Գեղի նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Ա

Աշունն եկեր, ձմրան բարեւ կը բերէ, ամպերը գլխնուս վրայ ձիարշաւ կը խաղան: Ամպերն ուղտի, մարդու, ամէն բանի ալ նմանութիւն կը ներկայացնեն, ա՛ղբար, ճիշդ ու ճիշդ կարաւան կը կազմեն, գինով հարսնաւորներու պէս իրար կը հալածեն, իրարու հաստ հաստ ճոկաններ կը նետեն, իրար կը մեռցնեն, ջախջախ գանկերէն ու ցրցխտած ողներէն նոր անօրինակ կենդանիներ կը ծնին անմիջապէս, իրենց ծնողէն խոշոր ու տարիքոտ:

Երէկ առաւօտ ես զիս պահ մը անոնց մէկուն վրայ երեւակայեցի. վիթխարի եզ մըն էր, ամէնէն ծերն ու ծանրաքայլը. ագին Մայրամ լեռը կ՚աւլէր, ցռուկը Թլանծկայ բլուրէն ալ խոշոր, եթէ մեր Ծովակին մէջ կայնէր, վզին թալերը [1] անկասկած չոր կը մնային:

Ըրի, չըրի, սեւ գաւակին վրայ շնկղքեցայ [2]: Ի՜նչ բարձր, ի՛նչ այլայլիկ ու երազային երեւոյթներ: Մազերուս տկտիքը փուշ փուշ կ՚ըլլի, գլուխս կը դառնայ, վար նետուելու փորձեր կ՚ընեմ, չեմ յաջողիր: Կաքվուն լեռը Ս. Զաքար, ամէնէն բարձր գարգմանակ կրող լեռները դաշտին լայն փորին վրայ պզտիկ մզտիկ պորտեր կ՚երեւին, տեղ-տեղ մութմլոր պլպլումներու բացխուփ փայլով աչքի կուգան ու չեն գար Սեւ գետակի օձապտոյտները, Արածանիի կաղճի ալիքները: Ծովակն իր գոյնով վերի կապոյտէն ինկած շափիւղայ կ՚ըմբռնես, ձեւով՝ նման ճիշդ փիղի կաշիի մը, որ գետնին վրայ բացուած ըլլի, յայտնի ոտքերուն տեղը, գլխուն կողմը, մէջքը, որ Հազար-Պապային կռթնցուցած է: Մարդն անասունէն չի տարբերիր, նախրորդը նախիրին մէջ կը կորսուի, աննշմար կը մնայ. մրջիւններ չեն ասոնք, բայց անշուշտ մարդ ալ չեն, հոն լերան կողին վրայ, դաշտին երեսը բան կ՚ընեն: Այգի, ծառաստան՝ սափրիչի խանութէն նետուած կեղտոտ թնճուկներու պէս կ՚երեւնան, մեր գիւղն ու միւսները իրարու մօտիկցած դրացի թաղեր եղած են: Ու կը մտածեմ, Խ. գիւղին Գամգլուխ Հաճի Աղան ո՞ւր կը մնայ, հիմա ո՞ր թոնիրի եզերքը կը հռհռայ, եթէ իր տունն է, ի՜նչ վայրագ բերան բացած է հիմա հարսին ու կնկան երեսին, շատ չուզեր, պզտիկ մը, արցունք մը գինի, կը գենկեզնայ [3], ու սակայն ո՛չ հարսը, ո՛չ իր ադամորդին մտիկ չեն ըներ, երէկուընէ արդէն ջուր հանած է նստած տեղը, կը քաշուի՞: Այս ալ ինչո՞ւ միտքս ինկաւ:

Բայց երկնակապոյտին ալ դրացի ըլլի՜լ, հիանալի է: Արծիւը սուրհանդակ կարգել, երկրի վրայ ուզածիդ ու սիրածիդ հետ տուր ու առ ընել, քուլայ ամպերու ծոցը պառկիլ, անոնց կոյս կուրծքերուն վրայ երազել, սա հարաւի հորիզոնէն ժպտող զոյգ մը չնաշխարհիկ ներուըտոց հետ առաւօտի շաղերով օծուիլ։ Աղօթքիս մէջ չուզե՞մ որ հոգիս այս ճամբով երկինք տանէին: Դեռ ամպերէն վեր ինչե՜ր կան: Այսպէս աշխարհքն ելած էր մտքէս, շատ հեռուն կ՚ապրէի. թէ վարը մարդեր կան, որ հազար ցաւերու ու բիւրաւոր տէրտերու մէջ կը հնհնան:

Վա՜յ ինծի. մեղաւորին երկինքն ալ երդիկ կ՚ըլլի եղեր ակնթարթի մէջ. մեծ եզս անտառի գոմէշի մը փոխուած էր, եղջիւրներէն ահեղ, յանկարծական բոցեր ժայթքեցին, աղիքներէն տիեզերք սարսեցնող գոռում գոչումներ լսուեցան. կռնակը կիսկռտեցաւ, սրունքները բզիկ-բզիկ եղան, արեւելք արեւմուտք տարտղնեցան, ուրիշներ ալ լեռ, ժայռ յօրինեցին, կամուրջ կազմեցին, բան մը կայուն չմնաց ոտքերուս տակ. ու ես ինքզինքս երազի մէջ թռչող ու սթափողի մը տպաւորութեամբ, առջի նստած տեղս, մեր ցածուկ երդիքին վրայ գտայ:

Անցան ժամեր, կէս օրը կը մօտենար, արեւը խփուած էր, գիշերուան չափ մութ, ա՛լ վարն եմ: Վերը նորէն իրարանցում ու որոտում:

Ո՞ւր են ամպերը որ՝ վարը երկրագործին ձեռքը ծոցը կը թողուն, արտերն անջուր ու երաշտ, իրենք անհոգ անոնց վրայ կը ծաղրեն ու խաղեր կ՚ընեն:

Ահա տարափներու փոխուած՝ վար կը հոսին, սար ձոր կը լուան, մեր աշնանացանը ու Պետիկենց խաշխաշը կը բուսցնեն:

Հիմա կը հասկնաս, թէ Աստուծոյ արեւն ու անձրեւը չըլլէր, ի՜նչ վիճակ կ՚ունենայինք: Մարդուն բանիլ, դատիլը անօգուտ է, փեթակ չի լեցներ: Գեղը հաստատուելէս ասդին շատ աւելի խորունկցած է այս մասին համոզումս, թէ մեր քրտինքն ու մեր եզները արտը չեն կրնար արգասաւորել, եթէ վերինները վար չի գան ու անոնց հետ միեւնոյն լուծը, միեւնոյն սամին չանցնեն վիզերնին: Յաւիտեան օրհնեալ մնայ Իր անունը:

«Հայրենիք», 1894։



[1]            Վզին տակի աւելորդ միսը։

[2]            Կառչիլ։

[3]            Աղաչել, պաղատիլ։