Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անկէ ի վեր բաւական տարի է, եւ ի՛նչ որ մնաց յիշողութեանս մէջ, մութ պատկերի մը գիծերուն պէս են՝ որ կ’արթննան կանթեղի մը առկայծ շողերուն տակ։

Պանդուխտ ուսանողի մը ի տես գացած էի կաղանդի նախընթաց օրը։ Հիւանդանոցին ժամը ութը կը զարնէր, եւ ես տակաւին նստած էի մեր հիւանդին գլխուն վերեւ։ Օ՜հ, տխուր պատկերներ, որ կը պարզուին այդ սրահներուն մէջ, Կաղանդի մտածումին հետ, քիչ մը աւելի կը տխրեցնէին զիս։ Կը նայիս չորս կողմդ. մահճակալներու վրայ թեթեւ խլրտումներ. վերմակները կ’երերան. աղտոտ ոտք մը կը կախուի յանկարծ մէկ քովէն. կոշկռոտած ձեռք մը դուրս կ’ելլէ միւս քովէն, ու երկնցած, ձգտած, շռախ կ’իյնայ երկաթներուն վրայ, ու մէյ մըն ալ գլուխ մըն է՝ որ կը ցցուի, քրտնած, խճճուած մազերով, վերմակին ու բարձին մէջտեղը։ Եւ այս ամէն կենդանական կամ մեռելական շարժումներուն մէջ կը տարածուի խուլ տքտքոց մը, եւ տաք հառաչանք մը կրակէ թեւերով կ’երերայ մթնոլորտի մը վրայ, որ բովանդակ սարսուռ կը ցանէ չորս կողմդ, գլխուդ վերեւ, ոտքիդ տակ, աչքերուդ առջեւ։

Ի՞նչպէս ես Մկրտիչ։

Խոշոր մոլար նայուածք մը, մահաշշուկ ցոլացութիւն մը բիբերուն վրայ բռնկած, եւ յետոյ մռլտուք մը, որ բան մը չի հասկցներ ինծի, եւ որ թերեւս, ամէն բան մէկանց կը հասկցնէ։

Ի՞նչ գրեմ հօրդ։

Կ’ելլէ նստելու, ձեռքերը չորս կողմ կը պտտցնէ, եւ անդիէն հիւանդապահն է՝ բերնին կը հասցնէ թաս մը ջուր, պաղ պաղ, զոր կը քաշէ կուրթ կուրթ, եւ յետոյ, նորէն կը ծրարուի վերմակին տակ։

Հաճի՛ աղբար, ի՞նչպէս կը գտնէք մեր հիւանդը։

Հիմակուհիմա լաւ չէ. 39 ½ աստիճան տաքութիւն։ Նայինք, Աստուած գիտէ։

Այդ տարտամ անստուգութեան մէջ, ուր մշուշը աւելի կը թանձրանայ, քանի մը վայրկեան ինքզինքս մոռցած եմ, ձեռքս ձեռքիս վրայ, աչքերս անքթիթ այդ նորատի կեանքին վրայ, որ կը պլորուէր, կը գալարուէր տենդին սաստկութեանը մէջ, բոցերու մէջ կծկուած մագաղաթի կտորուանքի պէս։

Այդ վերմակին տակ՝ այդ կէնճ արեւը։

Անդին խըռխռուք մը։ Կը դառնամ մէկ քով։ Սվազցի համալ մը կեցած է մահճակալին վերեւ։ Տարիքը յիսունէն անցած կ’երեւնար, խոշո՜ր մարդ մը։ Տխուր էր կերպարանքը, մահուան չափ տխուր։ Սկսաւ մեղմով դառնալ մահճակալին բոլորտիքը. վեր կուգար՝ ձեռքը ճակտի մը վրայ դնելու, վար կ’երթար՝ երկնցած ոտքեր շօշափելու, քովերը կ’անցնէր՝ կուշտերը քննելու։ Անխօս, անշշունջ, տագնապի մէջ կ’երեւնար, ստուգութեան պէս բան մը ունէր ձեռքին տակ, որու մասին տարակոյս մը ստեղծելու հետամուտ էր եւ կը ջանար հեռացնել ատիկա, մահուան ստուգութիւնը։ Բայց զուր, խըռխռուքը սաստկացաւ, վերմակը հիւանդին կուրծքին վրայ կ’ելլէր կ’իջնէր ալետատան։ Մարդը կանգ առաւ, նստեցաւ աթոռին վրայ, եւ այնուհետեւ աղտոտ թաշկինակ մըն էր որ սկսաւ արցունքի խոշոր կաթիլները ժողվել իր խաշած, թառամ կոպերուն վրայ։

Իսկ անդին, հիւանդապահը կ’անցնի կը դառնայ անտարբեր, կարծես խարազանի սկզբնական մղումի մը տակ որ հոլը կը պտուտքէ, կը նայի ամենուս ալ, բան մը չի փոխուիր իր դէմքին վրայ, իբրեւ թէ մեզի ըսած ըլլար. խե՜ղճ մարդիկ, կը ցաւիմ վրանիդ։ Բժշկապետն ալ կուգայ իր օգնականին հետ, եւ նայուածքի մը տակ հասկցած էր։

Հա, Սվազի տղան է, գիտեմ։

Եւ յանկարծ խըռխռուքը կը դադրի… իսկ համալը բազկատարած ինկաւ մահճակալին վրայ, գրկեց մարմին մը, երեսն երեսին, բերանը բերնին, եւ սրտակտուր աղաղակ մը խորերէն.

Ա՜խ, զաւակս…։

Ու խեղդռտուկ հեծեծանք իրարու ետեւ։

Շուտ հասան մեռելութեան սպասաւորները։ Կը բանան վերմակը, մէկն ասդիէն, միւսն անդիէն, եւ մէջտեղը կ’երեւայ աղուո՜ր հասակ մը, խաղաղ պառկած, քամուած, սպառած դէմք մը՝ որ իբրեւ միակ զարդ կը պահէ աղեղնաձեւ յօնքեր, նոր մրոտած պեխեր, ու երկայն թարթիչներ։

Դէ՜հ, շուտ ըրէք, տղա՛ք, ժամանակը ուշ է, կը գըմռտայ իրենց պետը։

Կը հանեն, կը մերկացնեն դիապատիկները, եւ, փաթթած վերմակին մէջ, կ’առնեն կը տանին անհարկի տոփիւնով մը։ Փսփսուք մը կ’անցնի անկողինէ անկողին, գլուխները դուրս կը ցցուին ճերմակ գտակներով, եւ սարսուռ մը կ’իջնէ վերէն վար։

Մեռե՞լ կայ։

Անանկ ըլլալու է։

Ի՞նչ տարիքի մարդ։

Կէնճ է՝ կ’ըսեն։

Այո, կէնճ ու կանաչ տարիք մը որ, խորշակէն զարնուած տունկի մը պէս, դեղնած ու չորցած էր…։

Համալը անշարժ կեցած, կը գրկէ հիմա բարձը, ուր վայրկեան մը առաջ կը հանգչէր իր զաւկին գլուխը. կը ծրարէ խոշոր բազուկներուն մէջ եւ ամբողջ դէմքը կը ծածկէ անով՝ հոտուըտալու հոն ինչ որ կրնար մնացած ըլլալ իր սիրականէն, քրտինքին հոտը, մազերու թելիկներ, երեսներուն կաշիէն հոն թափած փոշին։ Եւ, մերթ ընդ մերթ, խուլ, խեղդուած աղաղակը նորէն.

Վա՜խ, զաւակս, վա՜խ։

Հազիւ կէս ժամ անցած, այդ խամրած կեանքին յուղարկաւոր էի հօրը հետ։ Մարդը, իր ուժերն ամփոփելով որչափ կարելի էր, հետեւեցաւ դագաղին, աչքով տեսաւ զաւկին մահը, աչքով տեսաւ իր զաւակը պառկած հողին մէջ, եւ վայրկեան մը ետքը, հասակին վրայ չափուած հիւսուած հողակոյտ մը որ վերէն կը սեւցնէր ու վերմակի պէս կը փռուէր սարի լանջքի մը վրայ։

Ադ ալ՝ այդ վերմակին տակ։

Ժամանակը կ’անցնէր, եւ իրիկուան ցուրտ հով մը սկսաւ սարսուռը սրսկել ոսկորներու վրայ։ Հիւանդանոցին մարդիկը ներս մտած էին արդէն, եւ համալը, մենիկ մինաւորիկ ամայութեանը մէջ, իր քայլերը ուղղեց դէպի հոն ուսկից եկած էր առտուն։ Չկրցի զատուիլ իր հետքերէն մէկ ու կէս ժամ, եւ աղիքներս բզիկ բզիկ ըրաւ այդ մարդը։ Կը քալէր լռի՜կ ու կամաց՝ ստուերի մէջ երերացող պատկերի մը պէս. եւ մէյ մըն ալ ետին դարձած՝ «Ա՜խ զաւակս» սրտակտուր աղաղակը կը ձգէր հովին՝ որ կ’առնէր կը տանէր հեռուն։ Այսպէս մէկ ու կէս ժամ, մինչեւ որ հասանք կամուրջ, մութը գողցաւ զանի աչքերէս։

Անկէ ի վեր, Կաղանդի առջի ժամերուն, անցեալէն հատած տխուր յիշատակներուն հետ, կը քալէ երեւակայութեանս մէջէն այդ դողդոջ մարդը, բոցի մը պէս ոլորուն կը ժայթքէ իր բերնէն խո՛ւլ հառաչանքը եւ սրտիս կը զարնէ ձմռուան պաղ սարսուռին հետ։ Երկնցած մութին մէջ կը սեւեռիմ մտքով. հոս թարմ հողակոյտ մըն է որ անշշունջ կը փռուի, եւ անդին, հիւանդանոցի մէկ սրահին մէջ, թարմ կեանք մը՝ որ վերմակին տակ կը կծկուի ու կը գալարուի։

 

«Հայրենիք» 1895, թ. 1041.