբար ձեռքը տաբատին գրպանը խոթեց շտապով եւ խոշոր կարմիր կծիկ մը դուրս հանեց, եւ սկսաւ քակել այն անհամար կապերը, որոնցմով կծիկ մը ըրած էր ահագին թաշկինակ մը, քակե՜ց… քակե՜ց, թուշը կուրծքին կռթնցուցած, ձեռքը դողդողալով` մինչ կինը, հետաքրքրուած, ուշադրութեամբ կը նայէր անոր, անհուն ժպտի մը մէջ կծկուած իր դիմագծերուն վրայ արգահատանքի թեթեւ արտայայտութիւն մ'ունենալով… Վերջապէս կապերը քակելով, կարմիր թաշկինակին ծայրը մինչեւ գետին հասած էր, մինչեւ միւս ծայրէն, վերջին կապէն, որ ամենէն ամուրն էր եւ զոր ստիպուեցաւ կողմնակի մէկ ակռայով թուլցնել, բան մը ելաւ, կլոր կարմիր փայլուն մատանի մը, զոր ծանր կերպիւ եւ անբացատրելի զգուշութեամբ հազիւ երկու մատներուն միջեւ բռնած չաղարտելու համար անշուշտ անոր փայլն ու յղկումը, կարկառեց տիկնոջ, որ մեքենական շարժմամբ մը առաւ զայն, ու վրան նայիլ սկսաւ ապշութեամբ:

Ին՞չ է աս, Մարկոս աղբար, հարցուց:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ, նշանտուքիս մատնին, ըսաւ ապուշը, գլուխն անդին դարձուցած, ու աչուըները քթթելով:

Շատ աղէկ, անանկ է նէ աս գիշեր էկու տէ քիչ մը նստինք, յարեց` ճամփելով զայն ու խնդալէն գալարուելով բազմոցին վրայ:

Արդարեւ այն գիշերը քանի մը դրացիներ ու դրացուհիներ ժողվուեցան տիկին Գոհարին տունը, աղջկանը նշանտուութեան համար. Մարկոս աղբար պարագային յարմար լրջութիւն մը առած էր, նշանածի լրջութիւն, որ աւելի ուժ կուտար այդ ծիծաղաշարժ խեղկատակութեան, այդ անխիղճ ու անողորմ խաղին. անհուն, անսահման հրճուանք կը զգային հոն գտնուողները, որք ամէն ջանք կ՚ընէին իրական երեւոյթ մը տալու այդ հանդէսին, իրենց ծիծաղելու պոռթկումն ետքի պահելով: Ո՛հ, տեսնելու բան էր Մարկոս աղբարին դէմքը, որ թեթեւ դեղնութիւն մ'առած էր ներքին խռովիչ յուզումներէ. սովորականէն քիչ մը մաքուր հագուած էր, ածիլուած էր, որով լերկ թմթռկած մորթին վրայ երեւան ելած էին բազմաթիւ արիւնոտ գիծեր, պեխերուն չափազանց երկար ծայրերը կտրած կոկած էր եւ սպիտակախառն երկար մազերը թրջուելով փակած կ՚երեւէին քունքին ու ծոծրակին վրայ աղտոտ գունատ ֆէսին տակէն: Արդեօք ի՞նչ խայտանքի մէջ էր իր սիրտը, արդեօք որչա՜փ լուսաւոր հորիզոններ կը բացուէին կը գոցուէին մտքին առջեւ, որոնց ակնախտիղ փալփլուկը կը կուրցնէր իր տեսողութիւնը, արգիլելով իր շուրջն անցած դարձածը տեսնելու:

Կենացդ, Մարկոս աղբար:

Աստուած թամամին հասցունէ:

Ինշալլա՛հ, կը մրմռար ապուշը` ձեռքը կուրծքին դնելով ջերմեռանդօրէն:

Ձեռքէ ձեռք պտտեցաւ Մարկոս աղբարին նշանտուութեան մատնին. սքանչացման, հիացման բացագանչութիւններ արձակուեցան, գովեցին փեսին ճաշակը, որ ընտրած եւ իր շնորհալի նշանածին պատշաճ դատած էր այդ… քսան փարանոց մատնին:

Յաւարտ երեկոյթին, ամէն մարդ ցրուեցաւ գնաց` ժամ առաջ տունէն դուրս ելնելու եւ զսպեալ քրքիչներ արձակելու սաստիկ տենչով համակուած:

Եւ սակայն օրիորդ Սուրբիկ իրա՛ւ նշանուած էր, քսանըչորս-քսանըհինգ տարեկան շնորհքով երիտասարդ մը, մանկամարդ աղջկան գեղէն հրապուրուած, առաջարկած էր ամուսնանալ անոր հետ. իր առաջարկը սիրայօժար հաւանութեան արժանացած էր, այնպէս որ քիչ ատենուան մէջ խօսք կապ, նշանտուք եւ այլն չկատարուած լմնցած էին:

Ո՞վ միտքէն կ՚անցունէր Մարկոս աղբարը:

Այդ գործողութիւնները տեղի ունեցած պահուն ինք իր հեշտագին անուրջներով կ'օրօրուէր, կը յափրանար, կը գինովնար, առանց բանէ մը տեղեակ ըլլալու, առանց բանէ մը կասկածելու:

Օ՜խ, կը մրմռար, երբ իր սենեակը կը դառնար իրիկունները, նիշանտուքս եղաւ լմնցաւ. աս մեծ պան է. վրաս կը խենդենան կոր. ամա ինծի պէս մարդ ո՜ւր պիտի կտնային. կինէ բախտաւոր են եղեր… հիմա կը մնայ է՛ն մեծ պանը… հարսնիքը, հը՛մ, հարսնիքը… թօհա՛ֆ, հիչ միտքէս չէր ասներ… էյէր Սուրբիկը առնեմ նէ… ո՛հ, ո՛հ, Աստուած, Սուրբիկը՜…

Եւ Սուրբիկը կ՚երազէր:

Սակայն իր առջի կենցաղը փոխած էր հիմակ, գոռոզանքի պէս բան մը եկեր էր վրան, ա՛լ չէր ուզէր նշաւակ ըլլալ անոր ասոր հայհուչին, շատ չէր խօսէր, իր առօրեայ ծառայութիւնները կ՚ընէր լուռ ու մունջ, մտամփոփ, եւ ամենէն ետքը նշանածին տունը կ՚երթար հանգիստ առնելու եւ Սուրբիկին երեսը տեսնելու, որ բնաւ գործը չէր աւրեր:

Կիները շատ խղճմտանք չունին:

Հիմակ, երբեմն, կիրակի օրերը, երիտասարդ մը տեսներ հոն. շիք երիտասարդ մը եւ խոռ խոռ անոր երեսը կը նայէր, անբացատրելի նախազգացումէ մը տանջուած: Քանի մը անգամ հարցուցած էր անոր ո՛վ ըլլալը. դուրսէն նոր եկած ազգական մըն է ըսած էին. համոզուա՞ծ էր:

Սա չափխը՞նը ինչու կուգայ կոր աս տունը, կ՚ըսէր պառկած ատենը, անոր հիյէթին չեմ հաւնիր կոր… խըսըմ է եղեր, հը՜մ…

Եւ կասկածներ կը ծնէին իր սրտին մէջ, որոնց սակա՜յն չէր ուզէր կարեւորութիւն ընծայել, իր յոյսին, իր հաւատքին պլլուած փաթթուած ըլլալով ուժգնապիրկ:

Հարսնիքս ե՞րբ պիտի ընենք, հարցուցած էր Մարկոս աղբարը տիկին Գոհարիկին:

Առջի պսակին, պատասխանած էր տիկինը:

Եւ արդարեւ հարսանեկան պատրաստութիւնները կը տեսնուէին տան մէջ. օրիորդն իր ճերմակեղէնները կը կարէր առանց շունչ առնելու, ուրիշ երկու դերձակուհիներ բերուած էին, որք հարսին պսակի շրջազգեստն եւ ուրիշ չորս շրջազգեստներ կը կարէին անբացատրելի փութկոտութեամբ: Սենյակներու կերպասները կը նորոգուէին, ինչպէս նաեւ վարագոյրներն ու գետնի գորգերը. գործունէութիւն մը, եռ ու եփ մը կը տիրէր տան մէջ: Ցերեկները երբեմն կուգար Մարկոս աղբար եւ սքանչացմամբ ու ապշութեամբ կը դիտէր այս ամէն հապշտապ պատրաստութիւններն ու կը մրմռար.

Այս պաները բիւթին ինծի համար է:

Իր նշանածին քով կ՚երթար, որուն այլեւս կատակելու եռանդը մարած էր եւ ամենեւին կամք չունէր Մարկոս աղբարին երեսը նայելու. քովը կ՚երթար անոր կարած դիպակը կամ կերպասը կը բռնէր իբր թէ տեսակն հասկնալու համար, եւ իր զննութիւնն այնքան երկար քշեց օր մը, որ աղջկան համբերութիւնն հատնելով գոչեց.

է՜յ, մա՛րդ, անդին կընա՛ սըկէ:

Ապուշը սարսռաց, կարծես թէ ուղեղը դարձաւ գանկին մէջ, աչերը մթնցան ու ետ-ետ երթալով` պահ մը աղջկան նայեցաւ պիշ-պիշ. եւ ապա կակազելով.

Ինծի՞, Սուրբի՛կ, ինծի՞, հէ՛, ըսաւ:

Իր ձայնին մէջ զայրոյթի վայրագ շեշտ մը կար, որ դողացուց մանկամարդ աղջիկը, երկիւղի պէս բան մը սպրդեց անոր սրտին մէջ եւ սա մեղմիչ խօսքը թելադրեց նմա.

Աֆ կ՚ընես, Մարկոս աղբար, սխալեցայ, միտքս ուրիշ տեղ էր:

Եւ երբ մարդուկը կը հեռանար` սիրտն հանդարտած քիչ մը, մանկամարդ աղջիկն արհամարհական երկար նայուածք մը նետելով անոր վրայ`

Խե՜նդ:

Վերջապէս ամէն բան լմնցած պատրաստուած էր: Առջի պսակի կիրակին հասած էր. Մարկոս աղբար, ալ հիմակ հողի վրայ չէր քալէր, հրեղէն կակուղ լուսափայլ ամպերու վրայ կը տատանէր հեշտօրօր, սրտին մէջ զգալով երկնային անհուն անբացատրելի հրճուանք մը. հեշտանք մը իր զգայարանաց մէջ, գրգռիչ, խօլական թրթռում մը իր մտքին թելերուն վրայ:

Կիրակի գիշեր էկու, ըսին իրեն:

Քի պսա՞կը ըլլայ, հարցուց անսահման զեղումով մը:

Հապա՛, հապա՛:

Եւ գինովի պէս երերտկալէն իր սենեակը գնաց:

* * *

Ինչպէս յայտնի է, հարսնիքի տան մը առջեւ հետաքրքրաց երամ մը միշտ կը շարժի, կ՚եփի, կ՚եռայ: Մութը կոխելու վրայ էր. հարաւային ուժգին հով մը առտուընէ մինչեւ իրիկուն ամպերով բրդուճներն աւլած էր երկնքին կապոյտ կոնին վրայէն, ուր պլպլուն աստղեր սկսած էին շարուիլ այն չափով, որով մութը սեւ մելանէ անսահման հեղեղի պէս կը մրոտէր, կ՚աղտոտէր, կ՚ողողէր երկիրը: Տիկին Գոհարիկին տունը լուսեղէն սիւնի մը պէս կը ցցուէր գիշերային սեւութեան մէջ. աննկարագրելի ոգեւորութիւն կը տիրէր ներսը, որուն հետ կրնար մրցիլ դուրսն ալ. տան երկու կողմերը կրկին շարքերով կեցած էին կիներ, աղջիկներ ու տղայք. յարատեւ յարոլոր եւ յարաճուն փսրտուք մը կը տիրէր այդ շարքերէն մէկ ծայրէն միւսը: Յանկարծ աղաղակ մը լսուեցաւ.

Մարկոս աղբա՜ր:

Եւ քանի մը տասնեակ բերաններ կրկնեցին այս բացականչութիւնը:

Արդարեւ Մարկոս աղբարը կուգար, առաջէն ունենալով խեղճ տղայ մը, որ լապտէր մը բռնած էր, եւ անոր ետեւէն ալ ինք գալով, սեւ դեղնած զգեստներ հագած:

Փեսա՛ն, փեսա՛ն, գոչեցին քանի մը չարամիտներ:

Մարկոս աղբար սէգ քալուածքով, առանց ամենեւին կարեւորութիւն տալու այդ սրագոչ աղաղակներուն, ուղղակի հարսանեաց տան դուռն ուղղուելով զարկաւ ուռնակը:

Դուռն անմիջապէս բացուեցաւ եւ Մարկոս աղբար ներս մտաւ. իր ակնկալած ընդունելութիւնը չգտաւ սակայն խեղճ ապուշը. «Մարկոս աղբարն է» ըսին եւ ամէն մարդ իր գործին, իր զուարճութեան զբաղեցաւ, չորսդին տարտամ նայուածքներ արձակելով, մարդուկն յառաջացաւ, չգիտնալով ինչի վերագրել իրեն` փեսային` նկատմամբ ցոյց տրուած այս զարմանալի անտարբերութիւնը: Ինչ եւ իցէ, ապշութենէ ապշութիւն գլորուելով, ցնորածի պէս վեր ելաւ սանդուխէն եւ ինքզինքը սրահի մը մէջ գտաւ, որուն մէջը դիմացէ դիմաց երկու սենեակներ կային հարսնեւորներով լեցուն:

Թօհա՜ֆ պան, կը մրմռար Մարկոս աղբար, կռթնելով դրանն այն սենեակին, ուր հարսը, սպիտակ շղարշէ շրջազգեստի մը փրփուրներուն մէջ թաղուած, բազմոցին անկիւնը նստած էր` արծաթաթել քօղն երեսն ի վար ձգած:

Հոն մնաց ապուշը, թմրած, անզգայացած, առանց գիտակցութիւնն ունենալու շուրջն եղածներուն. ողորմ նայուածքներ կը նետէր հարսին վրայ ու լալու անդիմադրելի զգայութիւն մը կ՚ունենար. կ՚անցնէին կը դառնային առջեւէն, առանց իր երեսն իսկ նայելու, իբր թէ մէկը կայնած չըլլար հոն: Պահ մը, համբերութիւնն հատնելով, զայրոյթով լեցուն սիրտը, արիւնը մոլեգին շրջան մը ըրաւ իր թմրած երակներուն մէջ, եւ ուզեց վճռական բան մը ընել. բայց շարժում մը ըրած միջոցին` մէկն անցաւ առջեւէն, շքեղ հագուած երիտասարդ մը զոր քանիցս տեսած էր հոն, եւ արհամարհոտ ակնարկ մը նետեց իր վրայ. այդ ակնարկը սարսռեցուց զինքը, նորէն թուլցաւ, թմրեցաւ, պաղեցաւ: Անգամ մըն ալ, երբ տիկին Գոհարիկ անկից կ՚անցնէր, Մարկոս աղբար յանկարծ անոր թեւէն բռնեց.

Խե՞նդ ես, ի՞նչ ես, մա՛րդ, հիմա ժամանա՞կն է, ձգէ, խելօք կեցիր, ըսաւ կինը սաստելով զայն:

Մարկոս աղբար տկար հառաչ մը արձակեց եւ թող տուաւ իր ապագայ զոքանչին ձեռքը, մէկ խօսք մը միայն ունենալով իր լայն շրթանցը վրայ.

Թօհա՜ֆ պան:

Իր բնական ապշութիւնը գերապշութեան կը հասնէր. ինչո՞ւ զինքը չէին պատուէր, ինչո՞ւ ներս հարսին քով չէին տանէր, ինչո՞ւ իբր փեսայ չէին վարուէր իր հետ, այս ամենը ինչո՞ւ չէին ըլլար, ինչո՞ւ:

Ժամեր անցան այդպէս եւ կէս գիշեր եղած էր: Պստիկ արարողութեան կը պատրաստուէին. իրարանցում մը առաջ եկաւ, ելան, իջան, խօսեցան, փսրտացին:

Քահանաները ոտքի ելած էին, հարսը վար իջած էր բազմոցին անկիւնէն, ամէն մարդ ոտին կանգնած էր. յանկարծական լռութիւն մը տիրած էր տան մէջ. քահանաներն արդէն սկսած էին իրենց թոյլ, թաւ, մեռելական ձայնն հնչեցնել. հարսին դիմաց կանգնած էր նոյն երիտասարդը սեւ զգեստներ հագած, աչերը վայրահակ. եւ անոնց քով կեցած էր ուրիշ երիտասարդ մը, խոշոր զարդարուն կերոն մը ի ձեռին:

Մարկոս աղբար աչերը խոշոր-խոշոր բացած, թուքը կ՚ըլլելով սրտայուզումէն կը մռլտար.

Պսա՞կն է աճապ:

Այո, կը տեսնէր, հարսին ու փեսին գլուխները իրարու կը մօտենային, եւ հիմակ քահանան կը կարդար այդ նորատի գլուխներուն վրայ պսակի աղօթքը:

Մարկոս աղբոր սիրտը թունդ ելաւ, դողդողաց: Յանկարծ տնկուեցաւ, աչուըները բացարձակ, շրթունքը կծկուած. կատաղի խռնչիւն մը արձակեց եւ ներս սլացաւ սենեակէն.

էս եմ, պոռալով, էս եմ փեսան:

Աղօթքն ընդհատուեցաւ, ամէնուն վրայ ապշութիւն մը տիրեց, Մարկոս աղբար փեսին կոկորդէն բռնած կը սեղմէր խուլ հեծիւններ արձակելով, բայց երկար չտեւեց այս վիճակը, չորս կողմէն Մարկոս աղբօր վրայ խուժեցին, բռնեցին զայն եւ դուրս նետեցին սենեակէն. ապուշը կ՚ոռնար, կը տապլտկէր` անսանձ կատաղութենէ մը բռնուած:

Է՛ս եմ փեսան, է՛ս եմ փեսան, կը պոռչտար:

Բայց ո՞վ մտիկ կ՚ընէր իրեն. սանդուխէն վայր գլորեցին զայն, բակը քաշկռտեցին տարին եւ քանի մը հատ ուժգին ապտակներ ու բռունցքի հարուածներ տալէ ետք, փողոցին դռնէն դուրս նետեցին թաւալգլոր:

Ապուշը սալարկին վրայ փռուեցաւ, ինկաւ անշարժ:

Քանի մը սիլուէթներ կը ստուերարկէին տակաւին մութին մէջ, անուշ հով մը կը փչէր. աստղերը կ՚արձակէին հանդարտիկ իրենց պլպլուքը:

Ոտքի ելած էր Մարկոս աղբար:

Հիմակ ա՛լ չէր մռնչէր, ո՛չ. կուլար, դառնապէս կուլար, աչուըները ձեռներովը գոցած. աղեխարշ հեծիւններ կ՚արձակէր ու գլուխը վայրահակ կը քալէր մութին մէջէն, իր անցած մթնոլորտին խառնելով սրտաճմլիկ ողբ ու կոծն, զոր հովը կը քշէր կը տանէր իր մեղմերեր ալիքներուն հետ, եւ կը յառաջէր գայթ ի գայթ, ուսերու կանոնաւոր ելեւէջով, տղու մը պէս հեկեկալով, ու երբեմն մրմռալով.

Խաբեցի՜ն…

«Արեւելք», 7 եւ 8 Յուլիս, 1892։