Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՐՑՈԻՄ
(Ժամանակակից բարքեր)

Կարապետ իր թաղին Ազգ. վարժարանին գրասեղաններուն վրայէն իսկ` տասնչորս տարեկանին` առաւ շահուն հոտը, զոր փողոցին վաճառորդները օրնիբուն կը տարածէին օդին մէջ իրենց պոռչտուքներովն ու իրենց ծախած այլազան ապրանքներովը:

Ծնողքին, որ դեռ կ՚ուզէին ուսմունք սորվեցնել իրեն, Կարապետ կտրուկ եւ անդառնալի շեշտով մը ըսաւ,

էս ուսմունք մուսմունք չիյտեմ, փարայ վաստկելու նայինք:

Իր հաւաքած քառասուն յիսուն ղրուշովը ճախարակ, ասեղ, աժաննոց ժանեակ, դերձան, գնդասեղ եւ այլն գնելով, տեղաւորեց փայտէ տուփիկի մը մէջ եւ փողոց ինկաւ, «իփէկճի» եղաւ:

Առաջին վայրկեանէն, դեռ այդ մատաղ տարիքին մէջ, ուր հոգիները հեզ են ու միամիտ, Կարապետ մրցման, ամեն բան տապալել քանդելու յաղթանակ ուզող մրցման միքրոպին խայտալը զգաց իր մէջ: Պոլսոյ այն թաղերը ընտրեց մասնաւորապէս, ուր իրեն տարեկից հրէայ տղաք «իփէկճիութեամբ» կը պարապէին: Յանկարծ երեւան ելլող այս սմսեղուկ արհեստակցին սուր կանչն ու մկան սրտակարկառ ցռուկով դէմքը սարսափ ազդեցին միւսներուն: Կարճ ժամանակուան մէջ, Կարապետ, անձանձիր հետապնդութեամբ ու սիրալիր ու կեղծուպատիր ձեւերով անոնց յաճախորդները խլեց` աժան, մինչեւիսկ վնասով ապրանք տալով: Քանի մը ամսուայ մէջ տփիկը տուփ եղաւ, եւ տուփը` կռնակին վրայ բարձուած փոքրիկ խանութ մը, որ ահ ու սարսափով լեցուց իր հրեայ արհեստակիցները, որոնք արդէն կամաց կամաց ոտուընին քաշած էին Կարապետին արշաւանքէն աշխարհակալուած թաղերէն, փնտռելով շահու նոր ու անկոխ գետիններ, հայ «իփէկճիին» անծանօթ: Միսմինակ մնալով, Կարապետ մրցման սիրուն նախապէս իր կրած վնասներուն վրէժը լիուլի լուծեց այս անգամ իր հաճախորդներէն, զորս խաբեց խաբխբեց, փտած, վարնոց եւ նորութիւնն ինկած ապրանքներ քշելով անխնայ: Ոսկին ոսկիին վրայ բարդեց, շահու համէն հոտէն յանկուցուած գործը ընդարձակեց, ձիով պտտցուց իր խանութը, իր շահագործման սահմաններուն մէջ ոչ մէկ մրցակից թոյլատրելով` իր ծրագրած ու գործադրած մրցումին անվրէպ յաջողութիւնէն գինովցած:

Օր մը, սակայն, ծաղրանք մը, անպատուութիւն մը, զրկանք մը իսկ թուեցաւ իրեն` դրամ շահելու այդ թափառական, ողորմելի ու վերջապէս սահմանափակ միջոցը ու ինքզինքը ի վիճակի նկատեց նոյնիսկ խանութ մը բանալու: Ծախեց ձին, առնելիքները հաւաքեց մինչեւ յետին սանթիմը եւ խանութ մը բացաւ Պոլիս, Մահմուտ Փաշա: «Իփէքճիութիւնը» «թօհաֆճիութեան» վերածեց: Անշուշտ դեռ պստիկ խանութ մըն էր իրը, մանաւանդ շատ աննշան` բաղդատմամբ ուրիշ երկու «թօհաֆճի»ի խանութներու, որոնց մին ճիշդ իր քովը, միւսը դիմացը: Այդ երկու հզօր մրցակիցներու մէջ անտարակոյս շատ դժուար պիտի ըլլար Կարապետի գործը: Ասոնք հեռի էին ըլլալէ այն հրեայ բոկոտն վաճառիկները, զորս լեղապատառ փախուցած էր փողոցներէն, անոնց յաճախորդները յափշտակելու համար: Հեշտին յաղթանակ մը տարած էր այն ատենը, բայց համը բերանն էր մնացած: Սակայն Կարապետ մեծցած էր ա՛լ հիմակ ու մրցման իր դիւային հանճարն ալ միասին: Ուրիշ մը այս նոր ասպարէզին ու մրցավայրին վրայ պիտի մնար ձեռնածալ, համեստ ու հանդարտ, հետամուտ` օրինաւոր շահելու ու դանդաղաշարժ յառաջդիմութեան:

Կարապետի մէջ մրցման ոգին ահագին ու ահեղ սաւառնանք մը ունէր, խոշոր ամբարտակներու վրայէ խուժելու եւ ի հարկին զանոնք կործանելու ատակ:

Խանութը բանալէն յետոյ, դէպք մը, որ գրեթէ աննշան անցած էր տենդային առուտուրի այդ հրապարակին վրայ, Կարապետ իր սմսեղուկ ցռուկովը օդը, միջավայրին ու կացութիւնը հոտոտեց: Յաչաղկոտութեան փայլակներով յղի բիբերովը դիտեց իր պստիկ խանութն ու հանդիպակաց խանութը: Միակտուր ապակիէ վիթխարի ցուցափեղկեր անոնց առաջայքը կը զարդարէին: Ին՜չ այլազանութիւն, ի՜նչ ճոխութիւն, ի՜նչ ճաշակ ապրանքներով ցուցադրման ու յարդարման մէջ: Բոլոր օրը երկու խանութներն ալ լեցուն էին յաճախորդով, մինչ ինքը բարակ փոքրածիր ապակիով ցուցափեղկին ետեւէն, ակռաները սեղմած, նախանձի կայծերով այտերն ատրաշէկ, կը դիտէր զանոնք շունչը կտրած, ռնգունքը ընդլայնուած:

Ա՜խ, եթէ իմս ըլլային սա խանութները, կը մռլտար սեղմ ակռաներուն մէջէն:

Օրը հազիւ հինգ-վեց յաճախորդ ներս կը մտնէր, վարանոտ, տեղին խեղճութիւնէն կասկածելով ու պզտիկ գնումներու համար:

Քանի մը շաբաթ Կարապետ ճակատը շփեց, քունքերը քերեց, հեւաց, հառաչեց, մռնչեց: Յետոյ, յանկարծ զուարթ, ուրախ, շէնշող եղաւ, երգեց, ծխեց, ծիծաղեցաւ: Վերիվայրի փոխուած էր «թօհաֆճի» Կարապետ:

Իր երկու արհեստակից խանութպանները, անշուշտ, իրենց զօրութեամբը ապահովուած, բնաւ դժգոհ չեղան երրորդ խանութի մը բացումէն, որ ոչ մէկ կերպով կրնար վնասել իրենց կամ իրենց հետ մրցիլ: Հայ էին անոնք եւ երբ տեսան, որ իրենց նորեկ դրացին ալ հայ էր, «ի՛նչ կ՚ըլլայ, թող ան ալ վաստկի, Հայ չէ՞ մի», ըսին ու իրենց գործերով ըզբաղեցան:

Կարապետին յարակից խանութպանը քառասուն տարեկան հայ մըն էր, Օհան Տէրտէրեան, Գում-Գափուցի հսկահասակ մարդ մը, սեւ խոշոր աչքերով եւ հաստ ընքուիներով: Միամիտ ու դիւրահաւան մարդու ամենէն պերճ տիպարն էր: Իր ժպտուն դէմքը երբեմն ահաւոր խոժոռութեամբ մը կը կնճռոտէր: Բարձրաձայն կը խօսէր, եւ Կարապետ շատ անգամ կ՚իմանար անոր ձայնը, երբ կը պոռար իր պաշտօնեաներուն: Ժամանակ մը չհամարձակուեցաւ մինչեւիսկ բարեւել զայն, անոր դիրքէն, ճոխ խանութէն ու պատկառելի հասակէն սահմռկած: Բայց առտու մը, սանկ շատ խոնարհաբար իր տուած մէկ բարեւին, տեսաւ, որ Օհան աղան ժպտելով եւ մտերմօրէն պատասխանեց.

Ին՞չ է ան նայինք, բարեկամ, ըսաւ, մեզի դրացի՞ եկար, ո՞ւր տեղացի ես եւ այլն:

Կարապետ ըսաւ, թէ ով էր եւ ուրտեղացի էր եւ իր խօսուածքին մէջ անանկ համեստութիւն մը, յարգանք մը եւ մինչեւ իսկ վախկոտութիւն մը դրաւ, որ Օհան աղա կամ մեղքցաւ զայն, կամ աւելի ճիշդը` համակրեցաւ անոր:

Աստուծով դուն ալ առաջ կ՚երթաս, մեզի պէս խանութպան մը կ՚ըլլաս, ըսաւ:

Եւ իբրեւ քաջալերանք աւելցուց,

Պակաս ապրանք մը, բան մը ունենաս նէ՛ մենէ առ, պարոն Կարապետ:

Գլխուս վրայ, շնորհակալ եմ, պատասխանեց Կարապետ ուրախ եւ գոհ:

Այն օրէն ետքը, բնականաբար, Կարապետ մշակեց իր յարաբերութիւնը քովի խանութին հետ: Առտու իրիկուն թէմէննահ ըրաւ, լեզուին վրայ շաքար ու մեղր դրած, նայուածքին մէջ խոնարհութիւն եւ շարժումներուն մէջ` արգահատանք հրաւիրող ձեւ մը:

Իր մրցակցին մէկը սիրաշահած էր Կարապետ, գրպանը դրած էր զայն գրեթէ:

Կը մնար միւսը:

Միւսը, Խաչիկ աղա Մօրուքեան, զուգադիպութեամբ մը ան ալ Գում-Գափուցի, աւելի տարէց էր, աւելի նրբակազմ, բարեձեւ, աղէբեկ մօրուքով եւ քիչ մը խոժոռ նայուածքով: Հաւանաբար, անոր մերձենալը աւելի դժուար բան մըն էր: Կարապետ ամիսէ մը ի վեր խանութը բացած էր, եւ Մօրուքեան տակաւին մինչեւ անգամ անգիտնալ կը ձեւացնէր ճիշդ իր դէմը իրեն մրցակից խանութ մը բացուած ըլլալը: Կարապետ, օրուան մէջ, երբեմն պատրուակներ ստեղծեց այդ խանութին մօտենալու, երբ տէրը դուրսը, դրան առջեւ կը կենար, բայց մարդը չէր տեսնէր զինքը: Սակայն, դիտեց, որ շատ անգամ այդ երկու խանութպանները միեւնոյն ժամանակ գոցելով խանութնին միատեղ կ՚ելլային կ՚երթային: Բարեկամ էին, ըստ երեւոյթին, մտերիմ ու սիրալիր: Արհեստին մրցակցութիւնը զանոնք թշնամի ընելէ հեռի, կարծես իրարու մոտեցուցած, մտերմացուցած էր ընդհակառակը:

Արդ, օր մը, Կարապետ իր քովի խանութպանին ըսաւ, թէ այն իրիկունը ինքն ալ Գում-Գափու պիտի երթար, հետեւապէս իրեն ընկերանար, եթէ արգելք չէր ըլլար:

Վա՞յ, անանկ է նէ, պատասխանեց Օհան աղա, այս իրիկուն քեզի հետ քանի մը հատ ճնկենք:

Ու պատահեցաւ, որ դիմացի խանութպանն ալ նոյն ժամուն գոցելով իր խանութը, ընկերացաւ Կարապետին եւ Օհանին: Այս վերջինը ծանօթացուց իրեն նոր արհեստակիցը Խաչիկ աղային, որ քիչ մը կարծես արհամարհանքով վերաբերուեցաւ իր նոր ծանօթին հետ:

Բայց եւ այնպէս, ետքը, քազինոյին մէջ, օղիի գաւաթներուն ազդեցութեանը տակ, Խաչիկ աղա ալ մտերմացաւ իր դրացի խանութպանին հետ եւ սիրալիր ու բարեացակամ եղաւ անոր նկատմամբ:

Օղիի սեղանին առջեւ Կարապետ տեսաւ, թէ իր դրացի Օհան աղան որքան դիւրաբորբոք, բուռն եւ անմտած մարդ մըն էր, Խաչիկ աղա նոյնքան հանդարտ եւ պաղարիւն, քիչ խօսող եւ խոհուն անձ մր: Նկարագիրներու այդ հակընդդիմութիւնը ուրախութեամբ լեցուց Կարապետը: Անկէց ետքը քանիցս այդպէս Գում-Գափու երթալու պատրուակին տակ, Կարապետ ընկերացաւ երկու թօհաֆճիներուն եւ մտաւ անոնց մտերմութեանը մէջ: Իմացաւ խուլ հրճուանքով, թէ որքան որ ալ Օհան եւ Խաչիկ բարեկամ էին` իրենց խանութներուն մերձաւորութեան բերմամբը, զիրար շատ չէին սիրէր. նախ իրենց հակոտնեայ նկարագրին եւ յետոյ ընտանեկան հին ու անմոռանալի խնդրոյ մը պատճառով: Իրենց երիտասարդութեանը Օհան եւ Խաչիկ միեւնոյն աղջկան «զարնուած» էին: Ասկէց բախում մը, որմէ Խաչիկ աւելի նուրբ եւ աւելի խորամանկ, յաղթող ելած էր եւ աղջկանը հետ ամուսնացած: Օհան թէեւ մոռնալ ցուցուցած էր այս հարուածը, երբեմն անոր ցաւը կը զգար իր հոգիին մէջ, հակառակ ինքն ալ յետոյ ամուսնացած ու զաւակներու տէր եղած ըլլալուն: Կարապետ դիտեց նաեւ, որ Խաչիկ միշտ հեգնական շեշտ մը ունէր Օհանին հետ, որ՝ ատկից չափազանց նեղանալը ակներեւ ցոյց կուտար:

Մրցման մարտադաշտին վրայ ռազմական ծրագրի մը յարդարմամբը ու գործողութեամբը զբաղելով հանդերձ, Կարապետ ջանաց իր գործը զարգացնել: Իր դրացիին բարի յօժարութենէն օգտուելով, անոր երաշխաւորութեամբ ապրանք վերցուց, տեսակը ճոխացուց, յաճախորդը շատցուց:

Բայց այդ յառաջադիմութիւնը զինքը, իր անկուշտ ախորժակը գոհացնելէ շատ հեռի էր:

Օրուան մէջ քանի-քանի անգամներ, աչքերը ըղձանքի կայծերով բռնկած, իր հարուստ դրացիներուն ցուցափեղկերը կը զննէր, «ա՜խ սըւոնք իմս ըլլային», մռլտալով:

Պալաթէն, ուր կը բնակէր, Կարապետ Գում-Գափու փոխադրուեցաւ, տեղւոյն վրայ կարէնալ գործելու համար:

Այդ միջոցներուն Գում-Գափու թաղային խնդիր մը ծագեցաւ: Երկու հակամարտիկ կուսակցութիւններ բուռն պայքար մը մղեցին երկու խումբ ընտրելիներու շուրջ` նոր Թաղ. Խորհուրդի մը կազմութեան համար: Օհան եւ Խաչիկ հակառակորդ կուսակցութեանց մէջ գտնուեցան։ Խաչիկ աղա իր մէկ հարուստ եւ ազդեցիկ ազգականը կ՚ուզեր թաղական ընտրել տալ: Օհան կը հակառակէր ատոր: Բայց Խաչիկ աղայի կուսակցութիւնը, աւելի զօրաւոր, տարաւ յաղթանակը: Կարապետ ալ պայքարին մէջ դեր մը խաղաց, ձեռքի տակէ ուժ տալով Խաչիկ աղայի ընտրելիին յաջողութեանը:

Ընտրական յանձնաժողովներով միջոցին, Գում-Գափուի գինետան մէջ, ուր սովորաբար կը հաւաքուէին իրիկունները շուկացիք, տաք վիճաբանութիւններ կատարուեցան, մինչեւ իսկ իրիկուն մը Օհան եւ Խաչիկ, գլուխնին տաքցած, զիրար բարձրաձայն նախատեցին:

Ասիկայ բարեդէպ առիթ մը եղաւ, որ Կարապետ, մտերմական խօսակցութեան մը միջոցին, Օհան աղային ականջին բաներ մը փսփսաց Խաչիկ աղայի մասին: Իբր թէ այս վերջին ըսած կ՚ըլլայ Կարապետի, թէ` շատ չմտերմանայ Օհանի հետ, որովհետեւ կասկածելի եւ վտանգաւոր մարդ մըն է ան:

Ես վտանգաւոր մարդ եմ մի՛, պոռաց Օհան աղա կատաղութենէն փրփրելով:

Եւ ահագին ձեռքը սեղանին զարկաւ, շիշէր ու գաւաթներ տապալելով:

Զաւակներուդ վրայ կերդնո՞ւս, որ ինէ իմացած ըլլալդ չյայտնես, ըսաւ ուրիշ իրիկուն մը Կարապետ Օհան աղային:

Կ՚երդնում:

Աղէկ. Խաչիկ աղա երէկ ինծի ըսաւ քեզի համար, թէ պիտի սնանկանայ մօտերս, եւ թէ գործերդ շատ գէշ վիճակի մէջ են…

Օհան աղային դէմքը կաս կարմիր եղաւ. թաւ յօնքերուն տակ աչուըները արիւնով լեցուեցան, կուրծքը ահեղօրէն ուռեցաւ, եւ բառերը զորս ուզեց արտասանել, կոկորդին մէջ խեղդուեցան: Քանի մը րոպէ ֆշաց միայն: Կարապետ անձկութեամբ դիտեց իր զոհին այս այլակերպութիւնները: Եւ շարունակեց.

Խրատեց ալ զիս, որ այլեւս գործի յարաբերութիւն չունենամ քեզի հետ:

Այս անգամ Օհան աղային այտերը դալկայեղ գունատուեցան, եւ մէկ քանի անյաջող կաղկանձիւններ ելան կոկորդէն:

Բայց ես կարեւորութիւն անգամ չեմ տար անոր խօսքերուն, վերջացուց Կարապետ` գոհունակութեամբ խմելով իր օղին:

Մեր թօհաֆճին խնամքը ունեցաւ նաեւ նոյնիմաստ վերագրումներ ընելու Օհան աղայի` Խաչիկ աղայի մօտ, այս վերջինին զսպուած կատաղութեան դիմաշարժութիւնները լրտեսելով անոր ընդհանրապէս խաղաղ ու անվրդով դէմքին վրայ:

Շատ չանցած, երկու վաղեմի արհեստակիցնէր, իրենց միջեւ ծագած թշնամութեան մասին առանց բառ մը փոխանակելու, խզուեցան, եւ իրար հետ բարեւ, աստծու բարինը դադրեցուցին բոլորովին:

Իր խանութին ցուցափեղկին ետեւ ապաստանած, Կարապետ հրճուանքով իր ձեռքերը կը շփշփէր, դիտելով երկու խանութպաններուն ատելութեամբ ու վրէժխնդրութեամբ վառուած ակնարկները` իրարու դէմ արձակուած: Ու իր ամենօրեայ հանկերգը շրթներուն վրայ էր.

Ա՜խ, սա խանութները իմս ըլլային:

Զարմանալի դիւրաթեքութեամբ մը, Կարապետ` զիրար այլեւս մահու չափ ատող այդ երկու մարդոց հետ ալ իր հարաբերութիւնները կը պահպանէր, կը մշակէր, սիրալիր ու մտերմական, առանց ասոր համար անոնցմէ այպանուելու, նոյնիսկ կարծես թէ անոնց լռելեայն յօժարամիտ հաւանութեամբը, որովհետեւ անոնց միակ կապը ինքն էր այնուհետեւ եւ որպէսզի այդ կապին շնորհիւ անոնք հրահրէին իրենց փոխադարձ ատելութիւնը եւ անոր միջոցով կարենային նախատել եւ գրգռել զիրար: Կարապետ՝ հետեւապէս, անհրաժեշտութիւն մը դարձաւ այդ մարդոց համար: Յետոյ, իր երեւութական անշահախնդրութիւնը երկուքին համար ալ արեւին պէս պայծառ էր: Մինչեւ անգամ այդ անմեղը իրենց ատելութեան եւ թշնամութեան մէկ զոհը կը նկատէին եւ ասիկա կերպով մը փոխարինելու համար երկուքն ալ կը ջանային օգտակար ըլլալ անոր` աժան ապրանքներ տալով, փոխտուութիւններ ընելով, իրենց տուներն իսկ տանելով, երկկողմանի զրպարտութեանց համար զորս նենգամիտ թօհաֆճին խնամքը ունեցաւ հետզհետէ դարբնելու եւ արծարծելու, անոր առջեւ ջանալով ինքզինքնին չքմեղացնել: Կարապետ՝ Մօրուքեան եւ Տէրտէրեան ընտանիքներուն բարեկամը եղաւ հաւասարապէս, սիրուելով եւ մեղքցուելով, պաշտպանուելով եւ նպաստաւորուելով անոնցմէ: Մանավանդ նրբամտութիւնը ունեցաւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ներշնչելու այն հաւատքը, թէ ինք իսկապէս եւ անկեղծորեն միմիայն իր բարեկամն էր եւ միւսին` շահու համար միայն կապուած:

Երկու խանութպաններուն այս խուլ եւ անագորոյն պայքարին միջոցին Կարապետ լեցուց իր խանութը ապրանքով, այլազան եւ արժէքաւոր, եւ յաճախորդները շատցուց: Մանաւանդ որ անդին կռիւը, թէեւ անաղմուկ, սաստկագոյն աստիճանի մը հասաւ: Խաչիկ աղա, հակառակ իր բնածին պաղարիւնութեանը, իր խանութին դրան առջեւ կեցած, շատ նշանակալից ու ամբարտաւան եւ մարտահրաւէր կերպով պեխերը կ՚ոլորտկէր, աչքերը իր հակառակորդին խանութին յառած դաժանօրէն: Անոր այս գրգռիչ ընթացքը շատ դպաւ Օհան աղային, որ արդէն դիւրագրգիռ, իր կողմէն նոյնքան ամբարհաւաճ եղանակով մը հակակշռելու համար ` միւսինը, իր խոշոր հասակովը, ձեռքերը ետին կապած, վեր վար պտտեցաւ խանութին առջեւը, յաճախորդ, առուտուր եւ այլն մոռցած, եւ ամբողջ մարմնովը տենդային մոլեգնութիւնէ մը դղրդուած:

Կարապետին մէկ նոր եւ արիւնալի բանսարկութիւնը դէպքերը գահավիժեցին:

Գիշեր մը, միշտ օղիի սեղանին առջեւ, երդումի սովորական բանաձեւը կատարելէ յետոյ, իբր թէ զուարթութեամբ եւ ակամայ, Կարապետ յայտնեց Խաչիկ աղային.

Օհան աղան կ՚ըսէ, որ Թերեզա հանըմը ձեր կինը ըլլալէ առաջ իրեն հետ ամէն բան ըրեր լմնցուցեր է… բայց ես, բնականաբար, չհաւատացի:

Եթէ դիպուածով Օհան աղան նոյն տեղը գտնուէր, անշուշտ, ոճիր մը հաւանական էր: Հէք Խաչիկ աղա իր ընտանեկան պատուոյն տրուած այդ ամեհի հարուածին տակ շլմորած` դանդաջելէն տուն գնաց: Հետեւեալ օրը, եթէ չըլլար Օհան աղայի պարթեւ հասակը եւ ֆիզիկական բացայայտ ուժը, Խաչիկ աղա ապահովապէս յարձակուած էր անոր վրայ: Բայց իսկոյն Կարապետ անոր ընծայեց նիւթական վրիժառութեան մը դիւրին միջոցը:

Օհան աղայի շահու գլխաւոր աղբիւրներէն մէկն էր մազի ներկ մը, որ մեծ քանակութեամբ կը սպառէր եւ որ կ՚ըսէին, անոր գործին ընդարձակուելուն գլխաւոր պատճառն էր եղած: Արդ, Կարապետ յաջողեցաւ գտնել Հրեայ մը, որ գաղտնիքը ունէր մազ ներկելու ջուրի մը, տեսակին մէջ առաջնակարգ, եւ որ հաւանեցաւ կլորիկ գումարի մը փոխարեն Կարապետին յանձնել այդ գաղտնիքը: Ասով զինուած, Կարապետ Խաչիկ աղային մօտեցաւ: Նախ, իրեն յատուկ նրբամտութեամբ մը անոր մէջ հրահրեց քինախնդրութեան հնոցը՝ զոր տարիէ մը ի վեր պատրաստելու վրայ էր, եւ հետոյ իր ներկին խնդիրը պարզեց, բացատրեց, որ եթէ այդ ներկը իր խանութին մէջ շատ աժան գինով ծախուէր, Օհան աղային ներկը կ՚իյնար, կը լմննար: Ուրախութեան շէկ փայլեր շողացին Խաչիկ աղայի աչուըներուն մէջ. այդ երանելի ներկը իր թշնամիին փճացումն էր:

Շինէ՛, բե՛ր` ծախենք, ըսաւ, ի՞նչ են պայմաններդ:

Հոս` Կարապետ ճակատը շփշփեց վարանմամբ: Պայմաննե՞րդ:

Պայմաններս շատ ալ թեթեւ, չեն, ըսաւ ժպտալով:

Ինչ որ ալ ըլլան, առաջուընէ ընդունած եմ, պատասխանեց Խաչիկ աղա, ձեռքը թօհաֆճիին երկնցնելով ի նշան հաւանութեան:

Պէտք է որ մեր երկու խանութները միացնենք եւ ընկեր ըլլանք, ըսաւ Կարապետ կշռաւոր եւ խուլ ձայնով մը, ներքին զսպուած յուզումէ մը թրթռուն.

Ընկե՜ր, կրկնեց Խաչիկ աղա, ճակատին քրտինքը սրբելով մատներովը:

Այո՛, ընկեր, արձագանքեց անագորոյն խանութպանը:

Շաբաթ մը ետքը Խաչիկ Մօրուքեան եւ ընկ. ֆիրմայով մազի ներկ մը հրապարակ ելաւ, տուփը` տասը ղրուշի, մինչ Օհան Տէրտէրեանի ներկը քսան ղրուշ կարժէր: Օհան աղա ափ ի բերան եղաւ:

Վա՜յ թշուառական սրիկա՛յ, պոռաց, տունս տեղս պիտի կործանէ, սա նայէ…

Խաչիկ-Կարապետ ընկերութիւնը երկուքին մէջ գաղտնիք էր միայն: Բայց շատ չանցած, Կարապետ իր խանութը ճոխացուց` ահագին ապրանք բերելով եւ նոյնիսկ երկու պաշտօնեայ վարձելով: Խանութին ճակատը ընդարձակեց խոշոր եւ հոյակապ ցուցափեղկով մը, որ վար չէր մնար հիմակ իր մրցակից ցուցափեղկերէն: Ներկը ահագին ընդունելութիւն գտաւ. ասոր պատճառով Կարապետ գերակշիռ դիրքի մը տիրացաւ Մօրուքեան վաճառատան մէջ, իր ազդեցութեանը տակ ճզմելով հէք Խաչիկ աղան, որուն կեանքը բարոյապէս փճացած էր, անմարելի վրիժառութեան կրակներուն մէջ անդադար ճենճերուած:

Նոր ներկին հրապարակ ելլելէն եւ մեծաքանակ վաճառման մը արժանալէն յետոյ հասկցուեցաւ, որ Տէրտէրեանին գործը իր ներկին յաջողութեանը հետ կապուած էր: Մրցման չդիմանալով` ինկաւ ան, ու եկաւ վայրկեան մը, ուր Տէրտերեանին ներկը բոլորովին դադրեցաւ վաճառուելէ: Օհան աղա կը մռնչէր, կը դառնար վաճառատանը մէջ, կը հայհոյէր, կը քֆրէր թիապարտի մը պէս, բայց ստեղծուած նոր կացութեան դարման մը չէր գտնար: Դիտած էր, որ խանութին առջեւ իր ցուցադրած յոխորտանքները տղայական շարժուձեւեր էին, անօգուտ եւ ծիծաղելի: Գործը սկսած էր վտանգուիլ, մանաւանդ յորմեհետէ քովի աննշան խանութն ալ անակնկալ փայլ ու ճոխութիւն ստացած էր: Կարապետ այլեւս առաջուան պէս քծնական ձեւեր չունէր իր դրացի խանութպանին հետ. մենծաղայական էր անոր պէս եւ անկէց ալ աւելի: Վերջին ժամանակներս իր կրած բուռն յուզումները, բարկութիւններն ու կատաղութեան տագնապները շատ բան պակսեցուցած էին Օհան աղային խրոխտ առնականութենէն: Սոսկմամբ դիտեց, որ գործը վտանգաւոր ուղղութեան մը մէջ էր, եւ որովհետեւ տակաւին վստահութիւն ունէր Կարապետի վրայ, իր «տէրտը» բացաւ անոր:

Վիճակս աղէկ չէ, Կարապետ, օղլում, ըսաւ, սա դիմացի խայտառակին ներկը խէրս անիծեց. ասանկ երթա նէ, լմնցած եմ, ճար մը գիտե՞ս:

Ճա՜ր, ճա՜ր, ճա՜ր, մրմռաց նենգաւորը եւ մէկէն ի մէկ.

Օհան աղա, ըսաւ, կ՚ուզե՞ս, որ քեզի փրկեմ: Ընկեր ըլլանք, կը փրկուիս:

Ընկե՜ր, կմկմաց հէք մարդը` խոլոր-մոլոր Կարապետին նայելով:

Այո՛, ընկե՛ր, արձագանքեց բանսարկուն:

Երկու օր ետքը պայմանագրութիւն մը կնքուեցաւ, որուն համեմատ Կարապետ Սանդուռճեան` Օհան Տէրտէրեանի գործին ընկեր կ՚ըլլար եւ փոխադարձաբար:

Այսպէս, Խաչիկ աղայէն ետքը, Օհան աղան ալ ափին մէջ առաւ Կարապետ. ու ա՛լ անկեց ետքը բնաւ հոգը չըրաւ, որ անոնք կրնան հասկնալ, թէ երկու թշնամիներուն ալ գործին ընկեր է ինքը, վասնզի նիւթական եւ բարոյական անանկ դիրքի մը հասած էր, որ բանէ մը քաշուելու պէտք չունէր: Արձակ համարձակ, վարեց երեք խանութներն ալ: Արդէն, քանի մը ամիս ետքը, Օհան աղա անձնապէս անանկ ծանրածանր պարտքերու տակ ընկճուած էր, որ Կարապետ երկու հարիւր ոսկի դրաւ անոր ափը եւ դուրս ըրաւ: Գալով Խաչիկ աղայի, անոր գործը աւելի դիւրին եղաւ լմնցնել: Սպառնացաւ ներկը չպատրաստել եւ ուրիշի մը փոխանցել անոր իրաւունքը, եթէ չհաւանէր թողուլ խանութը երկու-երէք ոսկիի փոխարէն: Խաչիկ աղան փարան առաւ եւ կորագլուխ դուրս ելաւ:

Այս գործողութեան հետեւեալ առտուն, Կարապետ, պալաթցի երբեմնի աննշան «իփէքճի»ն եկաւ կեցաւ Մահմուտ Փաշա փողոցին մէջտեղը եւ շուրջը նայեցաւ. թօհաֆճի երկու փառաւոր վաճառատունները, որոնք իր աղքատ իփէքճիի հոգին ատենօք այնքան աքցանած էին նախանձի եւ յաջողանքի գելաններուն տակ, ահա՛ իրն էին. ինքը կը տիրապետէր հիմա երեք վաճառատանը մէջ` շնորհիւ մրցումին, անարգ ու եղեռնական մրցումին:

Օ՜խ, հառաչեց, իմս են ասոնք… ու հիմակ ա՛լ ապրինք… իբրեւ պատուաւոր մարդ:

Իրաւ ալ, թօհաֆճի Կարապետը կարեւոր եւ պատուաւոր մարդ է հիմակ. «իր գործին զաւակն» է, կ՚ըսեն եւ 30000 ոսկիի տէր: Ազգը անով կը պարծենայ, ու մարդկութիւնը… նմանապէս: