Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մտերմական սիրով կ’առաջարկես, սիրելիդ իմ Արփիար, որ հոտ Մասիսի համար պանդուխտներու կեանքէն գրեմ։ Ի՞նչ գրեմ։ Երէկ Պ. Շաքարեան արտամետու մէկ խնձոր տուաւ ինձ։ Ի՜նչ երկիւղածութեամբ ձեռքս երկարեցի. եւ ո՜րչափ խնամով փոյթ ունեցայ որ գրպանիս մէջ չվնասուի։ Նկարագրեմ զայն։ Նախ պէտք է դիտել թէ անհամեմատ է այն, երբ կը խորհես որ երեսնօրեայ ճամփորդութեա՛մբ անցած է սրտիդ սիրած վայրերէն եւ Սեւ Ծովու անդունդներէն, եւ տակաւին իր բուրումն անկորուստ կը պահէ։ Իր գո՞յնը, մո՞րթը։ Մարած կարմրութիւն մը ունի խնձորն իր այտերուն վրայ, տեսակ մը գիծեր որ տժգոյն դեղնութեան մէջ կ’անհետին կամ անորոշ կերպով կը խառնուին։ Մորթը քաշուած է, եւ ծերունուոյ մը խորշոմեալ ու երիթացեալ կերպարանքն ունի։ Կը ցաւիս իր վրայ։

Առաջարկութիւնդ ըստ պատշաճի կը յիշեցնէ ինձ այդ խնձորին նկարագիրն, եւ խորհրդաւոր պատկերն զոր իր վրայ ունի պանդխտութիւնն։ Դեղնութիւն, թարշամութիւն, առոյգ կենաց մէջ երիթացեալ ծերութիւն։ Ի՞նչ բուրումն ունի այդ պանդխտութիւնն. եւ ի՞նչ գրեմ։

Գոհ պիտի ըլլա՞ս որ այդ թղթէ լերան ստորոտը փռեմ պանդուխտին պատառոտուն զգեստները. անոր արիւնոտ սրտէն, մաշած կուրծքէն վէրքեր դնեմ հոն. եւ օր մըն ալ անոր դագաղն առջեւէդ անցնեմ դէպի Պալըգլը տանելու։ Գոհ պիտի ըլլա՞ս եթէ նկարագրեմ քեզ այն չարաչար կեանքն յոր դատապարտուած է մեր նժդեհ «երկրցին». ձմրան ցրտէն, ամրան ջերմէն աւելի սաստկագոյն կը կեղեքեն զնա անիրաւ պարտապահանջը, ընտանեկան կարօտ, եւ պանդխտութիւն ըսուած դարաւոր հիւանդութիւնն՝ որ առասպելեալ անգղին պէս՝ անոր լեարդէն փակած կը կրծէ ու կը կրծէ։ Գոհ պիտի ըլլա՞ս եթէ թղթէ թեւերուս վրայ առած՝ նետեմ զքեզ ի քթթել ական պանդխտին տունն, ուր անգութ վաշխառուն նստած սէնէտներ կը խմբագրէ. ուր կին մը, ամէն տառապանաց անտրտունջ կը տոկայ. մատաղ մանկունք անհայր կը մեծնան, եւ ուր օր մը, սեւ օր մը, երկար տարիներ անցնելէն ետքը, երդիքէն թուղթ մը կը ձգուի գիշերը. գուժկան է այդ, եւ ցաւագին վախճան այնքան անձկութեանց ու կարօտակէզ ըղձից։ Գոհ պիտի ըլլա՞ս եթէ անարուեստ ոճով մերթ ընդ մերթ պանդուխտին նամակներէն հատուածներ դնեմ հոս. նա ինքը խօսի քեզ իր պանդոկէն, իր տնէն, իր սրտէն, իր վէրքերէն. տեսնես, տեսնե՛ս որ մէկ հսկայ մարդ, աշխատասէր գաւառացի, շլինքն արեւառ, քրտինքն երեսին, բեռը շալակած, շատ անգամ իր քսակին մէջ, ուրկէ պէտք է իր պարտքերն հատուցանէ, իր կինն ու զաւակունք, ծնողք կերակրին, մէկ ստակ իսկ չ’ունենար։ Ասոնք պիտի գրեմ. եւ ահա ծրագիրս ուր հարկաւորաբար եւ բնականաբար, կարգ չպիտի դնեմ։ Վիշտերը կարգ ու օրէնք ունի՞ն։

Եւ սակայն որո՞ւ գրեմ. մեր նազելաշուք տիկինը պիտի յանձն առնո՞ւ պանդուխտին ցնցոտիներու վրայ ակնարկ մը ձգելու պատիւն ընել. մեր յղփացեալ մեծատունը պիտի զիջանի՞ գիտել որ ղարիպն՝ ուրկէ տակաւին արհամարհանօք խոյս կուտայ, իր իսկ եղբայրն է աշխարհի եւ Աստուծոյ առջեւ. հաւատալ թէ մէկ պանդուխտ հայ՝ որ իր տիոց թարմ ժամանակէն մինչեւ թառամ ու թարշամները՝ Վոսփորէն կ’երթեւեկէ, եւ իր հայրենի ծխանի մէջ լեռներու տակ ծուխ կը պահէ, հազարաւոր գաղթական հայեր կ’արժէ։ Օրինակաւ բացատրեմ որպէս զի յուզման վայրկեաններու ցնորք չհամարիս։ Հավաւցի երկու ընկեր էինք. տիք ու տարիք միեւնոյն. գրեթէ իրարու մօտ հասակաւ պանդխտութեան ելանք. նա արուեստի գնաց, ես՝ դպրոց. ես լաւ ապրեցայ, նա աղքատ։ Բայց այսօր ի՛նչ կ’արժենք Ազգին առջեւ եթէ արդար կշիռքին մէջ դրուինք երկուքս, ես եւ նա։ Մինչ ես դպրոցէն դուրս կ’ելնէի, նա հայրենիք դարձաւ. իր հայր մեռած էր՝ թողլով այրի կին մը, հինգ հատ մատաղ մանկիկներ, գուցէ պարտուց սէնէտներ ալ պարտապահանջներու քով։ Իր ուրագին ու քրտանց շնորհիւ հայրենի ծխանին մէջ մուխն անպակաս մնաց. հինգ մատաղ եղբայրները մեծցան, եւ այսօր իւրաքանչի՛ւրն մէն մի կտրիճներ են. ունին հսկայ հասակ, իրենց հօրը տունը շէն կը պահեն հարսներով, մանկիկներով, արուեստի մէջ ճարտար են եւ այլոց ալ տուն կը շինեն։ Իսկ ե՜ս ի՛նչ ըրի ազգիս. ի՞նչ կ’արժէ գրադարանս որ հին ու նոր գիրքերով կը հեւայ։ Մերթ ընդ մերթ, ուրախ կամ ցաւած, բուռն տպաւորութեանց տակ քանի մը էջ գրուած նետեցի մամլոյ ներքեւ։ Ուստի ամէն անգամ որ կը տեսնեմ զնա, մանկութեանս ընկերն ու սիրելիս, իր տգիտութեան մէջ իսկ կը տեսնեմ ոչնչութիւնս։ Անհամեմատ չէ՞ այդ երիտասարդն որ այսօր կարող է ըսել, թէ ուրագիս ու բազկիս զօրութեամբ հինգ կտրիճ իրենց հարսներով ու մանկիկներով, եւ բարեկեցիկ տուն մը կը նուիրեմ ազգիս։ Այո, սիրելիս, դու շա՜տ կ’արժես. դու օրհնեալ, բազուկդ օրհնեալ։

Ալ պիտի հաւատա՞ն թէ այն գաւառացին՝ որ իր տունն ու տառապանաց ոգուով կը փարի, հազար կ’արժէ. պանդուխտին ցնցոտին, կոշտացած ձեռքը, երեսից քրտինքը, մեր պճնազարդիկ ցոյցերէն, մետաքսեայ կերպասէն, քնքուշ թաթիկներէն աւելի կ’արժեն կշիռքին մէջ։ Ի՞նչ կ’ըսեմ։ Պանդուխտներ կը պատմեն թէ մէկ օր, չգիտեմ Պոլսոյ ո՛ր թաղին մէջ, Հայ տունէ մը դագաղ մը դուրս կը հանեն. կին մը, հաւանաբար մեռելին մայրը, պատուհանէն դուրս ծռած կը ճչէ ողորմագին. Ախ որդի՜ս, խաներուն մէջ պէքեա՞ր կը պակսէր։ Կը տեսնե՞ս, սիրելիս. գաւառացին ոչ թէ հայ, այլ մարդ իսկ չէ եղեր. նա քարէն ծնած է. լեռնէն բուսած է. որպէս թէ մօր մը ստինք ծծած չէ. որպէս թէ մայր մը անոր օրրանի երգ ըսած չէ՛, գիշերն անոր սնարին վերեւ տքնած չէ՛. նա ծնողք չունի, զաւակ չունի, տուն չունի, տեղ չունի։

Նախորդ շաբթու չմոռցուեցա՞ւ պանդուխտն. ո՞վ բաժակ առաջարկեց ի կենդանութիւն այն աղքատ բեռնակրին՝ որ չէ թէ միայն Լուսաւորիչ եկեղեցուոյ քարերն արցունքով թրջած է եւ շնչովը տաքցուցած, այլ եւ տաճարին կանթեղներուն մէջ իւղն անպակաս ըրած է իր տասնոցովը։

Եւ սակայն հարկ է գրել. գրենք նոր սերնդեան համար, եւ պարբերաբար վէրքեր դնենք մատաղ սրտերու մէջ։ Նորը մերն է. մե՜ծ փոփոխութիւն կը տեսնուի: Փորձովս գիտեմ որ մեր դպրոցական ժամանակի մէջ տաժանելի բան էր գաւառացի ուսանող ըլլալ Պոսլոյ ոեւէ վարժարանի մէջ։ Եթէ կորովի բազուկներ տարեր ես հետդ, լա՛ւ, եթէ մէկ զարնելով կարող ես երկուք գլտորել, աղէկ. իսկ եթէ ոչ, ամէն ժամ համբերութեամբ տոկալու է այն ամէն նախատանաց, անարգական բառերու, զորս պարտաւոր ես լսել ամէն աշակերտակից եղբայրներէդ։ Հապա ո՞ւր թողունք խայտառակ կառավարչիդ արհամարհոտ նայուածքն՝ որոյ սուր սլաքներու ենթակայ ես, անկարեւորութիւն՝ յոր դատապարտեալ ես չարաչար աշխատութեամբ ու անվհատ ճգամբքդ, սուր ու կծու դիտողութիւններ՝ զոր պիտի լսես անլռելի։ Իսկ այսօր ամէն հայ դպրոցական իր պանդուխտ եղբօր համար խանդաղատանք ու աղապատանք ունի, գորովանօք կը նայի Վանեցի, Մշեցի եւ Սեբաստացի աղքատիկ ուսանողին. շատ անգամ անոնց պէտքերը կը հոգայ՝ թուղթ, գրիչ, գիրք ու մելան տալով։ Եւ երբ մեր փաղփուն ընկերութեան «մարմառ թշերն» ու թեթեւ քամիէն փրփսացող «փրփուր շորերը» կը դիտեմ յուսահա՛տ, ժաժ տալով գլխիս՝ կը դառնամ Հայոց մանուկներու. հեշտութեամբ, կը նայիմ այդ մատաղերամ խմբին, Քրիստոսի սիրականներուն, որք՝ մանրիկ կայծերու պէս ցիրուցան մեր հորիզոնին վրայ՝ նշուլագեղ համաստեղութիւնք կը յօրինեն։ Իրաւունք չունի՞նք ըսել թէ այդպիսեաց է։

Արդ, հարկ չկայ ըսել, սիրելիս, թէ առաջարկութիւնդ ընդունած եմ, եւ պարբերաբար Մասիսիդ պիտի բերեմ Պանդուխտի կեանքէն։

 

«Մասիս» 1888, թ. 3919.