Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԸՍԷ՛ ԻՆԾԻ, Ի՛ՆՉ ԿԱՅ
(Մօրս յիշատակին)

Դրացի աքաղաղներուն գիշերավերջի յոգնած ու խռպոտ ճիչերէն յետոյ կ՚սպասէր ձայն մըն ալ ան կողմէն լսել, ուրկէ լայնկեկ տանիքի մը ծայրը մարմար խաչ մը կը շեշտուի մանուկ հասակի մը ճերմակ ու թեւաբաց մերկութեան մէջ: Սպասուած այն ձայնն ալ ինք կը լսէր ամէնէն առաջ. այն կողմէն մեր ականջը բան մը չէր հասնիր, մենք կը քնանայինք տակաւին, մենք կ՚ուզէինք, որ դեռ քիչ մըն ալ երկննայ գիշերը մեր թարթիչներուն վրայ:

Կանուխ եկեղեցի կ՚իջնար, կանուխ՝ շատ անգամ Տ. Յակոբէն ալ առաջ, եթէ իր աղջիկ թոռնիկները պզտիկ, ցորեկի իրենց խաղերուն ատենը, իր գլխուն շալն ու կօշիկները հոս հոն նետած ու հեռացուցած չըլլային բնաւ, որ շատ ուշ կը գտնուէին, ու ինք երբեմն շատ ալ նեղսիրտ դժուարանքներով կը ժողվէր պզտիկներուն այն ցանած ցրուածները, որ միշտ իրենը կ՚ըլլային. ու անոնք ուրիշ ատեններ ալ համարձակ ձեռքերով իրեն վերաբերածները կ՚առնէին գործածել, երբ պէտք ունենային, կամ յաճախ անանկ ատեններ, որ ժամ կամ բաղնիք գացող կնկան մը ձեւը կ՚ուզէին ներկայացնել Այաին [1], շալն ու չիթերը վրանին առած: Այս փնտռտուքներով կ՚ուշանար երբեմն ու քնացող ան պզտիկ ստահակներուն հասցէին բաներ մը դրդրալով մէկտեղ՝ ատ իսկ պահուն նորէն անոնց անկողիններուն կողմը ձեռք մը կ՚երկնցնէր, բացուածք մը կը ծածկէր ու ճամբայ կ՚իյնար: Այս սովորութիւնը միշտ դէպի եկեղեցի, ու այսչափ կանուխ, գեղէն բերած էր օր մը ու քաղքին մէջ ալ պահել չէր մոռնար նոյն իսկ եթէ ան առաւօտը կանուխ՝ երկինքէն երկիր ալ փլած «արքայութեան» մը գուժը լսէր:

Ան ատեն, ուր ինք արդէն հեռացած կ՚ըլլար դէպի աղօթարան, ես ու իմիններս բոլոր, որ իրենն ալ էին, ան հաւատքը ունէինք թէ՝ նա հարկաւ մեր կողմէն ալ կ՚աղօթէ, կամ իր առաջին աղօթքը անպատճառ իր տունին կամ տունեցիներուն համար, արեւշատ կեանքի մը խնդրանքովը կը վերջացնէ՝ կ՚ըսէինք, մենք դեռ քիչ մըն ալ կը քնանայինք:

Բայց՝ պահէ մը վերջ ահա, ժամէն դարձած՝ ա՛լ հեշտ չէինք կրնար տէր մնալ մեր բարձերուն, ցասկոտ մեղադրանքներ մը կը թափէր վրանիս, որ ատեն ես զիս իմ հինգ-վեց տարեկանի վախերուս մէջ կը զգայի, որ մօրս սաստող ձայնը կը փշրուէր ականջիս մէջ, «Մարդ մը, որ իր օրը աղօթքով չ՚սկսի, կ՚ըսէր, ինչո՞ւ կուգայ, ի՞նչ բանի կը յուսայ տիրանալ ա՛ն օրը, ա՛ն ցերեկը ու ամբողջ կեանքին մէջ»:

Ցաւ կ՚ընէր ու միշտ անոր համար մասնաւորապէս, որ պզտիկները իրեն գլուխ ծռելու ծոյլի անտարբերութիւններ կը ցուցնէին, աղօթք չէին ըներ, ու կը վախնար կարծես, որ մեր տունէն ու մեզնէ բոլորէս քէն ընող Աստուծոյ մը վրէժխնդիր բարկութեանը դէմ մնանք օր մը չէ օր մը:

Բայց վստահ էի, թէ՝ ինք անտարակոյս մեր ամբարիշտ թերացումներուն համար ալ իր Աստուածին գթութիւնը խնդրելու սուրբէ մ՚աւելի բարեխօս անկեղծութիւնը ունի՝ այնպէս ու այն տեսակ մաքուր հոգիով մը, որուն պէսը մայր մը կ՚ունենայ վստահաբար, մայր մը՝ իմ պաշտելի մօրս անձնուիրութիւնով, որ իր զաւկին բաժին հանուած դժոխքը, բոլոր իր արհաւիրքներուն ամբողջութեամբը, սիրով պիտի ուզէր, որ իրեն վիճակուած երջանիկ յաւիտենականութեան մը հետ փոխէր անմիջապէս:

Անոր անձնուիրութեան չափը այլապէս չէի կրնար բացատրել ու ըսի որ նա արդէն իր ողջ կարծուած կեանքին մէջ ալ շատ ապացոյցներ տուաւ թէ՝ ինք իր զաւակներուն սիրուն համար քսան-երեսուն տարիներ առաջ արդէն սկսած էր մեռնիլ ու վերջապէս հինգ-վեց ամիս առաջ ալ բոլորովին փակեց իր աչքերը յոգնած, հատած իր վերջին ուժերուն անէացումովը:

Հիմա հինգ-վեց ամիս եղաւ, որ ալ չեմ տեսներ զինքը, բայց անկէ ի վեր վայրկեան մըն ալ չեմ մոռցեր զինքը, չեմ մոռցեր ո՛չ իսկ մէկ վանկը իր մեղրիկ բառերուն. իր աղօթքին բանաձեւն ալ միտքս է: Այս աղօթքը պզտիկ Զաւէնիս սորվեցնելու ջանք մը կ՚ընէր ա՛ն ատեն, ուր անոր ու միւսներուն համար իր գիտցածներէն սիրունիկ հէքեաթ մը կը վերջացնէր:

Մօրս աղօթքն ալ կը յիշեմ, այո՛, ինչպէս անոր անձայն առաքինութիւնները կը յիշէի, որոնց միայն մէկուն պատմութիւնը, օր մը, այնքան եզական ու լուսաւոր վկայութիւն մը պիտի մշտնջենաւորէր թէ՝ գեղի Հայ կինն ալ ի՛նչ ունի երբեմն, որ աշխարհք չգիտէր, աշխարհք տակաւին հասկցած չըլլար անոր այն բիւրեղիկ հայեացքէն ու բարութենէն, որ կը մտածես թէ՝ անկասկած՝ աւուր կրօնքէն ու ներշնչումներէն ալ շատ առաջ տեղ առած ըլլան անոր յստակ ու ջինջ խորքը կուրծքին, որ դուրսէն շատ անգամ սեւաներկ քուրջերու կտորուանքներով ծածկուած է:

«Տէ՛ր, բարի՛ լոս, բարի՛ Քրիստոս, չարը տանիս, բարին բերես, աշխարհի խաղաղութիւն, թագաւորաց հաշտութիւն պարգեւես: Դուն կամի կարողն ես (կամք ընող ու կրցողն ես), Աստուա՛ծ, կապուտիկ Աստուած, կարճ գիշեր, երկայն ցորեկ, կարճ լաց, երկայն խնդուք, կարճ նեղութիւն, երկայն հանգիստ, կարճ աղքատութիւն, երկայն վայելք, Դո՛ւն ի՞նչ բանի կարող չես, որ չի տաս։ Լեռները Քեզնէ կը դողան, երկինք, գետինք քու ահէդ կը սասանին, բարի՛ լոս, բարի՛ Քրիստոս, Քու լո՛ս երեսիդ ղուրպան, հաւատօքս հաւատամ Քեզի, երեսանկեալ կ՚երկրպագեմ, զաւակներուս հոգուն առողջութիւն, բանին, գործերուն ալ յաջողութիւն տո՛ւր, մուխէննէթին մուխթաճ չընես, ինծի ալ բարի մահ մը ու շէն արքայութիւն մը պարգեւես, մեր մեղքերովը մի պատժեր, մեր ննջեցեալներուն հոգեստընուն համար ալ մեր աղօթքն ու խնդրուածքը մի՛ մերժեր, Քեզի ինք ապաւիներ Տէ՛ր, բարի՛ լոս, բարի՛ Աստուած, եւ այլն, եւ այլն…»։

Ու վերջին մըն ալ իր երեսը խաչակնքելով «Հայր մեր»ը վերջին ըսելիքը կը պահէր ու լմնցած կ՚ըլլար աղօթքը:

Անկէ վերջ, պզտիկներն իր բոլորտիքը առած՝ երբ ժամէն կը դառնար, պզտիկներուն միշտ, որովհետեւ ես ա՛լ ձանձրացեր էի լսելէ, իր անպատճառ գիշերուան տեսած երազները պիտի պատմէր, երազներ, որոնք մեկնել, բացատրելու համար իր շատ վստահ ու խորհրդաւոր կերպերն ունէր, որ կ՚ըսէր թէ՝ իր ճիշտ համոզումներուն ու փորձառութեան վրայ հիմնուած են: Այնպէս նախապաշարուեր էր թէ՝ լուսադէմի երազները առ հասարակ ուշ կամ կանուխ ո՛եւէ կերպով իրականութիւններ պիտի դառնային: Ամէն օր ալ աս էր ըսածը, ու կամաց կամաց, ես ալ ան օրուան պատահելիքէն նախապէս բան մը հասկցած ըլլալու համար, իմ նոյն իսկ չուզելովս ալ սովորութիւն ըրած էի գաղտուկ մը իր երեսին նայիլ, ուր եթէ զուարթ ժպիտ մը նշմարէի, ինչ որ ստոյգ նշանը պիտի ըլլար, ան գիշերուան գեղեցիկ երազին, ես ալ թեթեւ ոտքով մը գործիս կ՚երթայի, հակառակ պարագային իմ ալ բերանս չէր բացուեր կարծես:

Զիս ալ այնչափ պաշարեր էր իր երազներուն պէսպիսութեան վրայ, նոյն ատեն ճշմարիտ որ ամբողջ տունեցիները նախապաշարեր էր:

«Կարմիր ձին մը հեծուած ո՛եւէ մէկերնէս, գեղեցիկ բաղդի մը մօտաւորութիւնը կը ցուցնէ, կ՚ըսէր, աղը՝ սրտի կսկծանք, եղը թափուած հագուստի վրայ՝ գէշ բան, հաց եփել, ճերմակ, կըսկուռ հաց ունենալ տունը՝ վերահաս յաջողութեան հաւաստիք, պատարագ, քահանայ՝ կռիւ, աղմուկ տունին մէջ, հարսնիք, թմբուկ՝ տունին մէջ մահ անպատճառ, ակռայ քաշուած կամ փրթած անցաւ՝ կորուստ ազգականի, էգիին մէջ ծառ՝ ծաղիկ ու վազք ջուրի՝ բարի երազ եւ այլն…»:

Նախապաշարում թէ ինչ մը, շատ անգամ իրաւ է որ ան երազներուն մէկ կամ միւսը իրականացած տեսնելու ձախաւեր անակնկալը կ՚ըլլար լացածնիս աղուոր տեսիլքի մը ետեւէն սպասուածն ալ շատ քիչ պատահական կամ շատ ուշ կուգար վերջապէս սմսեղ խնծիղ մը ծնցնել դէմքերու վրայ:

Հետաքրքրական մըն ալ ան՝ որ գեղը, երբ թողած էր ու ա՛լ քովերնիս քաղքենուհի մը կ՚ապրէր, այնքան երկար տարիներ անցնելէ վերջն ալ իր բոլոր երազներուն յատակն ու ամբողջ ձոյլը, գեղը կը պահէր շարունակ: Գեղը՝ իր էգիին ծառներուն հետ, գեղը՝ իր քալած ու քաղած դաշտերուն մէջ, գեղը, միշտ գեղը, ուր անպատճառ գիշերը պիտի ճամբորդէր թեւերովը իր երազներուն, ու կանուխ լուսաբացին ալ անկէ դարձած ականատեսի մը ստոյգ մանրամասնութիւնովը պիտի պատմէր բաները:

Հոն, այն ինչ կողմ, այն ինչ կանանչ առուակը նոյն կը մնայ եղեր, որ ցամքած չէ տակաւին, գեղին մէջտեղը՝ Փիլոյենց խաչը (ուխտատեղի) աւերակներու տակ խեղդուած, Ս. Դաւիթի ալ գեղէն դուրս՝ լքուած ուխտատեղի մը մնալը կ՚ողբար: Այսպէս իր կարգին Կարմիր Եկեղեցիին վրայ կ՚ըսէր բաներ մը, անոր մօտերը այն պատմական Աւագը տեսած կ՚ըլլար, որ աղբիւրի աղջկան հէքեաթը գիտէ:

Աղբիւրի այն սիրուն պայիկը պիտի գրեմ ուրիշ անգամ, թէ ի՛նչպէս ան Թլկատինցի աղջիկներէն տօնուած նահատակուհի մը կը մնայ ամէն տարի տափի ու ծափի աղմուկներով:

Գիշերուան մը ճամբորդութիւնով դէպի գեղը, անկէ անվերջ բայց շատ շահեկան յուշքեր մը կը բերէր, որոնց սկիզբը մինչեւ իր հարսնութեան օրերու երջանիկ առաւօտը կ՚ըլլար: Առաւօտը Զատիկին, որ ատեն իր գիւղացի կնկան մը զարդեղէններուն պէսպիսութիւնովը գեղեցկացած՝ թռչկոտ վազքով մը Զատիկի պարին կ՚երթար ու անպատճառ ինք պիտի ըլլար պարերգին առաջնորդող երգիչը: Իր ձայնին, այնքան զմայլելի իր ձայնին հմայքով, երբ քներգ մը կամ պարերգ մը կ՚ըլլար սկսածը, ըսածը, օձերն ալ նոյն ատեն իրենց ծակերէն դուրս՝ մտիկ ընելու կ՚ելլային:

***

Մա՛յր, բոլոր ասոնք ու աս պատմածներուդ ամենայետին մանրամասնութիւններն ալ միտքս են տակաւին, որոնք տունին պզտիկներն ալ չեն մոռցեր ու անոնք մէկ մէկ սորվեցուցած աղօթքիդ պէս կը յիշեն, բայց՝ քանի որ կ՚ըսեմ, միայն գիշեր մը ճամբորդելով, այնքան մը տեղեկութիւններ կը բերէիր գեղէն, որ այնքան հեռու կը մնար մեզմէ, հիմա ալ պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ըսէ՛ ինծի, ի՛նչ կայ անդին: Ի՞նչ ունիս գերեզմանէն, որ հունա այնքան ալ մեր մօտը կը գտնուի: Ըսէ՛ Մայր, վստահ եղիր, որ չպիտի մերժեմ լսել, երբեք չպիտի ձանձրանամ ըսելիքներէդ: Երազներուդ պէս արդեօք գերեզմանէն անդիիններն ալ նորէն ճշմարիտ իրականութիւննե՞ր պիտի հռչակես, թէ բացարձակ ոչնչութիւն պիտի ըսես պարզապէս: Հարցուկի մը պատկառոտ սարսռանքներուն մէջ ու միշտ անհուն կարեւորութիւնով մը պիտի լսէի քեզ, Մա՛յր, ո՞րն է երազը, աս արեւի՞նը, թէ՝ վաղուան ստուերներուն կեանքը, որուն դուն ամիսներն ի վեր սկսուածքն ըրեր՝ դեռ մեզի բան չես ապսպրած, մեզ յուսահատ սպասանքի մը մէջ սգաւորներ կը պահես. բայց դուն այսչափ երկար չէիր քնանար, Մա՛յր, դուն աքաղաղին ճիչովը ընդոստ արթնցող մը, հիմա ամպերը կը պոռան ականջիդ ու բնաւ չես շարժիր, վեր չես առներ գլուխդ, աղօթքի չես վազեր, երազներդ իրականութի՛ւն թէ ինչ, չես յայտներ մեզի. ու կը զարմանամ թէ՝ ինչպէ՞ս կրնաս համբերել:

Այսչափ երկար ու խորունկ քուն քնանալով, մինչեւ հիմա աշխարհք մը ըսելիք կը կախէիր շրթունքէդ. թզուկ գիշերի մը կեանքէն ամէնքն ալ, հիմա ի՞նչ պիտի կրնայիր խօսիլ ան մեծ գիշերին կողքէն, անոր սոսկալի ու խաւարակուռ ալքերէն, ուր մտար ու մարեցիր ճրագը ետեւէդ:

Առաջին օրը ի՞նչպէս ճամբորդեցիր, որո՞ւ հանդիպեցար, ո՞ւր ըրիր հանգիստի վայրկենային դադարդ, դուն որ արդէն շունչէդ կը կանչէիր:

Այն պահուն, ուր հողն ու քարը բուռ բուռ քու մարմինդ խբող սնտուկին վրայ թափուելով՝ գոռ թնդիւն մը կը լեցնէր գերեզմանդ, ի՞նչ խորհեցար արդեօք, հէ՜ք Մայր, մեղաւոր հնդկուհի՞ մը կը թաղեն ըսիր, թէ՝ մարդիկ մահուան վրէժը կ՚առնեն այնպէս հողին տակ քեզ՝ քու մարմինդ ծեծելով:

Դուն սակայն զգացի՞ր ասոնք, անդրադարձա՞ր ան եղածներուն, երդում քեզի որ ես աւազահատ մըն ալ չնետեցի վրադ, այդպէս թող ձեռքս փրթէր, Մա՛յր, թող այդ տեսակ յիմար սովորութեան մը համակերպութիւնով աջ ձեռքէս, աջ աչքէս զրկուէի: Քարերը, հողերը քու կուրծքիդ նետուած, իմ գլխուս կ՚իյնային արդէն, գերեզմանիդ քովէն դէպի տուն ես արդէն ճշմարիտ մեռել մը դարձայ: Առաջին մուտքը դժուար քայլափոխ մըն է եղեր կ՚ըսեն, հոգի՛ս, աս կողմէն այն կողմը սաւառնող հրեշտակներն ալ անխուսափելի այդ դժուարութիւններէն պիտի անցնին եղեր անպատճառ, հոգ մի՛ ըներ: Դուն միայն հիմա ըսելու եղիր թէ՝ ի՛նչ տեսար այդ մուտքի դուռնէն անդին, գտա՞ր, համբուրեցի՞ր այն քուկիններդ, որոնց կը փափաքէիր հէնց թերաստուերը տեսնել:

Հայրս ո՞ւր կը մնար արդեօք, չտեսա՞ր, չի բարեւեցի՞ր, չըսի՞ր, թէ՝ երեսիս վրայ իր զարկած ապտակներուն տեղը հիմա աղեբեկ մօրուք մը կը շփէ տղադ, ան ատեն, որ անել ու թնճկոտ խորհուրդ մը կը ճմռթկէ իր մտքին մէջ:

Ես ալ ո՞ր ճամբով գայի, որ շիտակ քեզի հասնէի, հոն ալ մէկտեղ ապրէինք. առանց քու ներկայութեանդ, ինծի համար այդ լոյսերու աշխարհն ալ տրտում դատարկութիւն մըն է յայտնապէս, ինչպէս հոս քեզ կորսնցնելէս ի վեր դժոխքի մը ցաւերն ունիմ հոգիիս մէջ: Միայն քեզի կը հաւատամ, Մա՛յր, պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ըսէ՛, կարճ ըսէ՛, հէնց ակնարկով մը հասկցո՛ւր թէ ի՞նչ կայ անդին: Միայն քու ըսածներուդ անձնատուր պիտի մնամ, Մա՛յր:

Ն. Պապիկեանի Տարեցոյց, 1908։



[1] Պզտիկները աս անունով կը կանչէին զինք։