Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՌԵԼՆԵՐՈԻՆ ՋՐԿԻՐԸ

Մեր գիւղի գերեզմանատան մօտերը բնակող պառաւ կին մը, պատանեկութեանս ատեն, օր մը, իրիկնամուտին, ինծի պատմեց, նստած շիրմաքարի մը եզրը, տրտում ու թաղմանական ձայնով, Թումիկ աղբօր պատմութիւնը, որ երկար տարիներու հեռաւորութեան մը մէջէն տակաւին մինչեւ հիմակ կենդանի կը մնայ մտքիս մէջ` հնութեան կոթողի մը պէս, զոր ժամանակին հարուածները չեն կրցած տապալել:

* * *

Կտրիճ երիտասարդ մըն էր Թումիկ, սիրտովն ու հոգիովն ալ մաքուր, եւ անոր ամբողջ էութեան խորը կարելի էր հստակօրէն տեսնել, ինչպէս ականակիտ առուի մը յատակը շարուած խիճերը: Ժողովրդի ամենաստորին դասակարգի զաւակ, դպրոցի երես չտեսած, պզտիկուց իսկ հօրը հետ ծովը ելած, Մարմարայի բացերը կամ վերին Վոսփոր, աստեղաշող անդորր գիշերներու խորհուրդին մէջ, կամ տարերացունց մրրիկներու դէմ կեանքի դժնէ պայքարը մղելով անվախօրէն: Ձկնորս կամ նաւավար, հազիւ յաջողած էր օրապահիկը ճարել եւ ծնողացը ծերութեան մէջ` նեցուկ ըլլալ անոնց: Պատէմլիք խրճիթ մը ունէին, խարխուլ եւ այլ եւս գրեթէ անբնակելի, պապենական ժառանգութիւն: Անոր երերուն տախտակամածները կը դղրդային ու կը տքային Թումիկին հաստ ու կորովի ներբաններուն տակ, այնպէս որ մայրը շատ անգամ, ամբողջական փլուզումէ մը վախնալով, կը պաղատէր իր զաւկին.

Աման, որդդի, կամաց կոխէ, տուներնիս պիտի փլցունես:

Թումիկ շատ հեղ բացակայ կ՚ըլլար տունէն` իր արհեստին իսկ բերմամբը, եւ երբոր իր ծնողքը մեռան` խնամքի պակասութիւնէ եւ ծայրայեղ թշուառութիւնէ, այլեւս շատ քիչ անգամ պապենական խրճիթին փտած տախտակները երերացին անոր կարշնեղ ոտքերուն տակ: Ամառը լաւագոյն կը սեպէր լեռը պառկիլ, ազատ օդին, կուրծքը բաց, երեսը աստղերուն դարձուցած: Իսկ ձմեռը յաճախ կը կզկտուէր ձկնորսներու սրճարանին մէկ անկիւնը:

Պոհեմի թափառիկ ու թափթփած կենցաղ մը կ՚ապրէր մեր ձկնորսը, երբ օրին մէկը յանկարծ իր կեանքը յեղաշրջուեցաւ: Իր դասակարգին պատկանող աղջիկ մը սիրեց, Բերուզը, ձկնորս Ահարոնին աղջիկը: Սիրոյ այս անակնկալ հարուածը ի՞նչպէս ընդունեց ինք, չկրցաւ հասկնալ: Ժամանակ մը, ամօթէն կամ համարձակութեան պակասէն, իրեն պահեց իր սէրը, անով աշխատեցաւ, անով քնացաւ, անով երազեց եւ անով տուայտացաւ: Բա՛ն մը չըսաւ մէկուն. քիչ մը խոհուն եղաւ, մինչեւ իսկ տրտում, իր բարեկամներուն ուշը գրաւելու աստիճան: Բերուզին թովիչ, սեւ աչուըներն ու մսեղ բոպիկ ոտուըները, որոնց կը հանդիպէր երբեմն դրացնութեան պատճառաւ, կ՚ուռեցնէին իր կուրծքը եւ մարմինը կը դողացնէին: Առաջին գործը եղաւ նորէն իր հօր խրճիթը բնակիլ եւ առանձնանալ հոն իր կեանքը լուսաւորող այդ ճաճանչին հետ:

Ձկնորս Ահարոն բազմանդամ ընտանիքի տէր էր. չորս զաւակ ունէր, որոնցմէ միայն Բերուզը աղջիկ: Թումիկին ետեւի փողոցը կը նստէին, բուն տէրերէն լքուած, խոշոր եւ կիսափուլ տան մը մէջ, առանց վարձքի: Բերուզ քսան տարու էր, վայրի աղուորութեամբ մը, վհուկի աչուըներով, բնականէն ծարուրուած, յաղթական կուրծքով եւ համարձակ քալուածքով: Աւելի պզտիկ տարիքին մէջ, փողոցի անկիւնը սիրուըտուքներ ունեցած էր մերձակայ թաղէն պատանիներու հետ, որոնք շատ անգամ իրար ծեծած էին անոր համար: Աղէկ անուն մը չունէր Բերուզ, բայց գէշ աղջիկ ալ չէր, տարիքը առնելով կը լրջանար եւ շնորհքով կին մը կրնար ըլլալ իր դասակարգին համար: Թէեւ Թումիկ շատոնց կը ճանչնար զայն, անոր համար զգացած սէրը յանկարծակի ծագում առած էր, ճիշդ ինչպէս պաշտօնեայ մը, որ տարիներով հաւատարմօրէն ծառայելէ յետոյ վաճառականի մը քով, անոր ոսկիներուն մօտիկը, օր մըն ալ չես գիտէր ի՛նչպէս, կը գողնայ անոնցմէ եւ կը փախչի:

Չխոստովանած տարփանքի մը գելաններուն մէջ բաւական ատեն ոգորելէ յետոյ, Թումիկ, խելայեղ օր մը, շիտակ ձկնորս Ահարոնին գնաց եւ սիրտը բացաւ անոր խիզախօրէն:

Ահարոն, Բերուզը ինծի տուր, ես ալ հոգիս տամ ձեզի համար, ըսաւ անոր:

Ահարոն տղուն նայեցաւ խոժոռ ու զարմանքոտ նայուածքով մը:

Ծօ բապուճսըզ, քեզի վո՞վ աղջիկ կուտայ, ըսաւ:

Բայց իր շեշտը իր խօսքին հերքումն էր: Յայտնապէս, չկամութիւն չունէր, իրը` հայրերու սովորական դժուարութիւնն էր յարուցուած աղջկան թեկնածուներու դէմ:

Տուն աղջիկդ տուր, ես ինծի ալ բապուճ կ՚առնեմ, անոր ալ, պատասխանեց Թումիկ խրոխտ ձայնով մը:

Ծօ տուն աղէկ տղայ ես, վրայ բերաւ Ահարոն, բարա չունիս, ամա աղջիկս կուտամ քեզի:

Եւ Թումիկ ու Բերուզ նշանուեցան: Տարիէ մը պիտի կարգուէին եւ Բերուզ հարս պիտի երթար Թումիկին խրճիթը, ուր իրերը, ծնողաց անյայտացումէն ի վեր, նոյն այն վիճակին մէջ մնացած էին` նոր տէրերու խնամքին սպասելով կարծես:

Բերուզին մայրը Թումիկի ըսած էր.

Տղաս, կտոր մը կոկուէ, բարայի տէր եղիր, քի կնիկ առնես նէ ըռահաթ ըլլաք:

Այս յորդորին հետեւցաւ Թումիկ. օղին քիչ խմեց, ուրին ջուրին ծախքեր չըրաւ եւ խնայողութեան մը կորիզը դրաւ: Տարին չուանով կը քաշէր, մանաւանդ որ այդ ստորին դասակարգին մէջ նշանածներու սրտաբաց ու համարձակ յարաբերութիւնները զգացումներու անվերապահ արտայայտութիւնները ներելի չեն: Անոր համար շատ կը նեղուէր Թումիկ, ինչպէս նաեւ Բերուզ:

Ամուսնութեան պայմանաժամը լրանալու մօտ էր: Երկու նշանածները յայտնի հրճուանքով կը խայտային` սիրոյ մերձավոր յագեցման տենդերուն անձնատուր:

Ամիս մը մնացած էր: Եւ ահա մէկէն ի մէկ Բերուզ հիւընդցաւ: Ի՞նչպէս եղաւ, ոչ ոք կրցաւ ճշտիւ հասկնալ, արիւն պոռթկաց բերնէն, եւ իր առոյգ մարմինը յանկարծ, շանթէն զարնուած ուռիի մը պէս, ուժաթափ, ինկաւ անկողին: Թումիկ, ձեռքերը մազերուն մէջ մխրճած, բժշկին վազեց: Բժիշկը եկաւ, նայեցաւ, քիթը բերանը ծռմռկեց եւ «աղէկ նայելու է» ըսելով մեկնեցաւ: Նշանածը հսկեց իր սրտին հատորին մօտ: Արեան պոռթկումները կրկնուեցան եւ շարունակուեցան: Թումիկ, ղողդողահար, մէկ բժշկէն մէկալին վազեց, աղաչեց, պաղատեցաւ, լացաւ իսկ, որպէսզի աղէկցնեն իր նշանածը:

Աղէկ նայելու է, կ՚ըսէին բժիշկները, վէրէմ է, օդափոխութիւն կ՚ուզէ, թերեւս աղէկնայ:

Թումիկ` խնայած դրամը մէկ ամսուան մէջ բժիշկի եւ դեղի համար ծախսեց լմնցուց: Ահարոն, արդէն աղքատ, ապշեցաւ, շլմորեցաւ: Հէք աղջիկը իր նշանածին ուսին կռթնած, «Թումիկս, ինծի աղէկցուր, որ կարգուինք» կը հեծէր:

Ճիտիս պարտքն է, Բերուզս, կը հառաչէր խեղճ տղան:

Մէ՛կ բարա չմնաց: Թումիկ, բերուշան, փողոցէ փողոց կը թափառէր` ճարի մը, գերագոյն ճարի մը ի խնդիր: Ազատելու էր Բերուզը, բայց ի՞նչպէս: Յանկարծ լոյս մը ծագեցաւ մտքին մէջ: Տեղուոյն Թաղ. Խորհուրդին դիմեց եւ իր խրճիթը աւանդ թողլով, հինգ ոսկի ուզեց: Կտրիճ եւ ազնիւ մարդ ճանչցուած` չմերժուեցաւ: Տուին իրեն այդ գումարը: Չորս բժիշկը մէկէն թափեց` վճռական դարմանին համար: Բայց արդիւնքը նոյնը մնաց, ու թէեւ ամիս մըն ալ հիւանդը աղէկ դարմանուեցաւ, բայց վիճակը չփոխուեցաւ, դարմանը սպառելուն` ա՛լ աւելի վատթարացաւ:

Ծօ, Բերուզը ծառքէ կ՚ելլայ կոր, ճա՛ր մը, կ՚աղաղակէր ինքնիրեն խեղճ ձկնորսը, խելքը գլխէն գացած:

Աման, Թումիկ, ճա՛ր, ճա՛ր մը, կը հեծեծէր հիւանդը` կուրծքը հազերէ ցնցուած:

Է՛ն տագնապալից օրերէն օր մը Թումիկ յանկարծ խոհուն եւ լռակեաց եղաւ: Իր զուարթ դէմքը կծկուած էր, եւ նայուածքը անծանօթ հեռուներ սեւեռած: Ահաւոր քայլ մը պիտի առնէր, ուրկէ անդին գուցէ անդունդը կար, կորստեան անդունդը:

Ջո՜ւր, կը հեծէր հիւանդը աղերսարկու եւ երիտասարդ ձկնորսը, երազէ արթնցած՝ կը ցատքէր, հիւանդին այրող ծարաւը անցընելու:

Ու գիշեր մը, մութին մէջ, փողոցներէն գողի պէս սպրդեցաւ Թումիկ: Լռութիւն ամէն կողմ: Մերթ գիշերապահներու ճոկանները կը թնդան: Ծովեզրն է Թումիկ` ձողերու վրայ փռած ուռկաններու տակ կծկուած: Վստահ է, թէ ոչ ոք կայ զինքը լրտեսող եւ կը սկսի ոռկանները ժողուել, ծալլել, պլորել։

Կէս ժամ ետքը, Թումիկ, ահագին բեռան մը տակ կքած, ամայի փողոցներէ կ՚երթայ, կ՚անհետանայ:

Այլ եւս գող մըն է ան. հետեւեալ օրը իր ափին մէջ ունի ծախած ուռկաններուն փոխարժէքը, մէկ քանի ոսկի, զորս կը նետէ բժիշկներուն, որպէսզի փրկեն իր նշանածը։

Ջո՜ւր, ջո՜ւր, կը հեծէ Բերուզը, շրթները կափկափելով գիշերուան լռութեան մէջ, կուրծքը այրող տենդը մարելու:

Եւ ահա աղետալի կերպով կը բախեն տան դուռը: Ոստիկաններ ներս կը խուժեն, կը բռնեն Թումիկը եւ գիշերանց պահականոցէ պահականոց կը տանին, կը նետեն բանտ: Այս յանկարծակի ձերբակալում են ոչ ոք բան մը հասկցած է: Բերուզ նուաղած է… վերջացած է…

* * *

Ամբողջ գիւղը զարմանքի մէջ թաղուեցաւ. Թումիկը գո՞ղ, ան կտրիճ ու ազնիւ Թումիկը: Շատ քիչեր հասկցան անոր ցաւը եւ անոր անկումին շարժառիթը:

Հէք ձկնորսը դատուեցաւ: Լացաւ դատարանին մէջ, եւ եթէ չըլլար սիրտցաւ փաստաբանի մը պերճ պաշտպանողականը, Թումիկ վեցամսեայ բանտարկութեամբ չպիտի ազատեր իր գործած ոճիրին ծանր հետեւանքներէն:

Ո՞վ պիտի երթար հարցնէր փնտռէր զայն իր բանտին մէջ: Ի՞նչ եղած էր իր նշանածը: Ու իր ահագին ցաւին հետ վեց ամիս տանջուեցաւ, հալեցաւ, մաշեցաւ Թումիկ: Պայմանաժամը լրանալէն ետքը, դուրս ելաւ կմախացած, ծերացած:

Բանտին դուռնէն դուրս, չէր ուզէր քալել: Աշխարհը դժոխք մը կ՚երեւար իրեն, եւ արեւը հնոց մը, որ ամէն բան կ՚այրէ, կը լմնցնէ: Վրան գլուխը պատռտուած, կտրտուած, ոտքերը բոպիկ, գլուխը բաց անցաւ Բերա` լեռնէն Խասգիւղ երթալու համար: Անօթի էր, բայց չէր զգար: Իրեն կը թուէր, թէ խուլցած է:

Վերջին զգացում մը կար իր մէջը. Ի՞նչ եղած էր Բերուզ:

Այս հարցումին պատասխանը փնտռելու կ՚երթար մեքենայաբար, գաղտնի ուժէ մը հրուելով: Պատէմլիքի բարձունքը, գերեզմանատան մօտ հասնելով, բազմութիւն մը տեսաւ: Հասաւ փոսի մը մօտ, ուր մեռել մը կը թաղէին: Տէրտէրը կը կարդար վերջին աղօթքը խուլ եւ տարտամ մռլտուքով:

Թումիկ կեցաւ, սաստիկ խռոված: Մարդիկ իրեն նայեցան, բայց չի ճանչցան զինքը: Մեռելը ճաղի մէջ դրած էին` ի չգոյէ դագաղի: Յետոյ ժամկոչներէ մէկը գրկեց պատանքուած դիակը` փոսը նետելու համար: Պատանքին պզտիկութիւնէն դիակին գլուխը ճեղքէ մը յանկարծ դուրս տնկուեցաւ:

Վա՛յ, Բերուզն է, բացականչութիւնը թնդաց:

Յուղարկաւորները, հազիւ արդէն 10—15 հոգի, դարձան ու Թումիկին նայեցան:

Ես եմ, ե՛ս, Թումիկն եմ, գող Թումիկը, պոռաց ձկնորսը, Բերուզին նշանածը:

Յետոյ ժամկոչին քով վազելով` արգիլեց դիակը փոսը իջեցնել:

Կեցի՛ր, ժամկոչ աղբար, նա, չե՞ս լսէր կոր, չէ՞ք լսէր կոր, Բերուզս ջուր կ՚ուզէ կոր, աման ձգեցէք, որ ջուր մը տամ, վերջին ջուր մը, ամա՛ն, ձգեցէ՛ք… ոտուընիդ պագնեմ, վար մ՚իջեցնէք… ջուր մը, ջուր մը…

Ու մինչ Բերուզին այլակերպուած գլուխը պատանքէն դուրս կը ճօճար, Թումիկ վազեց, խենթի պէս, մինչեւ մօտակայ սրճարանը, գաւաթ մը ջուր յափշտակեց ու բերաւ մեռելին քով: Թումիկ ջուրը բերաւ լեցուց մեռելին կծկուած, իրարու փակած ակռաներէն ներս:

Խմէ՛, անուշս, կ՚ըսէր, խմէ՛, չըսես, որ վերջին ջուրդ չտուի…

Սակայն. ժամկոչը, անհամբեր եւ ասանկ սրտաշարժ տեսարաններու անզգայ, շուտ մը փոսը իջեցուց մեռելը ու աճապարանքով հողերը վրան նետեցին: Թումիկ ներկայ եղաւ այս արարողութեան գրեթէ անզգայ, քար կտրած: Յետոյ ամէն մարդ ցրուեցաւ:

* * *

Վերջը ի՞նչ եղաւ Թումիկ, հարցուցի պառաւին, որ ելած կեցած էր շիրմաքարին քով:

Անիկա անկէ ետքը մեռելներուն ջուր կրող եղաւ. Թումիկ աղբար կ՚ըսէին իրեն, ապուշցաւ: Անկէ ասկէ ողորմութիւն ուզելով ապրեցաւ: Ամէն օր նշանածին գերեզմանին վրայ սափոր մը ջուր կը թափէր. «ծարաւդ անցնի, անուշս», ըսելով: Խեղճ տղան օր մըն ալ մեռաւ, նշանածին քով թաղեցին:

«Ոստան», թիւ 4 1911։