Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁՈԻԿԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ

Խենդուկ, շուտիկ տղայ մըն էր Համբիկ, տասնըեօթը տասնըինը տարու, աչքը փողոցներուն մէջ բացած, մանրանկարը ապագայ այն մեծ սրիկային, որ կա՛մ ջրհանին ետեւէն պիտի վազէ խարազանը ձեռքը, կամ հրապարակներու վրայ իր խռպոտ ահագին ձայնով ձուկ պիտի ծախէ: Մայրը, որ լուացարարուհին էր նաւամատոյցին բեռնակիրներուն, մինչեւ երկու տարի մեծցուցած էր զայն լուացարանին մէջ, չոր հաց մը ձեռքը տուած, զոր մանուկը կը կրծէր առտուընէ մինչեւ իրիկուն ճղճղալով, ճնճնալով: Յետոյ, որովհետեւ մայրը օրին մէկը շնչահեղձ եղած էր խամ ածուխի մուխէ, եւ հայրն ալ, որ ձկնորս էր, ծովը ինկած էր ու խեղդուած, Համբիկ գրեթէ անտեր մնաց ու վեց տարեկանէն անդին փողոցներուն մէջ սկսաւ թափառիլ, գիշերները հազիւ պառկելու տեղ մը գտնելով ու ցորեկին ալ հազիւ կտոր մը հաց: Այս տաժանելի կենցաղը չէր մեռցուցած զայն, ընդհակառակն հուժկու մարմին մը եւ աննկուն հոգի մը պատրաստած էր:

Որովհետեւ երջանկութեան եւ հեշտակեցութեան վրայ գաղափար չունէր, իր հիմիկուան վարած կեանքը աշխարհի երջանկագոյն կեանքը կը կարծէր: Առտուընէ մինչեւ իրիկուն փողոցները կը շրջէր, պատահական ծառայութիւններ ընելով, ջուր կրելով տուները, բեռնէր տանելով ասդին անդին, եւ այլ մանր մունր գործեր ընելով, որոնցմէ ձեռք ձգած ստակին մէկ մասը էր ապրուստին կը գործածէր ու միւս մասն ալ ապահով տեղ մը կը պահէր ապագային աւելի շահաբեր գործով մը զբաղելու դիտումով: Իր աշխուժութեամբն ու յանդգնութեամբը ամէնուն համակրանքը կը գրաւէր: Շատ անգամ, երբ ուրիշ զբաղում չունենար, նաւամատոյց կը վազէր ու շոգենաւէն ելլողներէն ոմանց բեռները շալկելով տուն կը տանէր:

Քիչ շատ հարուստ թաղի մը մէջ հաստատած էր իր գործերուն գլխաւոր կեդրոնը, պարապու ժամերուն, իբր կատարյալ ստամբակ մը, կատակաբանութիւններով, թռչունի եւ կենդանիներու ձայնի նմանութիւններով կը զուարճացնէր թաղեցիները, մանաւանդ դպրոց գացող փոքր աղջիկները, որոնք գրեթէ ամէն իրիկուն անոր շուրջը կը խռնուէին ու կ՚ըսէին.

  Հայտէ, Համբի՛կ, կատուի թախլիթ մը ըրէ մեզի:

Այն ատեն ստամբակը կը սկսէր կատուներու ճշմարիտ պայքար մը, որ միշտ կը վերջանար արուին` այսինքն իրեն փախուստովը: Մանկուհիներուն ճվըլտուքը հաճոյք կը պատճառէր չարաճճի տղուն: Ինք, որ բնաւ գիտակցութիւն չունէր ոչ ծնողքի, ոչ քրոջ, ոչ ո եւ է սրտակցի գորովի վրայ, այն գաղտնի զօրութիւնէն մղուած, որ ամէն մարդու սիրտին խորը կ՚ապրի ու պատեհ առիթով դուրս կը պոռթկայ, Համբիկ, անգիտակցաբար, համակրանք մը, սէր մը գրեթէ կը զգար այդ փոքրիկ, անմեղուկ արարածներուն համար, ու ա՛լ անդիմադրելի պէտք մը եղած էր իրեն անոնց պչրական շատախօսութիւնները լսել, ու գոհացնել անոնց ամէն տղայական պահանջումները:

Օր մը, իրիկուան դէմ, նաւամատոյց իջած էր, իր սովորութեան համեմատ բեռ փոխադրելու: Շոգենաւը մօտենալուն պէս, խումբ մը բոկոտն տղաքներ, որոնք հոն կը սպասէին, ակնդէտ, սովալլուկ գայլերու պէս կը թափին շոգենաւէն դուրս ելլողներուն վրայ, իրարմէ յափշտակելով անոնց ձեռքը գտնուած բեռները: Համբիկ այս մասին բացառիկ ճարպկութիւն մը կը ցուցնէր, ամենէն «յաղլի մուշթէրի»ին ձեռքի բեռն առնելով, մինչեւ անոր տունը կը տանէր: Արդ, այն իրիկունը, շոգենաւը մօտենալուն, բեռնակիրները արդէն կը սպասէին, դուրս ելլողներուն մէջ շքեղօրէն հագնուած օրիորդ մը երեւցաւ, որ ձեռքը բռնած երկու խոշոր ծրարները երկնցուց Համբիկին, որ առաւ զանոնք, անգամ մը աղջկանը երեսը նայելով, եւ յետոյ հարցուց, թէ ո՞ւր պիտի տանէր ծրարները. մանկամարդ աղջիկը թրթռուն ու ներդաշնակ ձայնով մը, որուն մէջ տիրական շեշտ մը կար, ըսաւ.

Ետեւէս եկուր:

Համբիկ բազուկներուն տակ զետեղեց ծրարներն ու հետեւեցաւ մանկամարդ աղջկան, քիչ մը խռոված անոր մեծաշուք կերպարանքէն ու անուշ բուրումներէն, որ կը խուսափէին անոր ամբողջ անձիքէն: Մինչեւ այն ատեն ասանկ բանէր չէր զգացած. շրջազգեստին շրշիւնը, մանրիկ ոտքերուն խրոխտ կոխուածքը քարայատակին վրայ, դեղնագոյն ժանեակով եզերուած հովանոցին նազելական ճօճումը եւ մանաւանդ ծոծրակին սպիտակ միսը, որ կ՚երեւար օձիքին եռանկիւնի ճեղքէն, բոլորովին կը գինովցնէին փողոցի այդ ստամբակը. զգացած հաճոյքը այնքան բուռն եղաւ, որ կը փափագէր, որ ճամփան անհունապէս երկար ըլլար. յաւիտենապէս վայելելու համար այդ քաղցր երանութիւնը. մինչեւ այն ատեն իրեն անծանօթ երազանքներ, խառն ի խուռն կը խուժէին միտքին մէջ, կը գգուէին իր թաքուն զգայնութիւնները. ու կը հետեւէր այդ մտացածին էակին, զգլխիչ բոյրերով առլի մթնոլորտի մը մեջէ ինքնաբերաբար քալելով կարծես, լիաթոք ծծելով իր ռընգունքները շոյող այդ խելայեղիչ հոսանուտը:

Մանկամարդ աղջիկը մէկէն կանգ առաւ դրան մը առջեւ ու դառնալով Համբիկին,

Տղա՛յ, ըսաւ առանց անոր երեսը նայելու, հոս ձգէ՛ եւ գնա:

Եւ քառասուննոց մը դրաւ ստամբակին ձեռքը:

Համբիկ վրան անգամ չնայեցաւ ստակին. անախորժ յուսախաբութիւն մը կրածի պէս պահ մը քարացաւ մնաց, բայց շուտով խելքը գլուխը գալով` դանդաղօրէն հեռացաւ, ակռաներուն տակէն մրմռալով.

Վա՛յ անիծից, ծօ՛ էս ասանկ աղուոր ախճիկ չէի տեսեր, ան ի՜նչ ճիտ էր:

Առաջին անգամ ըլլալով այն իրիկունը չգնաց իր սովորական փողոցը ու գլուխը չժողվեց փոքր աղջիկները, որոնք զարմացած այդ բացակայութեանը վրայ` ըսին իրարու.

Համբիկը ո՞ւր է, չեկաւ աս իրիկուն, խօսք տուած էր, քի շունի պէս հաջէր:

Եւ շատ տխուր եղան փոքր աղջիկները այն իրիկունը:

Համբիկ հաց չկերած պառկեցաւ այն գիշերը` իր երազներուն մէջ ընկղմելու Համար: Շատ հեղ այդպէս կը պատահի, զգացում մը, որ կայ մարդուս ներսիդին եւ իր գոյութիւնը շատ յայտնի չընէր, անակնկալ առթիւ մը մէկէն ի մէկ երեւան կուգայ` սաստիկ ցնցումներով, որոնք ամբողջ էութիւնը կը դղրդեն: Համբիկ մինչեւ այն օրը շուայտ զգացում մը գրեթէ չէր ապրած այդքան բուռն կերպով: Ու այն իրիկուան փորձութիւնը շատ գէշ ազդած էր վրան:

Ու կը մռլտար իր խշտիկին վրայ երկնցած.

Ծօ, ան ի՜նչ ճիտ էր:

Սակայն, երբ առտուն արթնցաւ Համբիկ, երեսը կը փողփողէր. ժպիտ մը կ՚երեւէր շուրթերուն վրայ:

Ըսաւ ինքնիրեն.

Ա՛լ աս մահալլէէն կ՚ելլամ, հոն կ՚երթամ. հէ՛մ քեարը շատ կ՚ըլլայ պէլքի. հէ՛մ…

Խօսքը ընդմիջեց, աչուըներուն մէջ շողիւն մը փայլեցաւ եւ ձեռքը ճակտին զարնելով.

Ծօ, ան ի՜նչ ճերմակ ճիտ էր, մռլտաց:

Ըսածին պէս ալ ըրաւ. նոյն օրն իսկ այն փողոցին մէջ, ուր կը գտնուէր առջի իրիկուան օրիորդին տունը, փնտռեց ու գտաւ պարտէզի մը անկիւնը, ախոռի պէս փոքր խցիկ մը, ուր փոխադրեց իր յարդէ անկողինը, քանի մը մանր մունր գոյքերը:

Ա՛լ այնուհետեւ այդ փողոցին մէջ թափառեցաւ, ամէնուն ցուցնելով իր ժպտուն դէմքը, ամէնուն համակրանքը վաստկելու ձեւեր ընելով. հոն ալ սկսաւ իր ծառայութիւնները ի գործ դնել, հիմակ աւելի եռանդով, աւելի աշխուժով. գրեթէ ամէն վայրկեան կ՚անցնէր կը դառնար այն տունին առջեւէն, որուն հրապուրիչ պարունակութիւնը պատճառ եղած էր իր փոխադրութեան. երբեմն պատուհանը նստած կը տեսնէր զայն ու գաղտագողի ակնարկով մը կը դիտէր անոր դէմքը. մանաւանդ սպիտակ ծոծրակը, որուն վրայ կը սարսռային սեւաթոյր մազերու քանի մը ցանցառ փնջիկներ: Մեծ վայելք մըն էին իրեն համար այդ վայրկենական ու վաղանցիկ նայուածքները:

Բայց պառկած ատենը բուռն տխրութեամբ մը կը համակուէր հէք Համբիկ եւ ամէն անգամ, որ իր յոգնած դադրած ոտքերը կ՚երկնցնէր հանգստաւէտ խշտիկին վրայ, կը մրմնջէր.

Ան ի՜նչ ճիտ է, պէ՛:

Իր յանդուգն բնաւորութեան օգնութեամբը, յաջողեցաւ իր ոտքը դնել իր երազած տունէն ալ ներս:

Հարուստ ընտանիք մը կը բնակէր այդ տան մէջ, հայր մը, մայր մը, երկու զաւակ` աղջիկ մը, օրիորդ Սիրանոյշ եւ մանչ մը: Կնոջական ամէն դիւթութիւններով յղփացած սիրուն օրիորդ մըն էր Սիրանոյշ, որուն շատ երիտասարդներ աչք ունէին, թէ՛ գեղեցկութեան, եւ թէ՛ հարստութեան համար. բայց ինք դժուարահաճ էր եւ բնաւ ականջ չէր կախեր իրեն եղած առաջարկներուն. գաղափարային աղջիկ մըն էր, որ այն ատեն ամուսնական կեանքին մէջ պիտի մտնէր, երբ գտնէր իր մտատիպարը, որ տակաւին շատ հեռու ըլլալ կ՚երեւակայէր ինք: Բայց իր կարծիքը սխալ ելաւ. երեկոյթի մը մէջ ո՜հ, ի՞նչ պիտի ըլլար շատ մը աղջիկներու եւ երիտասարդներու վիճակը, եթէ չըլլային այս երեկոյթները հանդիպեցաւ գեղեցիկ, իր երազած ձիրքերով օժտուած երիտասարդի մը, որուն անմիջապէս համակրեցաւ: Աւելորդ է ըսել, թէ երիտասարդը առանց վարանելու փոխարինեց այդ համակրանքը` հաճոյալի խօսքերով:

Նորարծարծ սիրոյ քաղցր վայելումները շատ կարճ կ՚երեւան սոյն երեկոյթին քանի մը ժամերու միջոցին, գիշերը կ՚անցնի ամպի բրդուճի մը պէս, զոր հովը կը վարէ կը տանի` երբ հազիւ կարմրերփնուած է նորածագ արեւին շառայլէն: Տեսակցութիւնը նորոգել անկարելի ըլլալով, երիտասարդը կը յանդգնի իր սրտին բոլոր զգացումները ծաղկենկար ու անուշաբոյր թղթին հաղորդել եւ զայն ղրկել իր սիրեցեալին: Օրիորդ Սիրանոյշ դողդոջ ձեռքով եւ ճակատին վրայ վաղանցիկ շիկնումով մը կարդաց սիրոյ այդ բոցեղէն արտայայտութիւնը, որ կը վերջանար պատասխան ընդունելու պաղատանքով: Մանկամարդ աղջիկը, որուն կը պակսէր տակաւին սիրային յանդգնութիւն, քանի մը օր մտածեց միշտ ձեռքը բռնած երիտասարդին սիրերգը, որուն աղապատանքը կը մորմոքէր իր փափկասուն սիրտը. վերջապէս որոշեց պատասխան գրել, բայց ի՞նչ կերպով անոր ձեռքը հասցնել զայն, ամենափոքր գայթակղութիւն իր անուան շուրջը` կը սոսկացնէր զինքը. երկար մտածեց այս փափուկ կէտին վրայ եւ յանկարծ լոյս մը ծագեցաւ մտքին մէջ:

Օր մը, երբ տունը իրմէ զատ ոչ ոք կար, պատուհանը նստաւ եւ սպասեց:

Համբիկ կ՚անցնէր` գաղտնի ակնարկներ նետելով դէպի պատուհանը. յանկարծ կանգ առաւ. հաւատա՞ր աչուըներուն: Բայց այո՛, զինքը կը կանչէր անիկա, նորէն նայեցաւ աչուըներուն բովանդակ սեւեռումովը եւ ա՛լ կասկած չունեցաւ, օրիորդը զինքը կը կանչէր, երա՞զ էր արդեօք:

Թօհա՜ֆ պան, մրմռաց ստամբակը ու ներս մտաւ դռնէն, որ բացուած էր:

Հիմակ Համբիկ իր դիմացը ունէր Սիրանոյշը, որ իր թովիչ աչուըները անոր վրայ յառած ըսաւ.

Համբի՛կ, քեզի բան մը ըսեմ նէ, կ՚ընե՞ս:

Հազար պան ըսէ` ամէնն ալ ընեմ, պատասխանեց Համբիկ, անանկ սրտազեղ անձնուիրութեան շեշտով, որ մանկամարդ օրիորդը ուրախութենէն սարսռաց:

Երդում ըրէ՛, որ մէկուն չպիտի ըսես ինծի համար ընելիքդ, յարեց Սիրանոյշ:

Չեմ ըսէր, մա՛ս վկայ:

Օրիորդը դրասանգներով զարդարուն քորսաժին տակէն նամակ մը դուրս հանեց, պահ մը վրան նայեցաւ վարանումով, յետոյ ծռելով դէպի Համբիկին ականջը, անանկ որ իր շունչովը անոր երեսը շոյեց, բան մը փսփսաց: Ստամբակը աղջկան այդ դիրքէն օգտուելով, անոր ծոծրակը դիտեց ու հառաչ մը արձակեց:

Քիչ յետոյ դուրս ելաւ Համբիկ` գրպանին մէջ ունենալով իրեն յանձնուած նամակը, զոր հասցէին պիտի տանէր եւ մրմռալով.

Աճայի՜պ, աս նամակը միւսիւ Արմէնին պիտի տանիմ, բէք աղէկ, ամա ինչո՞ւ անոր նամակ կը ղրկէ կոր. մէջ ի՞նչ գրած է աճապա… վա՛յ, հասկցայ, հը՜… ըսել է գործը էփէր են… տանի՞մ մի չտանիմ, ամա տանիմ նէ, աղէկ կ՚ըլլայ, չիւնքի հէլպէթ նորէն պիտի խրկէ… հինգ ղրուշն ալ կէշ փարա չէ… ամա փարային տեղը էյէր ան ճերմակ ճիտէն…

Լռեց, չհամարձակելով բարձրաձայն արտայայտել գաղափարը, որ փայլակի արագութեամբ անցած էր մտքէն:

Ա՛լ հիմակ պատուհանին առջեւէն անցած ատենը, Համբիկ բացէ ի բաց, առանց խպնելու, կը ժպտէր Սիրանոյշի երեսին, որ հինգ ղուրուշին առաջ բերած երախտագիտութեան նշանը կը կարծէր այդ խորհրդաւոր ժպիտը:

Ստամբակին մտածումը պարապ չելաւ, քանի մը օր ետքը, երբ իրիկուն մը, մթնելուն մօտ, Համբիկ դրանը առջեւէն կ՚անցնէր, Սիրանոյշ, որ կեցած էր հոն, նորէն թուղթ մը սպրդեցուց անոր ձեռքը մրմնջալով.

Նորէն անոր տար, Համբիկ:

Տղան` քառորդը գրպանը նետեց ու նամակը հասցէին տարաւ:

Չորս օր ետքը նորէն նամակը մը` Սիրանոյշին ձեռքէն Համբիկին գրպանը սահելով յաւիտենական հասցէին յանձնուեցաւ:

Եւ ամէն անգամ ստամբակը հարստացաւ հինգ ղրուշնոցով մը:

Հինգերորդ անգամուն, երբ մանկամարդ աղջիկը նամակը յանձնեց Համբիկին ու դրամն ալ պիտի տար, տղան ետ հրեց անոր ձեռքը, ըսելով.

Ա՛լ փարա չեմ ուզէր:

Հապա ի՞նչ կ՚ուզես:

Համբիկ Սիրանոյշին մօտեցաւ, քծնող շունի մը պաղատանքը իր աչքերուն մէջ, մեղմիւ բռնեց անոր թեւէն ու գրեթէ ականջն ի վար ըսաւ դողահար ձայնով.

Ճիտէդ պաչիկ մը:

Մանկամարդ աղջիկը բուռն շարժումով մը ետ քաշուեցաւ, աչուըները զայրոյթով շողացին, կարմիր, բարակ շուրթերը փոթուեցան, եւ զսպուած մոլեգին շեշտով մը ըսաւ.

Կորսուէ՛ սըկէց, չափխըն շո՛ւն… կորսուէ՛ կ՚ըսեմ…

Համբիկ` աղջկան այս զայրացկոտ կերպարանքէն քիչ մը սարսափահար` գրպանը դրաւ նամակը, ու գլուխը սպառնագին երերցնելէ ետք խոյս տուաւ ըսելով.

Միտքէդ չելլայ այս ըսածդ, չըլդի՛կ:

Ա՛լ անկեց ետքը Համբիկ բնաւ չերեւցաւ այն կողմերը. ամեն մարդ զարմացաւ այս անակնկալ անհետացումին վրայ. հարցուցին, փնտռեցին իրեն համակրողները. մանաւանդ փողոցին մանրիկ աղջիկներուն շատ դիպաւ անոր աներեւութացումը:

Զաւալլը Համբիկ, արդեօք անօթութիւնէ մեռա՞ւ:

* * *

Տարիներ անցան:

Օրիորդ Սիրանոյշ երջանիկ եղաւ, ամուսնանալով այն երիտասարդին հետ, զոր կը պաշտէր եւ զոր ամէն կատարելութիւններով օժտուած կը կարծէր:

Մեղրալուսինն անցած էր մեղրի պէս անուշ, բայց անոր պէս ալ վաղանցիկ: Հէք աղջիկը, որ անկեղծ սէր կը տածէր իր ամուսնին համար, ահագին, հոգեմաշ յուսախաբութիւն մը կրելու դատապարտուած էր: Քաղցր ու անդորր կենցաղ մը երազած էր վայելել ամուսնական կեանքին մէջ. իր այս երազը իրականութեան չփոխուեցաւ սակայն. վասնզի ամուսինը, յեղյեղուկ երիտասարդ մը, շուտով յափրացաւ, զզուեցաւ այս կաշկանդուած կեանքին հեշտութիւններէն, այդ հարկէն դուրս փնտռեց հաճոյքի այն աշխարհը, որ բաց է ամէնուն եւ որ իր գգուանքները շռայլօրէն կը բաշխէ:

Սիրանոյշ նախ ուզեց ինքզինքը խաբել էրկանը բռնած ապօրէն ընթացքին մասին. բայց շատ չանցած, ամէն պատրանք վանելու ստիպուեցաւ, վասնզի ամուսինը այնքան անտարբեր եղաւ իրեն նկատմամբ, որ խեղճ մանկամարդ կինը չհամարձակելով իր ծնողաց օգնութեանը դիմել, վասնզի անոնք քիչ մը հակառակած էին այս միութեանը, ուրիշ միջոցներու ձեռնարկեց. նախ ինք հետամուտ եղաւ գտնել պատճառը, որով ամուսինը այդքան պաղած էր իրմէ եւ կնոջական սուր հոտառութեամբ կռահեց, որ ուրիշ կին մը իր իրաւունքները յափշտակած էր ձեռքէն, ամուսնին սէրն ու համակրութիւնը ի՛նք վայելելով:

Օրերով մտածեց ընելիքին վրայ եւ վերջապէս վճռական որոշում մը տուաւ: Լսած էր, թէ նշանաւոր կին հաւահմայ մը` սքանչելի գուշակութիւններէ զատ` իրեն պէս վշտակիրներուն ցաւերը կը դարմանէր անանկ դեղերով, զորս բժշկութիւնը կ՚անգիտանար:

Ճարահատած, Սիրանոյշ, արցունքները հրելով աչքերուն խորը, հառաչները կուլ տալով, ելաւ այդ հաւահմային գնաց: Խոշոր կին մըն էր, վաթսուն տարու, բազմոցի մը անկիւնը հանգստաւէտօրէն նստած, ձեռքը համրիչ մը, զոր շարունակ կը դարձնէր: Մայրական գորովալի շեշտով մը ընդունեց մանկամարդ յաճախորդուհուն, որուն կերպարանքը զննած էր փայլակէ աւելի արագ նայուածքով մը, ներս մտած պահուն:

Եկու նայիմ, ախճի՛կս, տէ՞րտդ ինչ է:

Հեծիւն մը ելաւ խեղճ Սիրանոյշին կոկորդը, այտերը շառագունեցան, աչուըները լեցուեցան:

Ըսէ, ախճի՛կս, ըսէ քի տէրտիդ տէրման մը ընեմ:

Անկեղծ ու սիրալիր այդ ձայնը յուզեց Սիրանոյշի սիրտը, որ դուրս տուաւ իր բոլոր դառնութիւնն ու բոլոր վիշտը, լալով պատմեց իր առաջին սէրն ու ետքի դժբախտութիւնը, եւ աղաչեց պաղատեցաւ հաւահմայ կնոջ, որ դեղ մը, դարման մը ընէ, որով ամուսինը նորէն իր ընտանի հարկին մէջ փնտռէ ամէն հաճոյք ու ամէն վայելք: Կինը զգացուած ձայնով ըսաւ Սիրանոյշին.

Զաւա՛կս, հիչ հոգդ մ'ըներ, քէշկէ ամէնուն ալ տէրտը ատ ըլլար. ամիս մը չքշած` էրիկդ վրադ խենդ պիտի ըլլայ:

Յետոյ, անմիջապէս դէմքին արտայայտութիւնը փոխուեցաւ, աչուըները կիսովին գոցուեցան, շուրթերը սկսան երերտկալ` փսրտուք մը հանելով, ու ձեռքին մատներն սկսան տենդօրէն դարձնել համրիչին սեւ հատիկները:

Քառորդ մը տեւեց ասիկա:

Ախճի՛կս, ըսաւ վերջապէս, երբ այդ մունջ արարողութիւնը վերջացաւ, հիմակ քեզի բան մը պիտի ըսեմ, տեղնի տեղօքը պիտի ընես, աղէկ մտիկ ըրէ, քիչ մը զօռ է ամա, ի՛նչ ընենք, զաւակս, անքի աս տէրէճէներուն հասեր էս նէ, ամէն պանի խադլամիշ պիտի ըլլաս, մինակ եա Պէյօղլուի, եա Ղալաթիայի պալըխբազարները կը գտնուի լէվրէկ պալըխի, վախդը անցած է, կտնուելուն ալ շատ շիւպհէ ունիմ, ամա մէյ մը նայէ. բէք սուղ ծախելու համար պազը պալըխճի կը պահէ: Ինչ ընես չընես` պիտի կտնաս ատ ծուկը. կտա՞ր մի, կ՚առնես ինծի կուգաս, փուշը կը հանենք մէջէն ու պան մը կը կարդամ վրան, ետքէն տուն խաւուռմիշ կ՚ընես, կը ծեծես, թոզ կ՚ընես, իրիկունը էրիկդ կայ նէ` կերած կերակուրին, խմած խախվէին մէջ մէյ մէկ քիչ կը ցանես, կ՚ուզես նէ, եաթախին մէջն ալ կրնաս ցանել: Էյէր ամիս մը չքաշած` էրիկդ բիրիբաք չըլլայ նէ` թո՛ղ ինծի ֆալճի Մարեամ չըսեն: Հատէ կընա տէ ըսածս ըրէ, ախճի՛կս, ամա մութլախ ընելու է, հէ՛մ տուն պիտի ընես, պաշխասին չպիտի իմանայ:

Դուրս ելաւ Սիրանոյշ գլխիկոր, բայց մեծապէս սփոփուած: Միտքը դրաւ այն իրիկունը իսկ, մութ ատեն, ամէն վտանգ աչք առնելով, յիշեալ ձուկը փնտռելու ելլել եւ ինչ գին ալ ուզուի՝ տալ:

Բերայի փողոցներուն մէջ լապտերները արդէն վառուած էին, բարակ անձրեւ մը կը թփթփար. կառքերուն ու անցորդներուն երթեւեկը ցանցառած էր: Կին մը` գլուխը սեւ շալի մը մէջ փաթթած մտաւ այն փողոցը, ուր հայ ձկնավաճառներ սփռած են իրենց տեսակ տեսակ ձուկերը, որոնց յատկութիւնները կը ծանուցանեն մեծադղորդ գոչիւններով: Կինը՝ երկչոտ քայլերով մօտեցաւ առաջին ձկնավաճառին ու կամաց մը հարցուց, թէ լէվրէկ ունէ՞ր: Մարդը կնկանը երեսը նայեցաւ զարմացումով, գլուխը քերեց եւ ըսաւ.

Ին՞չ կ՚ըսես, քուրի՛կս, աս վախիդ լէվրէ՛կ, նէ՜ կ՚էզէր, իմ քովս չկայ, պաշխասիին հարցուր:

Սիրանոյշ, ինքն էր, թեթեւ հառաչ մը արձակեց եւ հեռացաւ. քիչ մը վար ուրիշ ձկնորսի մը դիմեց ու նոյն հարցումը ըրաւ.

Իմ քովս չի կայ, քուրի՛կս, ամա, ինծի կուգայ քի Համբիկը ունենալու է. ան շուն շանորդիին քովը ամէն պան կայ, ինծի նայէ, սա վարը սօլ թարաֆի խանութը կը տեսնա՞ս կոր. ներս մտիր, Համբիկ հարցուր, պէլքի ան ունի:

Մանկամարդ կինը ցուցուած խանութը ուղղուեցաւ եւ ներս մտաւ դուռնէն: Բարձրահասակ մարդ մը կեցած էր եւ չավէլաներուն մէջ ձուկերը շարելու զբաղած. ոտքի շշուկ մը լսելով ետին դարձաւ: Կինը ներս մտած ու քովը կեցած էր:

Համբիկը դո՞ւն ես, հարցուց:

Այս ձայնը լսելուն պէս ձկնորսը ամբողջ մարմնովը դողդողալով.

էս եմ, ըսաւ:

Լէվրէկ պալըխի կը գտնուի՞ քովդ, ինչ որ ուզես` կուտամ:

Ձկնորսը քայլ մը ետեւ գացած էր եւ պլպլացող կանթեղին լոյսովը դէմքը կը դիտէր այդ յաճախորդուհիին: Դառն եւ աղետալի ժպիտ մը սահեցաւ ձկնորսին շուրթերէն:

Կը կտնուի, պատասխանեց համր ձայնով:

Եւ ծռելով, թակոյկի մը մէջէ ձուկ մը դուրս հանեց, չավէլայի մը վրայ դրաւ եւ մատովը ցուցնելով,

Իշտէ՛, ըսաւ:

Ի՞նչ տալու եմ:

Հիմա կ՚ըսեմ:

Ձկնորսը բացաւ շապիկին կուրծքը, ձեռքը ներս խոթեց ու կարճ խուզարկութենէ մը ետքը, թուղթի մը կտոր դուրս հանեց, ձուկին կռնակին վրայ բացաւ զայն եւ Սիրանոյշին դառնալով`

Սըվիկա կիտե՞ս ինչ է, հարցուց:

Մանկամարդ կինը ծռեցաւ ծաղկանկար թուղթի մը վրայ, որ սակայն ժամանակ անցնելով դեղնած էր. ու կարդաց.

Պաշտելի Արամս,

Ետ քաշուեցաւ ափ ի բերան եղած, ձկնորսին երեսը նայեցաւ սոսկումով եւ ակռաներուն մէջէն մրմնջաց.

Համբի՜կ…

Ճիտէդ պաչիկ մը, պատասխանեց ձկնորսը ձեռքը ձուկին վրայ դնելով եւ Սիրանոյշին նայելով յօսնութեամբ:

Անոնց աչուըները պահ մը իրարու մէջ մխրճեցան. իրարու շատ բաներ ըսին անոնք անձայն, մո՜ւնջ:

Յետոյ, շալը հանեց Սիրանոյշ, գլուխը դէպի առաջ խոնարհեց` մորթուող ոչխարի մը համակամութեամբը, վեր առաւ ծոծրակին մազերը եւ ձկնորսին մօտենալով ըսաւ.

Պա՛գ:

Համբիկ պահ մը դիտեց իր առջեւ խոնարհող այդ դժբախտ արարածը, աչուըներուն մէջ թացութիւն մը երեւցաւ, փոխանակ ծռելու քայլ մը ետ գնաց եւ ձայնով մը, ուր խորին տխրութեան երանգ մը կար, ըսաւ.

Չուզէ՛ր, առ ձուկը կընա: