Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՐԵՆԻՇ ՄԸ

ԵՐԿՈԻՔԷՆ Ո՞Ր ՄԷԿԸ
Կ՚ըսես ամմա՜…

Աղա Գրիգոր, քանի օր է որ միտքս կուգաս, շատերուն հանդիպած էի, կ՚ուզէի քեզի հետ ալ սանկ քիթ քիթի տեսակցութիւն մը, բարի լոյս մը հիմա:

Աստծու բարին, Աստծու բա… հրամեցէք:

Տխուր ես բայց:

Տխուր, տրտում, ախըր վիճակնիս որ չի փոխուիր, ինչ ընել, երկու օր է գլխու ցաւ մ՚ալ:

Կ՚անցնի կը յուսամ, մ՚ընէք հոգ, բժիշկ բարեկամներ ունիք:

Մինչեւ բժիշկ, մինչեւ բարեկամ, բարեկամութիւն, էօմիւր ըսածդ ալ կ՚անցնի, ա՜յ աղբար, ձգէ որ բժիշկին ու անոր բարեկամութեան ալ չի վստահցուիր հիմա:

Իրաւ է որ մարդ նախ մէյ մը իր նախահոգ միջոցներուն վստահելու է, առողջութիւնը ձեռքէ չի հանելու համար:

Բժիշկն երկրորդական միջոց մըն էր, բայց դուք ալ ինչո՞ւ շատ մտմտաք:

Չեմ գիտեր վերջապէս, չեմ գիտեր:

Դուք քիչ մըն ալ աշխարհի մարդ, չէ՞ք ընդունիր թէ՝ ամէն հիւանդութիւն չի բերեր, հիմա կը ներէիք որ ես մէկ-երկու խօսք մը…

Հրամէ, նորէն ի՛նչ…

Աս էր ըսելիքս, թէ աշխարհք կարկանդակ ալ ուտէ, կ՚երեւայ մեր ալ կերած մարսածը սա փտտած կաղամբը պիտի մնայ միշտ որ…։

Ըսել կ՚ուզեմ, քիչ մը մենք ալ ճանկռտուինք, թող պահ մը մեր ճաշակը բարեշրջում իւրացնէր: Մենք ալ մարդ էինք:

Մա՞րդ, է՛հ, հէլպէթտէ մարդ:

Տե՛ս, ի՛նչպէս պիտի բացատրեմ միտքս, աղա եղբայր, մարդ եղողը, երկու աչքով, երկու ականջով մարդ եղողը, բան կը տեսնայ, բաներ մը կը լսէ ինչ որ գիտէք թէ մարդերու ըրածները պիտի ըլլան, օրինակ, քեզի հիմա ի՛նչ չէի կրնար ըսել, որ մեզի պէս մարդերով վերջացուցած են, ու՝ այս կերպով անոնք երկրի վրայ՝ երկինքի Ասծուն պէս պաշտուած:

Հէ՛լպէթ, հէ՛լպէթ, որդիք մարդկան իմաստուն, ըսուած է, քան հրեշտակս երկնքի:

Ես հիմա ան հրեշտակներն ալ չպիտի ըսեմ, եղբա՛յր, որովհետեւ մարդ չեն անոնք ու երկրի վրայ ալ չեն բնակիր, ես աւելի երկրի վրայ ապրողներուն գործերէն պատմեմ: Մենք ալ բան մը՝ քիչ մը մենք ալ այն մեծութիւններուն նմանինք, մարդիկ ամէն բանէ առաջ նմանիլ կը սիրեն:

է՜, ի՛նչ ուրեմն ըսելիքդ… խօսքը կարճ կապողն ալ յաջողեր է։

Խնդրեմ, հանդարտ լսեցէք:

Հանդարտ ամմա, էֆէնտիմ, հրամանքդ ալ բերաննիս շէքէր մը դնելու համար, մեզ մինչեւ Շամուշաղ տանելու ձեւեր մը կ՚ընես, աղէկ ա:

Նոր տարին ալ սկսանք, գիտէք:

Նոր տարին, պէլիհ:

Նոր տարին, նոր բան մը:

Նոր բա՜ն, չի հասկցայ միտքդ:

Նոր ըսելով մեր քիչ մը սա աշխած աշխարհիկութիւնը մերկացած՝ բարեսիրական ձեռնարկ մը… որ թաղն ու քաղաքը արդիւնք մը ծափահարեն:

Եկեղեցին շինուեցաւ, ա՛լ ինչ:

Ուրիշ բան, ուրիշ բան:

Ետեւէ ահա քահանայ մ՚ալ:

Ուրիշ բան:

Աս տարի նոր դասարան մ՚ալ:

Ատ մէկն ալ շիտակ, բայց ուրիշ բան մը…

Ըսէ, ի՞նչ ուրիշ…

Ըսեմ, պիտի ըսեմ, սիրելի՛ս, մենք սա քաղքցիներս ամէն բան ու ջաղացքին ջխջխկոցն ալ ջուրին տուած իսկապէս գորտազգիներ կ՚ապրինք:

Ամօթ էր, որ մենք չունենալով առանձին մեր բարձր կրթական հաստատութիւնը, այսպէս միշտ ուրիշներուն յանձնուած՝ անոնց ըրածներուն զարմացողը մնանք բերանբաց:

Այն դպրոցն ալ որ կայ, կ՚երեւայ, դպրոցը Ս. Յակոբի մէջ, ոչ դուն քուկդ, ոչ ալ ես իմս սեպէի, այդ դպրոցը Եգիպտահայ բարերարինն է յայտնապէս, ըսէ՛, դուն ալ այսպէս չէի՞ր ընդուներ:

Պէլիհ, պէլիհ, սրտանց կ՚ըսեմ թէ՝ Աստուած մէկ օրն հազար ընէ այն տեսակ խոչաղ մարդուն:

Բայց ան օրհնեալ մարդը իրաւ որ ատ գովանքներուն ալ չսպասեր, փափաքն է միայն որ իր մինչեւ հոս կարկառած ձեռքն ու ձեռքինովը բուն տեղացիին ինքնօգնութեան ու պարտաճանաչի թելադրիչ առաջնորդողը ըլլայ, ու այս կերպով կրթական շնորհքով գործ մը տեւականանայ սա գետնին վրայ, ուր կը տեսնուի թէ՝ ուրիշներ աշխարհի անդիի ծայրերէն հոս կոլոլուած ու կլորուած մեր ընելիքը անոնք կ՚ընեն, բայց անոնք մեր ուզածը կամ մեզի անմիջապէս պէտք եղածը չէ որ կ՚ընեն, է՛հ, հասկցա՞ր մի իմ աղբար, հիմա, կարգն է, որ քեզի ալ, ինչպէս ուրիշներուն, կարեւոր առաջարկներ մը ընեմ, որոնք դուն կրնաս յատուկ մեր կողմէն յայտնուած խնդրանքներ ալ հասկնալ:

Ես զաթի կը կռահէի որ բերնիդ մէջ քար կայ ամմա, ալ արթըխ մայրն ու խոշորը չէի կրնար զանազանել, գիտէի արդէն, բայց…։

Բայց քար մի՛ ըսէր գոնէ, սիրելի՛ս, շաքար ըսէ, մեղր ըսէ, ըսէ ինչ որ համ ունի քաղցր:

Փէք աճայիպ մարդ, շա՛տ թօաֆ, ասոր անանկ կ՚երեւնայ, թէ շատ ուռեցուցեր ես, ե՞րբ քեզի հետ խօսքի բռնուողը շունչ կրցեր է առնել:

Մտիկ ըրէ:

Աս նոր տարիէն սկսած դպրոցի պիւտճէն լայնցնելու ձեռնարկ մը ընենք, կրթական տարեվճար մը ի՛նչ չափով ալ ըլլայ, մենք գիտենք թէ՝ տարիին մէջ շատ մը աւելորդ ծախքեր ունինք, կ՚ընենք, որոնց ետեւէն ապա երկնցուցած ախ ու վախերնիս պատուհանին ապակիները կոտրտող հովերը շիներ են: Իսկ ան որ հիմա օգտակարին համար կ՚առաջարկէի, հոգիի համար ալ անբացատրելի հաճոյքը պիտի ապահովէ: Ուրիշներէ լսուած եմ բաւական, հիմա ձեզ ալ ցանկին մէջ, սիրելի՛ս:

Աղէկ կ՚ըսես ամմա՜, աղբար…

Աղէկ, աղէկ, իմ խորհածներուս ոչ մէկը վատ, ոչ մէկը ջուր նետելիք, բարի կամեցողութիւն մը ու բաւական կ՚ըլլար։ Դպրոցին համար աս նոր տարին նոր ծախքեր մը կը գուշակուին:

Բարով կ՚ըսես, ամմա՜, խուզում…

Դպրոցին շէնքը նեղնալ սկսեր է, լայնցնելու անհրաժեշտ պէտք մը…։ Միւս կողմէն անանկ կը լսուի թէ դասատուներն ալ ֆիզիքայի ու կարգ մը ուրիշ դասերու գործնական փորձերուն համար օտար դպրոցներու դուռները մուրացիկի ստուեր մը կը քաշեն ետեւնին, գործիք կը մուրան, ան օտարներն ալ շատ դէգ խօսքերով կը մերժեն մերինները, ասոնք ալ լսա՞ծ էիր:

Կ՚ըսես ամմա՜, էֆէնտիս…

էֆէնտիս, աղաս ալ դուն պիտի ըլլաս, քրիստոնեայ եղբայր, պայմանով որ ամօթի կարմիր մը բաժնենք մէջերնիս: Աստծու սիրուն, կ՚ուզես սա վայրկեանին դուն ալ քու ուզած ծանրութիւնդ, քարդ իմ կռնակս բեռցիր:

Հիմա կ՚անդրադառնայի՞ր թէ՝ ես քարը ո՛ւր կը սիրեմ պահել: Սա ըսել կ՚ուզէի թէ դուն քու հինգ տալու ատենդ, հրաման ընէիր որ ես ալ իմ տասս տայի:

Աղէկ շէքէր կը ծամմես ամմա՜, ա՜ պապամ…

Ինչե՜ր, ինչե՜ր, աղա Գրիգոր, էֆէնտիս, ի՛նչ պէտքեր, ի՛նչ պակասներ, քաղաք մը, ամբողջ հասարակութիւն մը՝ մենք տակաւին աղջիկներու դպրոց ալ չունինք:

Մեր աղջիկները, մեր մանչերը, մենք ամէնքս ամէն պարագայի տակ գիտէի՞ր թէ ի՛նչ լեցուցեր գաւաթը ու կը խմենք ամէն օր, դուն թերթ կ՚առնե՞ս ձեռքդ, երբեք լսելու կ՚ըլլա՞ս այն խօսքերը, որ մեզի ուղղակի մեր հասցէին կը նետեն, այդ գաւառը այլասերուած մըն է կ՚ըսեն, եկեղեցիին ինչպէս անոր դպրոցին մէջ, մնացածը ոչնչութեան հաւասար մռայլ պարապը կ՚երեւայ հետզհետէ:

Ու անանկ ալ չէ՞ մի. լուս. ժողովուրդը ո՛ւր կը վազէ Կիրակէի առաւօտը, Հայ պզտիկներն ալ լուր օրերուն դէպի ո՛ր դպրոցներու կողմ «հորդան կուտան»: Առաջքն առնէինք սա վիճակին, մերիններուն տէր մնալու համերաշխ համաջան փորձն ընենք. աս տեսակ փորձ մըն ալ դրամով կ՚ըլլար, եղբայր, դրա՛մ, դրա՛մ, դրա՛մ:

Ա՛խ, աղա դրացիս էֆէնտիս, իրաւ որ շատ շիտակ կ՚ըսես, շատ բարով կը ճառես ամմա, գառնուկս, պօյիտ խուրպան…

Խօսքն երկար, քիչ մը երկար ձգէ, եղբա՛յր, ատ ամման, ատ կ՚ըսեսները անանկ գռեհիկ յանգեր մըն են որ բնաւ չեն յարմարիր մեր սա երգածին, լայն բաց բերանդ, սանկ ոգեւորող պատասխան մը դուն ալ:

Շնորհիւդ բերան ալ ունիմ, պատասխան ալ ամմա՛, պապուկս, դուն չես հասկնար։

Դուն միայն ըսելու եղիր, վստահ եղիր:

Վստահ ինչի՞:

Վստահ եղիր կ՚ըսեմ, որ դուն եթէ ձուկ ըսես միայն, ես գետն ու ամբողջ ովկիանոսը հասկնամ: Խօսք ըսէ, երկար ըսէ, ինչպէս կը խնդրէի, քիչ մըն ալ ժիր հանէ ձայնդ, հնչուն սօլօ մըն ալ դուն լսցուր:

Սօլօ՜… ատ ինչ (բռնազբօս քրքիչ մը) էյի եա, որ ան ատենն ալ ըսես բամբասես թէ՝ էֆէնտին, Գրիգորը, թախըմ մը լօլօներ կարդաց գլխուս, իրաւ որ, լաւ ճարպիկութիւն:

Հիմա, եղբա՛յր, անանկ կ՚ըմբռնուի թէ՝ դուն մեզ ափ աշկարա յիմարի, ախմախի տեղ կը դնես, է՛հ…

Չէ՜, քաւ լիցի ըսէ, մեղա ըսէ, մենք ալ մարդ ենք զահար, խուզո՛ւմ:

Մարդ էք, մարդ ենք, հրամեր էք, ես ատ խօսքը առաջ ըսի, ուրիշ ի՞նչ, տես թէ՝ ուրիշներ ինչպէս կը ծախսեն, ինտո՜ր կը փռուին, ու մեր տեղերը կը նեղցնեն։

Տալու պէս կամէութիւն մը, առաքինութիւն մըն է, որ միշտ կախում պէտք չէ ունենայ հարստութեան չափէ. հերիք որ զգացումը կայ ու հոն կայ ամէն բան, որուն պէտք ունինք: Դուն քուկինովդ, ես իմինովս, կը լմմնար, կ՚երթար:

Նորէն չի հասկցաք միտքս:

Մինչեւ ծուծդ ալ հասկցայ, ի՛նչպէս չէ, պարզապէս գէշ երազ մը ամբողջութիւնդ: Քեզնէ շատ պակաս ունեցողն ալ մեզ չի խաղցուց, չի խօսեցուց այսչափ: Կը ճանչնայի՞ր Մինասեան Աստուր, տարին մէկ անգամեն 25 ղրշ. խոստացաւ վճարել:

Ո՞վ, ո՞վ, ան Աստո՞ւրը, ան Մինասեան տղա՞ն. հէլպէթ, ինչո՞ւ չի տայ, հինգ տղայ ունի դուրսը, որ իրեն համար կը բանին:

Տասնըհինգ դահեկան ալ Սարգիսին տղան՝ Զաքարը խօսք տուաւ:

Այդչափ ես ալ կը խոստանայի, անոր քեռին ողջ մնայ, հէլպէթ, Համբարձում աղային հարստութիւնը աս աւուր օրս տէվէի քէրվանով ալ չի վերցուիր:

Երկու արծաթ ալ Հմայակ էֆէնտի:

Անցած ամառ անոր զարկած փիանգօյին չափն ալ պահե՞ր ես միտքդ, սրտանց կ՚ըսեմ թէ քիչ պիլէ տուեր է:

Երկուք ալ հաճի Սողոմոնին տղան Կարապետ էֆէնտին:

Կուտար եա, երբ ես իմ ալ եկէնս մեր տունը բերէի, մեր տունը տար հոգին, ու բոլոր ունեցածը ես ամփոփէի տախխային, ես ճշմարիտ որ լիրայ մը կուտայի, լիրայ մի, լիրայ մի, լէն բաց աչքդ:

Մարգար Պօղոսեան էֆէնտի, երկու որբերու մէյ մէկ ձեռք զգեստ:

Օրթըխէն գողցողը ինտո՛ր պիտի ընէ որ արդարանայ, էօյլէ եա, հէրիֆին հետ երկու-երէք տարի օրթախ եղաւ, տունն աւրեց, կ՚ըլլայ եա:

Դեռ լսելու եղիր, Արշակ Յովհաննէսեան երկու թօփ չըթարա:

էտ ճանաւարը, էտ քէփազէ հէրիֆն ալ թող հէմի Այնթապցուն պարտքը տայ տէ, վերջը սապօնէ երեսը:

Աստուածդ սիրես նը, դուն ալ քիչ մի ինծի հախ տուր, գողցիր, փախցուր, ողորմող թասլամիշ եղիր, սա ալ եղա՞ւ մի, էֆէնտիմ, մարդ մի ճաթեցնէք:

Ըսէ ինչ որ կրնաս, բայց քիչ մըն ալ լսէ, Գէորգեան Սարգիս տարուէ տարի դպրոցին կոտրած ապակիները պիտի տայ:

Է, հիմա ես լռեմ, դուն խօսիր, պէօյլէտէ խալթ էթմէք օլուր մի ա՜ խուզում, էտ փէ…նկը իր կոտրած ճամերուն ալ ճէռէմէն պիտի տա՞յ արդեօք, որ գիշերները վար կ՚առնէ հէրքէսին պատուհաններէն:

Հինգ ղրշ. Մկրտիչ աղան:

Խօսք չունիմ ատոր, քրտինքովը ապրող պարկեշտուկ մարդ մի, վկայ գրէ զիս որ ատ մէկը իր միսէն, ոսկորէն կտրեր տուեր է, աֆէրի՛մ:

Արթին Ժամկոչեան, երկու բեռ փայտ պիտի տայ ամէն ձմեռ:

Սը փսխո՞ւնքը, շան լակո՞տը, վո՛ւյ, վո՛ւյ, վո՛ւյ, Աստուած պէլատ տայ հէրիֆ. բայց դուն ալ լսե՞ր ես կ՚ըսեմ… ձգէ, աղբարս, ձգէ, ձգէ, նէ էսիրտէ գալտըք…

Եըլխովանենց Դաւիթը երկու ջէյրէկ:

Երեք տարի է, որ հինգ ղրշ. իւղագին խոստացեր է, չի տար, հիմա ալ նոր քէփազէութիւն մը թէզէլէթմիշ կ՚ընէ, պու տէ պէօյլէ եազարըզ:

Մէկ ոսկի անանուն ոմն:

Մի ծածկեր, ես ատ մէկն ալ կռահեցի, ատիկա ան հէրիֆը չէ՞ որ եօթը տարին անգամ մը ատ տեսակ իկիտութիւն մը կ՚ընէ, որ իր եօթը պորտերուն իֆլազութիւնը քաւուի զահար, աֆէրիմ վալլահա, իր պապը մէյմէկ խալիպ սապօն ալ չի տուեց պարտկնտէրերուն:

Հինգ զոյգ կօշիկ Աճէմեան Համբարձը:

Աստծու սիրուն ըլլի, սըվոր ալ հասկցնէիք, որ տարին անգամ մը գոնէ զոգ մը փապուճ առնէր կնկան համար, վերջը ուրիշներուն…

Յովակիմ Թախթախեան սնտուկ մը քարիւղ:

Աֆէրիմ մարդ, լեզուս առուի որ սը մարդուն մահանայ մը գտնեմ, չէ՜. շատ ազնիւ մարդ, խնամուս աղբարն է, բայց ես չէ թէ աս բանին համար է, որ կը գովեմ, ինք զաթի էօթէտէն պէրու ազնիւ մարդ է, ձեռքի տակէ ալ շատ բարիքներ կ՚ընէ, որ իր կնիկը պիլէ չի գիտեր:

Կէս ոսկի Սիւմպիւլ Նազարը:

Ան բամպակի գողը, անանկ չէ՞ մի, մէկ մէկ հարցուր, հասկցիր թէ՝ սա քրիստոնեայ թիւճճարը ամէն օր ամէն մէկ գիւղացիէ քանիական օխա բամպակ կը քռթէ ու կ՚ուրանայ անամօթաբար, ատ ռէզիլ մարդը տասն անգամ բռնուեր է ալ, ու ինք նորէն տասնըմէկերորդ ռէզիլութենէն վազ չէ եկած:

Աշխարհքն այսպէս է, դրացի՜, մեր գեղացիները գոնէ ես այսպէս գտեր եմ, բարիք կ՚ընեն, իրենց չարիքները պարտկելու համար քսան դահեկանով քսան լիրայի գողութեան մը քաւութեանը կը սպասեն:

Դպրոցին կուտան, որ թալլուած դրացինի մը բողոքող լեզուն խեղճին կոկորդին մէջ կծկեն, Կիրակի օր մը եկեղեցիին կուտան, որ լուր օրերու ամբողջ շարք մը՝ աղքատ քաղաքակիցներէ այն տուածնուն տասնապատիկը շորթեն ու մեղայ չի գտնեն, իմ խորհելու կերպս ահա որ դուն ի՛նչ ալ ըսես, աշխարհքին անունն ալ համրես, իմս պիտի մնայ:

Բայց դուն ալ բան մը, որ վերջ մը բերեմ, գիտեմ թէ՝ իրաւ որ երկար խօսեցայ, դուն զատուէ ուրիշներէն, դուն քանի որ այսչափ բծախնդիր քննադատ մը կ՚երեւաս, այնպէս մը դուրս եկուր, ու խոստացիր որ… դուն ալ է՛հ, վաճառական մը, քու բաժինդ տուր, որ վրան սանկ երկաթագիր բարերարութիւն մը գրելու ատենս, տակն ալ քու պատկերդ քաշեմ:

էհ, իրաւ որ, գէշ չես ըսեր, գէշ չես թելադրեր ամմա, սիրելի՛ս:

Զիս պարապ մի ձգեր վերջապէս, ա ճանըս, տուր ինչպէս որ կ՚ուզես, ինչ չափով որ կ՚ուզես, կամ շարժառիթդ ինչ որ ալ ըլլար:

Օ՛ֆ, օ՛ֆ…

Դեռ շիտակն ըսելու համար, ի՛նչ հարկ այն ճռպոտ ակնարկներուն, որ ըրիր ասոր անոր հասցէին: Մարդիկ ինչ որ են, կամ մարդը ջուրէ՞ն բերուած արդեօք թէ՝ հողէն ծնած ըլլալնուն համար է, որ ոտնուորած են, քալել գիտեն, սահմանները կ՚անցնին, որ ուրիշինն են, կամ ձեռքեր ունին, որ յափշտակելու վարժուած են, քեզի ի՛նչ փոյթ ասոնք, աղա Գրիգոր, հոգի՛ս, խօսքին վերջ մը:

Ա՛խ, ա՛խ, կը հասկնան եղեր որ նորէն ժամ մըն է որ նոյն խօսքը…

Շատ զօռ ընելու ալ չի գար, բարեկամ, քիչ մը երկար փախաւ:

Կը հաւատա՞ս որ ըսեմ թէ՝ սա արալըխ՝ տասնոցին անգամ կարօտը կը քաշենք, տասնոցին, տասնոցին: Շաբթուս մէջ տասն ոսկիի փոլիչայ մը նետուեր է առջեւս, վերցնեմ ձեռքս առնեմ, մէկ տէրտ, չի վերցնեմ ուրիշ տէրտ: Զիս մենամարտի ստիպող ձեռնոց մը ըլլի ան կարծես, կ՚ըլլա՞յ, որ գետին թողում: Մարդու մը տէրտը հասկնալէ վերջն է, որ կը փորձեն անոր գօտին քակել:

Աս ալ այսպէս է, եղբայր:

Վերջապէ՛ս:

Ինծի մտիկ կ՚ընես, վաղը միւս օր եկուր, աւելի շիտակը գալ շաբթուն երեւցիր, աւելի իմաստուն կերպը, հիչ չի գաս նը բանը տահա արդիւնաւոր տըլլի ճանս:

Մենք ալ մարդ էինք զահար, էֆէնտիմ, շայէտ էկէր հիչ բան մը չի կրցեր էինք տալ նը, խօսք քեզի որ դպրոցին աղքատ տղոց պունտան պէօյլէ մենք մեր ունեցած ջիթէն, ջըթարաներէն վէրէսիյէ տալու համաձայնութեան մը գանք: Ասոր ալ անունը ազնուութիւն, մարդավարութիւն, դուն կ՚ուզես սանկ խաբուխարճի բարերարութիւն մը դիր:

Դուք ալ, սիրելի ընթերցողներս ձեր մէջ, ձեր կուշտին, ձեր գեղը կամ քաղաքը, ունէիք եթէ սա տեսակ քար տանձի տեսակներէ, Աստծու սիրուն ըլլար, մէկտեղ ժողովէինք, մենք ալ մերինները անոնց կը միացնէինք, որ մէկ անգամէն անոնց մեր ուզած անունը տայինք: Դուք արդէն հիմակուընէ չէ՞ք գուշակեր թէ՝ ես անոնց իւրաքանչիւրին համար ինչեր ունէի շրթունքիս ծայրը:

Սա «կ՚ըսես ամմաճիներ»ը ո՞ւր չի կային:

«Արեւելեան Մամուլ», 1907