Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կը յիշէք անշուշտ, Ա՛րփիար, խնձորին պատմութիւնը` զոր նախորդ տարի Պանդուխտի Կեանքէն յօդուածոցս դռնակն եղաւ։ Նոյն ծառոց խնձորներէն այս տարի ալ ղրկված է Շաքարեան թղթով մը, որուն մէջ կը գրէ. «Այդ նուէրները քանի՜ցս թանկագին եւ նուիրական են ինձ. մօրս փափկիկ ձեռները հպեր են ատոնց, սիրական եղբայրս եւ անուշիկ քուրերուս, քնքուշ մատունք շօշափել են ատոնք, կարծես դեռ եւս ատոնց խորշիկներու մէջ թաց կը մնան մօրկանս աղի արցունքը, դոցա մէջ կը շողշողեն սիրելեացս ցանկալի պատկերը։ Դոքա իմ ձեռատունկ խնձորենեայցս պտուղներն են, զորս որբ թողել եմ. կարօ՜տ մնացած անոնց տեսքին ու հասակին»։ Մենք ատոնց դանակի ծայր չենք դպցներ, կը նայինք, կը հոտոտենք ու կը հառաչենք. կը դարձնենք ասդիս անդին, կը գգուենք, կը շոյենք, եւ վայրկեան մըն ալ յուզուած, տրորուած յիշատակներով՝ կը լուանք արցունքով եւ ի բաց կը դնենք։ Այս խնձորները տակաւին ճամբայ չելած, Շաքարեան գիր առած էր անոնց մասին, եւ ուրախ սրտով կը սպասէր։ Կը հասնին, քանի մը օր իրեն հիւր կը պահէ, եւ տեսնելով որ զինքը կը խռովեն, ինձ ղրկեց գրելով նոյն թղթի մէջ, թէ «Ձեզ տամ, թող աչքէս հեռի գտնուին վէրք ու վիշտ յուզող այդ տխուր պատկերները. վիրաւորները դուրս նետեցի այն պանդուխտ մեռելներու պէս, զորս դու կը տանիս կը հանգչեցնես Պալըգլուի սեւ նոճեաց ցուրտ հովանուոյն տակ»։

Իսկ ե՞ս ի՛նչ պիտի ընեմ. մէկ հատ բաւական է ինձ, եւ սենեակս իր անուշ բուրմամբն ու յիշատակաւը լցուած է. մնացեալները կը ղրկեմ ձեզ. մե՛կը ճամբեցէ՛ք Եղիային իբրեւ սուրբ յիշատակ մը Վասպուրականէն, միւսը ձեր քովը պահեցէք իբրեւ կենդանի պատկեր մը ցաւոց եւ կսկծանաց, եւ այսպէս ուրիշներն ալ իրենց հասցէին. մէկը Կամսարականին, միւսը Գառնիկին, հատ մը Աղեքսանդրին, ուրիշ մը Օննիկին, եւ վերջինն ալ մեր Լեւոնին, թոռմած մը սակայն, եւ արցունքս ալ վրան, ի սփոփանս իր այրած սրտին եւ դառնակսկիծ մորմոքանաց: Մեք սովորութիւն ունինք, մեր պապերէն մնացած, մեռելին տիրոջ բան մը տանել, եւ որուն սրտարցունք անունը կուտանք. թող մեր սրտարցունքն ըլլայ առ Լեւոն ինձմէ եւ Շաքարեանէ։

Ո՞վ է այս Շաքարեան, զոր ստէպ յիշելու քաղցրութիւնը կ’ունենամ։ Պանդուխտ երիտասարդ մըն է, նորահաս, յօնքերով թաւ, գլուխը սրտին պէս քիչ մը կախ, իր խնձորներու գունովը, եւ քսան չորս քսան եւ հինգ տարեկան։ Չգիտեմ ի՛նչպէս եղած էր, աւուր մէկը Սամաթիոյ վարժարանի պաշտօնեայ կոչուած էր խանէն։ Ես անսպառ խնդումովս շո՛ւտ ծանօթացայ այդ տխուր երիտասարդին, որ իր հայրը նոր տարած էր հիւանդանոցէն գերեզման. եւ մեր մտերմութիւնը սրբագործեց մէկ բաժակ գինի։ Ա՛լ իր սիրտը բացուած էր ինձ. ցաւով կը տեսնէի այն կո՛յր ատելութիւնը, զոր իրեն հետ մնայուն պաշտօնակիցք, իրաւ կամ անիրաւ, երեսին ու կռնակին կը նետէին. ամէնքն էլ խօսելու ըսելու մէյմէկ բան կը գտնէին. մէկը կ’ըսէր թէ բան չգիտէ, միւս մը թէ՝ իր լեզուն չհասկցուիր, եւ այլ ոք՝ թէ ո՞վ է այս խըմպըլը, ո՞ր տեղէն գտան ու բերին». եւ տակաւին շա՜տ՝ շատ բաներ։ Աշակերտութենէ ելնելէս ետքը՝ առաջին անգամ մըն էր որ կը տեսնէի թէ մեր եւ ատոնց մէջտեղ գտնուած բացը՝ տակաւին լցուած չէ այն եղբայրութեան սիրով, որ Պէշիկթաշլեանի քնարը կը դաշնակէր՝

Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն

Քան զանձկալի եղբայր անուն։

Յանցանք կը համարենք մեզ տակաւին որ սուրբ հողերուն զաւկներն եղած ենք, լեռան, քարին, հովին, ջրին եւ օդին ազդեցութիւնն ունինք մեր շրթանց վրայ եւ կը խառնենք զայնս մեր բառերուն մէջ, մեր հառաչքին ու արցունքին հետ։ Շաքարեանի յանցանքն ալ ճիշդ այս եղաւ, զի գաւառացի էր, զի իր բնիկ աշխարհին շեշտերը, առոյգ եւ կորովի, տակաւին ողջ պահած էր։ Խոշո՜ր մարդ մըն ալ, ամօ՜թ իրեն, կծու դիտողութիւն ըրած էր, եւ զիս ալ, ծանօթ համակիր պանդուխտներու, ամբաստանած էր իբրեւ անիրաւ պաշտպան մը։ Ես ի՞նչ ըրեր էի, շատ անգամ աղաչած էի իր կո՛յր ատողներուն որ այդ պանդուխտ երիտասարդին սիրտը կրկնակի չվիրաւորեն. ըսած էի որ գուցէ մէկ օր համբերութիւնն սպառելով՝ հառաչանք մը կը թռի դէպի վեր եւ ձեր ամբարիշտ գլուխներն անոր տակ կը խանձին…։ Վարժարանաց Հոգաբարձութիւնն ալ որ այն ատեն սրտով տաք էր իր գործունեայ ուսուցիչներու մասին թեթեւամիտ չգտնուեցաւ. ինծի հետ նշմարած էր որ Շաքարեանի սանիկներն իրենց պանդուխտ ուսուցիչը կը հասկնան ու կը սիրեն, եւ լռելեայն ուժգին բողոքոյ ձայներ էին այն կոյր ատելութեան դէմ զոր վերէն ու վարէն այդ երիտասարդին կը նետէին։ Անկէ ի վեր երկու տարի անցաւ. յայտնի եղաւ որ մանկավարժական օրէնքներու ծանօթութիւն ունի. իր սանիկները կ’երգեն իր երգերէն, իր ոտանաւորները կ’ուսնին, իր դասերէն կ’օգտուին եւ կը սիրեն զինքը։ Համբաւ ալ ունեցաւ. կ’ուզուի միշտ դէս ու դէն, բայց նա, թէեւ գանձէն ու գանձապետէն ակամայ դժգոհ, յանձն չառնուր հեռանալ այդ ժողովուրդի թաղէն։

Երկու տարի անցաւ, այո, երեք տարի ալ առաջ ունէր, եղաւ հինգ տարի որ պանդուխտ է։ Եթէ իր ամսականները կանոնաւոր վճարուին, պիտի աշխատի հոս, պարտամուրհակներ պիտի պատռէ, չպիտի թողու որ Համզօ աղային դիմէ իր եղբայրը. պիտի ապրի, պիտի հագուի, իբրեւ ուսուցիչ, մաքուր ու կոկիկ, սենեկի վարձք եւ գրքի ու թերթի ստակ պիտի հասցնէ շոգեկառքի, գէթ անձրեւոտ օրեր, ծախք պիտի հոգայ, դրամ պիտի աւելցնէ եւ ապա հայրենիք պիտի դառնայ։ Թէ ի՞նչպէս պիտի յաջողի. ասոր որոշ պատասխան չունիմ. իմ գիտցածս այս է միայն որ երկու տարի է կ’աշխատի սրտով հոգուով եւ խնայողութեամբ, պարտքերէն կը հատուցանէ մաս առ մաս, եւ 50 ոսկի պարտքը, 60ի բարձրացաւ. մօրը, քուրերուն եւ եղբարց կաթոգին սէրն ալ ամէն թղթի մէջ ծրարուած կուգան տաք տաք ու կը խռովեն զինքը։ Երբեմն կը հարցնեմ թէ ի՛նչպէս պիտի յաջողիս, սիրելիս։ Աստուած ողորմած է, կը պատասխանէ հաւատով։ Մեր պանդուխտներու հաւատքն է այդ, որ կը զօրացնէ զիրենք չքաւորութեան մէջ, պարտքերու տակ եւ կրակոտ բաղձանաց ներքեւ. անձնուրացութիւնն է այս, «չորս պատի մէջ փակուած կալանաւորին անձնուրացութեան նման, որ իր բանտը պէս պէս երանգներով կը նկարէ»։ Աստուա՜ծ, այդ է գունաւոր պատկերն, ուր պշուցեալ կը քալեն, բեռներու տակ ծռած։ Աղօթենք, Արփիար, որ Աստուած ալ օր մը դառնայ եւ անոնց նայի։

 

«Մասիս» 1889, թ. 3930.