Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԽԱ՛Լ, ՍԽԱ՛Լ
(Հոկտեմբեր 4-էն Նոյեմբեր 4)

Տարիներու ընթացքով օր մըն ալ մենք ունեցանք այն տեսակէն, ուր մարդ կը թողու պահ մը իր մէկ քրոնիկ ցաւին օրը օրին ծնցուցած սեւամաղձ մտմտուքը, պատուհանը կը բանայ, արեւին կը նայի, կամ դուռը կը բանայ զուարթ ոստումով մը ու փողոցէն անցնող հարսնիքին ցնծուն տողանցին կը խառնուի։ Խարբերդցիին ալ այսպէս կը պատահի սա անցած Հոկտեմբերին մէկ օրը։ Աս անունով ամիս մը քիչ մը դժուար կ’ըլլայ յիշել թէ՝ ի՛նչ թուականներու մութ մէկ խորշին մէջ լացող աշունի մը պատմական ամիսը կը մնար, բայց հիմա գեղեցիկ էր հանդիպումը, որ նա այս անգամ իր ան ատենի կսկծցնող քմայքները մոռցնել տալու աստիճան, ծիծաղկոտ առաւօտի մը պչրուն արեւովը եկաւ, երեւցաւ կամ գէթ այնպէս տեսան մեր աչքերը։

Ան օրը պահ մը տարօրինակ չեմ գիտեր ի՛նչ մը ունեցանք հաւտալու թէ՝ Խանաղբիրի ճամբով դէպի Ամերիկա մեր մեռնելու գացող տնուորներն են որ վերադարձ մը կ’ընեն մէկտեղ, ու իբր այնպէս շատ բնական որ անոնց տէրերն ալ ամէն կողմերէ, մինչեւ իսկ հեռաւոր խրճիթներու ծածուկ, ծածուկ ծածքերէն դուրս պոռթկալով խելայեղ, ամենքն ալ այն ճանբուն վրայ՝ ամէն մէկը գերեզմանէն դուրս եկող իր սիրական Ղազարը համբուրելու ցնորական հրճուանքի մը մէջ խեղդուի։ Անօրինակ տեսակէն մեծ բազմութիւն մը այդքան ինքնաբեր ու տենդոտ վազքերով, հասակի ու դասակարգի այդքան մը անխտիր ու պատրաստ ամբողջութիւնով բոլորովին միամիտ սխալ մը պիտի ըլլար ուրիշ պատճառի կամ շարժառիթի մը վերագրելը։

Քրիստոնեայ Խարբերդցին այն ճամբուն վրայ՝ կամ ան Հոկտեմբերին թաղուածներուն էր որ կ’սպասէր, եւ կամ Ամերիկա իրենք իրենց ձեռքով մեռնիլ ու մոռցուելու գացողներուն խելամտած դարձը պիտի ողջունէ ըսինք։ Շատ բան ըսինք, շատ մը տարօրինակութիւններ անցան միտքերէ, բայց բոլոր այդ երազացնոր գուշակութեան ու սպասանքներու կարգին բուն իրականութիւնը, որ աս աչքերով տեսանք, աւելի հոյակապ ու փառաւոր անակնկալը եղաւ էն վերջը, երբ ամէն բերան մէկ անգամէն ու միեւնոյն հնհնուքոտ կարօտին հպումովը, համբոյրովը մէկ ձեռքի վրայ կը բացուի, ողողելով զայն նոյն ատեն բառ չունեցող այն համր զգացումին արցունքներով ալ, որ էն բուռն ու գերազանցօրէն պերճախօս յայտնութիւնն են անկեղծութեան ու ջերմ խանդաղատանքին։

Այս կերպով Սիսի Վեհաշնորհ Հայրապետը համբուրեցինք, Սահակ Եղէգցին, Նորին Ս. Օծութիւնը Սիսեցիներունը այսօր, բայց նա ամէնէն առաջ, ու վերջն ալ մինչեւ իր շիրմին վրայ ցաթող արեւը, Խարբերդցիինը կ’ապրի ու պիտի ապրի ինչպէս ուրիշ պաշտելի դէմք մը՝ պատմութեան յանձնուած Սահակը, շատ աւելի Բլուրեցիներունը կ’ապրի անմահացած։

Խարբերդի այդ պատուական ու մանկութենէն իսկ շնորհալի զաւակը հիմա ալեփառ ու համբուրելի ծեր մը այլեւս, 45-50 տարիներու հեռացածի մը կարօտովը կ’ողջագուրուի իր հայրենակիցներէն, կարօտ մը նոյն չափով իր եկեղեցականի հոգիին մէջ ալ ըմբոստ ու անզուսպ ի հարկէ, որ իրեն վայրկեան մը մոռցնել տալով ամէն արգիլանք, ծերութիւն, պաշտօնի ծանրութիւն կամ խեւ քմայքները աշունին, զինք մէկ անգամէն իր սիրական ծննդավայրի գետնին վրայ կը նետէ։ Հոկտեմբերի չորսը պատմական նոր օր մը կ’ըլլայ, դեռ ամենեւին միտքէ չանցած գեղեցիկ անակնկալին կը հանդիպինք, բուն բառը կը վարանիմ գտնել։

Տեղացի թղթակիցները գրեցին ատենին թէ՝ ինչ հանդիսաւոր մուտք մը ըրաւ Խարբերդցի Հայրապետը իր հետեւորդ վարդապետներուն ու մինչեւ Մալաթիա հրաւիրակ գացող խումբի [1] մը հետ, թէ՝ տակաւին ճանբուն վրայ, քաղաքամէջը ոտք դնելէ առաջ, որոնք եղան որ դեռ շաբաթ մը առաջ քէնով մեկուսացածներ մեզնէ, բայց առաջնորդարանէն եղած հրաւէրի մը վրայ, նոյն օրը, մեզի հետ ու պէտք է ըսել որ անոնք մեզնէ աւելի պատրաստ փութկոտութիւնով մը համակերպեցան համբուրել Հայ Հայրապետին աջը։ Ան օրը Սահակ Եղէգցին, ամենայն Հայոց Հայրապետը եղաւ ինքնին, Հայ Բողոքականինը, Հայ Կաթոլիկինը, Հայ Լատինականին հետ դրացի Ասորիներուն ալ Հայրապետը, որոնք իրենց հոգեւոր գլուխներուն եւ նոյնչափ ազնիւ իրենց երեւելիներուն հետ Սիսի համակրելի հովուապետը պատուելու ատեննին, իրենք ալ նորին շնորհազարդ Օծութեան կողմէ միեւնոյն անկեղծ զգացումներուն հաւասար տեսակովը օրհնուեցան սիրալիր գիրկընդխառնումի մը մէջ։ Յարգանքի ու պատուասիրութեան պաշտօնական ցոյցեր մըն ալ տեղական կառավարութեան կողմէ։

Շատ ստոյգ է որ ժողովուրդը իր սիրածին, իր համակրած եկեղեցականին համար մանաւանդ, իր աչքին լոյսը կուտայ, երբ քիչ գտնէ, անոր ոտքերուն տակ իր հոգին ալ կը դնէ։ Ան օրը, ու ան օրէն յետոյ իբր տասնըութը օրեր շարունակ այսպէս տեսնուեցաւ Խոսրով Վարդապետի Առաջնորդարանը, որ տեղացին սիրուած անբասիր իր հայրենակից Կաթողիկոսը ընդունելու վայել շքեղանքի մը մէջ դնելու համար, իր տունին էն թանկագին կահը, կապերտը ու գեղօրն էր խրկած։ Անոնք հոն իրենց տեղերուն վրայ յարմարօրէն համադրելու հոգն ու յոգնութիւնն ալ այնպէս տեսանք որ երկու ճաշակամոլ էֆէնտիներու [2] բաժին կը մնար։ Առաջնորդարանը Էջմիածնական Վեհարանի մը պերճանքին մէջ դրուած էր ներսովը դուրսովը։

Նորին Ս. Օծութիւնը այս վիճակին մէջ, Ազգ[ային] պաշտօնատան մէջ կ’ընդունի իրեն երկրորդ անգամ բարի գալուստի ու աջահամբոյրի եկող այցելուները, որոնց ամէն տեսակներուն ալ հետ սկիզբէն մինչեւ վերջը այնքան պատեհական ու յարմար խօսակցութիւնով մը կը փակէ վայրկեանները։ Բառերը մեղմ, գգուոտ շեշտ մը ունին, հատ հատ կը խօսի կուք կոկիկ զգացումի ու ամէնուն հասարակաց եղող գաղափարի մը յայտնութիւնովը։ Խօսելու պահուն, պէտքը չզգար իր դէմքը ո՛րեւէ կասկածելի ժպտանքով մը քօղարկելու։ Իր խօսուն ընտանի աչքերը, իր բառերէն շատ աւելին կը հասկցնեն ինչ որ ինք չուզեր կամ չի կրնար իսկ ըսել, ու այս կերպով մենք կրցանք շատ մը առիթներով իր էն դժուար զգացումներուն գեղեցիկ տեսակները հասկնալ, ու վայրկեան մըն ալ զարմանալ անշուշտ թէ՝ այդքան բարձրաստիճան եկեղեցականի մը մէջ, ի՛նչպէս տեղ գտեր կը մնան վեհութիւնն ու մատչելի փոքրութիւնը քով քովի, վերջինը զինք յետին գեղջուկին անգամ պաշտելի ընել տալու աստիճան անկեղծ մտերմութիւնով մը։ Տարիներու դէպքերն ու դէմքերը կրնայ իրենց մանրամասնութիւններովը յիշել։ Իր մանկութեան Խարբերդը աս օրուան տեսածին հետ բաղդատելու ատեն մռայլ ամպերու անցք մը կը նշմարուի աչքերուն մէջ։ Շէն Խարբերդը գաղթականութեան մը հետեւանքներով, ամայանալու ճակատագրուած վիճակի մը մէջ կը գտնէ։ Ինչ որ ուրիշ առիթներով մենք ալ նոյն ցաւը շեշտեր ենք հրապարակի վրայ ու չենք գիտացած թէ՝ անոր առաջքն առնելու դարմանին համար հոս Խոսրով Վարդապետի փէշերէն պէտք էր կախուիլ թէ՝ Նորին Ամենապատուութեան Ս. Պատրիարքին դիմելով միջնորդութիւն մը խնդրել։

Առաջնորդարանի այցելութիւններուն վերջ մը բերելու համար, մէկ քանի օրեր յետոյ, Շնորհազարդ Հայրապետը, ինքն ալ ժամանակ գտնելով Մէզիրէ ու քաղաք (Խարբերդ) այցելութիւններ կատարելու կ’ելլայ Խոսրով Վարդապետի ու իր միւս հետեւորդներուն՝ Մալաթիայի համակրելի Առաջնորդին, Հրանտ Կարօեանի, Գիւտի ու Մարկոս Վարդապետներուն հետ։ Բոլոր հանդիպած տեղերը, Հայ եւ օտար քրիստոնեայ հաստատութիւններուն կողմէ, վերին աստիճանի անկեղծ ու սիրազեղ ցոյցերու մէջ կ’ընդունուի, իր անունին ձօնուած ուղերձներ կը կարդացուին, փոքրիկ տղաքներ ոտանաւոր գրուածքներ ի բերան, Եղէգցի մանուկը՝ կը ներբողեն ալեհեր հովուապետին անձին մէջ, Մէզիրէի մանկապարտէզի պզտիկները ծաղիկներ կը սփռեն իր ոտքերուն տակ, Ֆրէրներու դպրոցը պանտօ-մուզիգի գոռ խմբերգով մը կը դիմաւորէ իր մուտքը նոյն շրջանակին մէջ. Ամերիկեան ուսումնարանին մէջ ալ ուսանող եւ ուսուցիչ դասերու դադարով ու մէկտեղ համախմբուած՝ բարի գալուստի յարգական բանաձեւեր կ’արտասանեն։

Որբանոց-Արհեստանոցի տեսուչը՝ Մր. Նէփ, Կաթողիկոսական այցելութեան մը յիշատակ, Նորին Ս. Օծութեան թանկագին գորգ մը կը խոստանայ նուիրել։ Ու պէտք կա՞ր ըսելու, գեղացի Կաթողիկոսը գեղացի այս մարդուն դպրոցն ալ չանտեսեր։ Առաջին այցելութիւնը քաղաք, Ս. Յակոբի Հայ վարժարանին կուտայ, ու վերջն ալ հասկնալէ ետքը աս տոհմիկ ուսումնարանին ներքին կացքն ու կազմակերպութիւնը, գործնական գնահատութիւնը այդ հաստատութեան կը նախընտրէ ընծայել իր եղբօր թոռնիկը հոն գիշերօթիկ տալով ու վստահեցնելով տնօրէնը թէ՝ շատ աւելի քաղաքին Հայ ուսումնարանին յիշատակը պիտի պահէ իր միտքը, արդեօք մեզի այնպէս մտածել տալու թէ գեղացի՞ն միայն գիտէ ու կրնայ ճանչնալ ուրիշ գեղացիի մը հոգին ու միտքը։

Դպրոցին սրահին մէջ, որ այն պահուն առասպելական սիրուն վանդակի մը պատրանքը կուտար պատերու ու յատակի գորգապատ զարդարանքներով ու ցուցադրութիւնովը իր Կաթող. մեծադիր լուսանկարին, լսելու ատեն պաշտօնէութեան ուղերձը ու երկու պզտիկներու դէմ դէմի արտասանութիւնը մասնաւոր ուշադրութիւնով, «Մեր հայրենակից Հայրապետը ի՛նչ արմաղան բերած է մեզի, Վահէ, ու մենք ալ անոր ի՛նչ պիտի կրնայինք տալ որ տանի եւն. եւն. », մէկ քանի անգամ տամուկ բաներ մը կը սրբէ աչքերէն թաշկինակով։ Սրբազան Կաթողիկոսը փղձկող յուզումի մը մէջ, իր աթոռին վրայէն ջերմ գոհունակութիւններ մը կը յայտնէ վարժարանին պաշտօնէութեան ու բոլոր ուսանող կարգերուն տաքուկ շեշտերով օգտակար թելադրութիւններ ուղղելով, ու ապա ոտքի ելլելով՝ վարժարանին գոյութեան պատճառ եղող սատարները յիշելու պահուն Եգիպտահայ բարերարն ու արտասահմանի կրթասէր տղաքը կ’օրհնէ, եկեղեցական մը ահա որ առաջին անգամ կը տեսնէք թէ՝ եկեղեցիէն աւելի դպրոցով կը հետաքրքրուի, կամ եկեղեցիէն [3] աւելի դպրոցը կանգ կ՚առնէ երկար, կ’օրհնէ ու կը քաջալերէ հոն խմբուածները։ Միեւնոյն կերպով իր շնորհաբաշխ այցելութիւններ գնաց տալ Ս. Կարապետի աղջկանց ու Ս. Ստեփաննոսի մանչերու դպրոցներուն ալ։ Ասորի եպիսկոպոսին տուած փոխադարձ այցելութիւնն ալ երկու ժողովուրդներուն միջեւ տարիներէ ի վեր վրիպած ուծացումին բարձումը ապահովելու աղւոր սկզբնաւորութիւն մը ընծայեց։

* * *

Ինչպէս կ’ըսէինք, այս շարքով ու մեր գաւառի շրջանակը դեռ բնաւ չտեսնուած Կաթողիկոսական այցի մը օրհնութեան փառաւոր հանդիսութիւններով, Հոկտեմբերը աղւոր օրեր մը տուաւ մեզի ու սպասել բնական էր որ ան ինքզինք լման մը քաւելու համար խօսք մըն ալ իր քովինին՝ Նոյեմբերի հասկցնէ, մինչդեռ ի՛նչ արգահատելի միամտութիւն։ Տասնըութը օրեր վերջը, երբ անգամ մըն ալ ոտքի վրայ Սիսի Կաթողիկոսին յուղարկ գնալու կ’ելլանք միեւնոյն Խանաղբիրի ճամբուն երկայնքը, վարդապետ բարեկամներուս կառքը նստած, տրտում մտածութիւն մը կը ճնշէ հոգիս։ Քովիններս կ’սպասեն որ առջի օրերու ուրախ քրքիջներուն դառնամ, բայց դժուար կ’ըլլայ, «համ չունիս աս օր, կ’ըսէ Հայր Գէորգ Ասլանեան, երկինքին չափ ամպ մը կայ երեսդ, ի՞նչ կար, եւն. ». պատրաստ պատասխանը որ ինքնին կը թռի բերնէս «այս ճամբուն վրայ մարդ հեշտիւ չի կրնար գարգնճել, վարդապե՛տ, մտիկ կ’ընե՞ս, այն կառքը ուր մեր Հայրապետը նստած կը գլուի, ու անոր քովէն գոռգռացող ան մէկ քանիներն ալ, որոնք այն պահուն զուգադիպաբար նոր փոխադրութիւն մը կ’ընեն, մենք Խարբերդցիներս այս սեւ ու մուր գետինով ճանբուն վրայ մասնաւորապէս, այն գացողներուն ի պատիւ յուղարկ չենք եկած, այլ ճիշտ բառը գործածելու համար, այն կառքերով ճանբորդներուն ետեւը յուղարկաւորութեան ելած ենք պարզապէս, ալ ո՛չ Սրբազան Կաթողիկոսը, ոչ ա՛լ ան Թորոսն ու Կարապետը պիտի կրնանք տեսնել անգամ մըն ալ»։

Տխուր ու չարաղէտ մտածում մ’է սպասել որ այնքան մօտիկ ու վերահաս պարագայի մը տակ յանկարծ իրականութիւն կանգնի դէմդ։ Նոյեմբերը կը լուսնայ ու անպատճառ ամիսին չորրորդ օրը, ամպերու սպառնալիքով ցուրտ անձրեւոտ օր մը, մեծ մահուան մը գոյժը կ’այրէ ականջնիս ու մեռնողն ալ Կաթողիկոս մը [4] անպատճառ։ Հոկտեմբերին տուածը մեզի, անվրէպ անգթութիւնով մը Նոյեմբերէն կը խլուի, չըսել հապա թէ սխալ ենք հաշուեր, նոյն այն պատմական Հոկտեմբերն էր որ եկաւ մթնցնել մեր մինչեւ իրկուն կամ մինչեւ վաղը արեւուած մնալու անընդունակ սիրտերը։ Նոյեմբերը սխալ հաշուըված, աւա՜ղ։


«Արեւելեան Մամուլ», 1907



[1]             Առաջնորդ Խոսրով Վարդապետի հետ Քաղ. Ժողովոյ անդամներէն՝ Տէմիրճեան Յակոբ, Ժամկոչեան Աստուր, Խաչատուր Թէվրիզեան էֆէնտիներ։

[2]             Կիւրճեան Գէորգ եւ Սողոմոն Տ. Ստեփանեան էֆէնտիները, երկուքն ալ անդամ Առաջնորդարանի ժողովներուն։

[3]             Տեղացի թղթակիցներէն մէկը անճիշտ տեղեկութիւն մը կուտար, երբ «Արեւելք»ի մէջ կարծեմ կը գրէր որ Ս. Կաթողիկոսը Ս. Յակոբ եկեղեցին օծեց կամ Միսիոնարին տունը ճաշի հրաւիրուեցաւ։ 18 օրուան մէջ հացկերոյթի հրաւիրողներ եղան Բարձր. կուսակալ Խալիտ Պէյ, կուսակալի օգնական Ասասեան էֆէնտի, Կաթոլիկ գերապայծառը, Ֆապրիգաթորեանները, Ժամկոչեան Ասատուր էֆէնտի, վերջին տեղը աւելի օդաւէտ՝ սիրեց մնալ մի քանի օր, բայց միշտ գրեթէ անկողնի մէջ։ Հարբուխ մը ու անկէ առաջ ճամբու յոգնութիւններ շատ ծանր եղած էին, այնպէս որ հազիւ կրցաւ այն մէկ քանի հրաւէրներուն անձամբ պատասխանելու համակերպիլ։

 

[4] Խրիմեան Հայրիկ։