Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՒԸ ՉԻ ՓՈԽՈՒԻՐ

«Պատգամախօսներ ատենին չեն մեկնիր, ատենին չեն դառնար, հսկելու գործը ընողները ուրիշ կողմ, փորուած աչքերով արձաններու պէս ոտքի վրայ կը քնանան, կոյրերը, ու երկինքին երեսը ծոյլ վարանք մը կը նշմարեմ:

Երթ ու դարձի սա շեղումները ու հսկողներու այն կամովի կերպերն ու անհոգութիւնները իմ յաւիտենապէս անփոփոխ հռչակած օրէնքներուս իմաստը կը ձախողեն որ ինծի աղէկ չերեւնար սակայն: Արեւին լոյսին ու գնացքին նայող պաշտօնեան առաջինն է որ անհարկի շտապում մը կը ցուցնէ եւ միւս լուսագունդերը գրեթէ երեսի վրայ թաղուած արագ չեն անդրադառնար, աղուոր չեն ճառագայթեր: Աստղերը՝ մէկ մէկ անուննին չպիտի ուզէի յիշել՝ հինին պէս ա՛լ շատ անուշ լոյսը չեն անձրեւեր վարերը: Հրատի ու Արուսեակի աչքերուն մէջ մարած բաներ մը կը տեսնուին, լուսնկան իր մեռելոյթի երեսովը տգեղ գանկ մըն է միայն, ծիր կաթին պղտոր գիր մը որ կամաց կամաց իր դիրքին վրայ կը սառի: Կապոյտը՝ երկնակամարի կապոյտը՝ վարերէն թռցուած կայծերէն խանձոտած, տեղ տեղ այրուցքի նշաններ կ՚երեւցնէ: Արշալոյսին բոսերը հետզհետէ չորցած կակաչին երանգովը սկսնակ ճաշակի կասկած մը կուտայ. անդին, վերջալոյսի աղուորութիւնները, թողուած են որ սարսռեցուցիչ հիւսիսայգի մը պատկերը կախեն գիշերին ճակատը, ո՞րն ըսել: Երկինքը այլեւս իմ փառքը չի ցուցադրեր, երկիրն ալ իմ մեծութիւնս շեշտող քնարը լռեցուցած, ցնորակոծ կռինչներով կը բաւականանայ: Աս ալ միայն անոր համար որ ծիածանը իր հալած լմնցածի անկումովը գէշ կամուրջ մըն է դարձեր պարզապէս, որու վրայէն միայն ես կրնայի հասկնալ թէ՝ դէպի երկիր մաքուր ներշնչումին ու աշխարհաշէն խաղաղութեան առաքումը օրը օրին ինչ արգելանքներու կը հանդիպի, ու երկիր, աշխարհ, ինձմէ տակաւ հեռացած ըլլալու, ուծանելու խամ գայթումներով, ի՜նչ ձեւազեղծութիւններու անձնատուր կը մնայ, ի՜նչ կնճռոտ բնազդներով կը տառապի, ի՜նչ պիղծ երազներով կը հեւայ:

Բայց, է՜հ, ա՛լ չպիտի կրնայի համբերել, կ՚ըսեմ, սա վիճակներով դեռ կը կասկածիմ որ ինծի, իմ գորովանքիս ապաւինող տիեզերքն ըլլայ վաղը յանկարծ իմ գլխուս փլչողը. կը մեռնիմ, կրնայ ըլլալ. այն պահուն իմ գործերս ալ կը մեռնին. այն ատեն դուք քիչ մըն ալ ձեր վիճակին խորհեցէք. ես հաւասարապէս ձեզի ալ կը մեղքնամ»:

Խորունկ, անշշուք մտմտուք մը սկսաւ այս խօսքերը մտիկ ընելու կանչուած երկնաբնակներուն մէջը: Դարերէ ի վեր առաջին մեղդրող ձայնն էր որ կը լսցնէր Աստուած իր շուրջիններուն, որոնք իրաւ է որ իրենց գործերը մոռցած ըլլալու աստիճան ստամբակ մեկուսացումով մը յիմարացած՝ երբէն ի վեր էր, սպասող կ՚երեւնային կարծես, որ ծերացած Աստուծոյ մը մահէն ետքը անոր ծիրանին բաժնեն մէջերնին:

Խաբուեր էին սակայն, ու պատճառն ալ ի՛նչ դերբուկ, որչա՛փ աշխարհիկ: Խաբուածները, յիմարացածները՝ անհուն բազմութիւն մը շողուն իրաններով գեղեցիկ հրեշտակներու, այս շատ բանաւոր ազդարարութեան վրայ շնչահեղձ՝ որքան շանթահար, թեւ բացին մէկէն ու իրենց գործերուն վազեցին: Հոն միայն մէկը կը տնտնար:

Օհ, քեզի հետ մնացինք հիմա, կ՚աւելցնէ Մեծ Տէրը, ըմբոստ մը չես կը յուսամ:

Իմ գործս շատ ծանր է, Տէ՛ր, չեմ կրնար:

Ի՞նչ գործ, ի՞նչ ծանրութիւն:

Ա՛լ ես ան աշխարհքը չեմ կրնար երթալ, ինծի վիճակուածը դժնդակ պաշտօն մըն է. մարդիկ ամէն օր կրակէ անէծքներ կը նետեն գլխուս. անոնք այնպէս են պաշարուեր իբր թէ՝ ես ըլլայի պատճառը իրենց լացերուն, մինչ ճշմարիտ է թէ ես մեռնողին միայն հոգեվարքին է որ կը հասնիմ, բայց որո՞ւ ըսես: Անոնք դեռ ծնած ատենին ալ կուլան, խելքիս չի պառկիր:

Շա՞տ կուլան:

Շա՛տ, Տէ՛ր, շատ, նոյն ճակատագրով վայողներ ամէնքն ալ, ամէն օր ալ այնպէս:

Քուկդ գոնէ անիմաստ առարկութիւն մը, այնպէս չէ՞:

Անիմաստ ինչո՞ւ, Տէ՛ր, երդում քեզի որ ետեւէս հայհոյողներ ալ կան:

Վա՛յ…

Ճարպիկ կ՚ըլլամ որ ձեռուընին չեմ իյնար, եթէ ոչ…

Բայց անիրաւութիւն է ըրածնին. արցունքներու մէջէն աչք թարթող նայողները գեղեցիկ կարմրալանջը սատկած ջղջիկ մը կը տեսնան, ծուռ կը տրամաբանեն. մարած այն ճրագներուն ետեւ ա՛լ իմ շունչս չկայ. ես իրենց մահ չեմ տուած, աղէ՛կ հասկցիր:

Մտիկ կ՚ընեմ, Տէ՛ր:

Նախ իրենք պէտք էին համոզուիլ թէ՝ կեանքը հրաշալի ամբողջութիւն մը ընելու համար ի՞նչ ընտրութիւններու ելայ, ի՞նչ թանկագին կաւ գործեցի: Մարդը գլխի ցաւ ունեցաւ վերջը, ասոր ես ի՛նչ ընէի, դուն ի՛նչ ընէիր: Եւ իրաւ, գլուխէն կանչողը ես ալ կ՚ըսեմ թէ յուսահատ բռնուած մըն է, հիւանդ մը որ իր մահը կը կանչէ: Մարդիկ աս ցաւը բոլոր ուրիշներու հետ իրենք շինեցին. վերջն ալ բնական էր որ գերեզմաններ շինելու հարկ մը ծնէր: Շատեր անմիջապէս օրրաններուն մօտ փորեցին այս փոսերը, ուրիշներ ալ քիչ մը անդին գացին, պեղեցին: Իմ սխալս ո՛ւր ըլլար: Այն գիւտն ալ ինքնին քի՞չ սքանչելի էր որ ամէն գոյն, գեղեցկութիւն տեղն ի տեղը համադրելէ ետքը, մարդուն կուշտը մազերով հրեշտակ մըն ալ տուի, գեղեցիկ կին մը:

Բայց… Տէ՛ր… քիչ մը իմ ըսելիքիս կուգաք, ես ալ այն կնկան վրայ պիտի…

Անոր միայն ժպիտը մեղրաւետող գիծերը՝ ժպիտին կախարդող հնարքը գտնալու համար՝ հազար տարի եմ մտածեր:

Շիտակ է…

Ի՛նչ հապա, դուն քուկդ ըսէիր:

Պահ մըն ալ թող ուրիշ մը, ես չեմ կրնար…

Պարզապէս դասալիք մը, չըսե՞ս…

Մի՛ մեղդրեր, Տէ՛ր, քեզի պէս ո՞վ կրնայ մտածել, կամ շիտակն ըսելով…

Ըսէ՛ք, մի՛ քաշուիք:

Կամ սա խիղճն առ, քեզի ըլլայ, կամ մանգաղը զատէ ձեռքէս:

Ինչո՛ւ, ինչո՛ւ:

Մինչեւ հիմա արդէն կտոր կտոր եղեր է հոգիս, քիչ մը ես զիս ալ մարդ կը հոտուըտամ, շատ կը մեռնին, շուտ կը մեռնին: Այդքան սմսեղ պղպջակի մը վերօքը ան հաստատուն ու յաւիտենական արեւն ալ չէր արժեր:

Բայց ի՞նչ կրնայի ընել, առանց արեւի չէր ըլլար:

Կամ կաւը փոխէ, շատ դիւրաբեկ է, կամ վերցուր:

Կի՞նը:

Ցաւերուն, մահերուն կէսէն աւելիին պատճառը, այո՛: Այն ցաւէն քիչ մըն ալ իմ գլուխս մտեր է:

Ամբարիշտ դո՛ւն:

Կամ այն կնկան աչքերէն գոնէ քանի մը թարթիչ պակսեցուր, շատ գեղեցիկ են:

Իմ մեծ գործս՝ կինը, անով միայն որ իրաւունք ունեցեր եմ տէր մնալու երկինքին, մի՛ քննադատէք: Երկրի բոլոր գեղեցկութիւններուն կեդրոնը ան է միայն, կինը. նա դեռ ուրիշ շնորհքներ ալ ունի՝ երկինքէն իրեն օժիտ տրուած, ինչ որ միշտ անհասկնալի՝ կամ մարդերը յուսահատեցնող առեղծուածներուն տեսակները պիտի մնան: Դուք, հոս ապրողներդ ալ, չէք կրնար հասկնալ. պարապը մի՛ բարբանջէք:

Ատկէ ի՞նչ:

Ատկէ ի՛նչ: Ան օրէն ի վեր գիտե՞ս թէ ինչ կատաղի հնհնուքներով, ի՜նչ անսանձ անսահման մարմաջով սկսաւ երգուիլ կինը, կնկան սէրը: Երկինք մը չի սեղմուող բանաստեղծութիւնը անոր կրծկալին ու գոգնոցին վրայ խտացուցին:

Կամաց կամաց գործիս կը խառնուիս. կը նեղուիմ:

Ես եղածն է կ՚ըսեմ, հիմա ալ մտիկ ըրէ ու տես թէ՝ օրին մէկը ձեր փառքերուն շուրջը սաւառնող թեւապարիկը ո՞ւր իջեր կը թալթլայ, ի՞նչն է ներշնչածը կամ ի՞նչ կասկածելի լարեր աւելցուեր են կուրծքը Ռափսոտներու քնարին, որ ալ չէք ճանչնար անգամ: Այն լարերուն եթէ ոչ ամէնքը՝ շատը ապահովապէս կատուի ու աքաղաղի աղիքներով հիւսուեր են: Մի՛ խնդաք, կ՚աղաչեմ, նեղուելու ալ ի՛նչ պատճառ ըլլար:

Ատի ես ալ կը խոստովանէի, իրաւունք ունիք, հապա՛ ինչ էր որ կ՚ըսէի թէ ձեր մէջէն այն ծիածանին կազմին ու գոյներուն հսկողը մասնաւորապէս, էն վատ գործողն է եղեր: Անկայուն, երերուն այն կամրջակին վրայէն ի՛նչ կրնայի ղրկել դէպի երկիր, դէպի մարդը: Ներշնչումին պակասովը միայն բանաստեղծութիւնն էր որ տուժեց, կ՚ըսես, մօրացած ջուրերու հոտ արձակեց: Աս չափը ես ալ գիտէի, ուրի՞շ:

Ուրիշ ի՛նչ, Տէ՛ր, ուրիշ ի՛նչ: Եթէ չպիտի ուզէիր վերջապէս որ օձիք ազատեմ պաշտօնէ մը որուն ծանրութիւնը ոսկորներուս կը սպառնայ, թող քու կամքդ ըլլայ, քանի որ դուն միայն քեզ գիտես:

Բանավէճ թէ խնդիր, հաճելի վերջքով մը կը փակուի, որուն վրայ աստուածներուն Աստուածը, մեծ Բարին, կը հաւանի իսկոյն որ այն կնկան աչքի ու դէմքի զգլխիչ թովանքներէն բաներ մը կիսելով արեւին ու կապոյտներուն ղրկէ, անոր գոյնէն ու բուրումներէն անտառներուն խորքը նետուած մենացած մանուշակին ու շահպրակներուն բաժնէ: Աղուոր բաժիններ մը հովիտներու ամայութեան վրայ սարսռացող անանուն ծաղիկները ունեցան, մրմունջին անուշ շեշտերէն կիսեց գիշերի պլպուլին տուաւ, աչքերու թարթիչներէն եղնիկին ու աղաւնիին ղրկեց: Նոր խորհրդաւոր սրբագրութիւն մը եղաւ ըրածը, իմաստուն համադրութիւն մը վերջին գեղեցկութիւններու, որոնց սքանչելի նորութեան վրայ ինք ալ զարմացաւ, բայց «այն կաւը չի՛ փոխուիր», ըսաւ: