Տաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐ

1

 

Պզտիկ սեւուկ մրջիւններ

Իրենց կլոր ծակին քով

Սըկէ, նըկէ փշուրներ

Բերեն, դիզեն արեւով:

Օրն ամառին արեւոտ

Կ'երթան հեռուն, հեռուն տեղ,

Հատիկ, հունտեր եւ ծղօտ

Կտցեն, կրեն միատեղ:

Ես կը սիրեմ մրջիւնին

Երթալ նայիլ տնակը,

Կը սիրեմ միշտ օրն օրին

Գտնել իրենց քարփակը:

Մրջիւն մրջիւն սեւուլիկ,

Ես աչ ահա քեղի պէս

Գործ մը կ՚ընեմ պզտըկիկ

Որ մարդ դառնամ իրապէս:

 

2

 

Լեռն ի վեր, լեռն ի վեր, տղա՛ք, լեռն ի վեր,

Ամպին հասնինք լեռն ի վեր,

Արեւը բռնենք լեռն ի վեր,

Թիթեռ տեսնենք լեռն ի վեր:

Լեռն ի վեր, լեռն ի վեր, տղայ ք, լեռն ի վեր,

Մեղուն լսենք լեռն ի վեր,

Հովուին սրինգ լեռն ի վեր,

Այծեամ եղնիկ լեռն ի վեր:

Լեռն ի վեր, լեռն ի վեր, տղա՛ք, լեռն ի վեր,

Ապրիմ—չապրիմ լեռն ի վեր,

Նարկիզ, շուշան լեռն ի վեր,

Կաքաւ, կկու լեռն ի վեր:

Լեռն ի վեր, լեռն ի վեր, տղա՛ք, լեռն ի վեր,

Լուսինը բռնենք լեռն ի վեր,

Համրենք աստղերը լեռն ի վեր,

Աստուած տեսնենք լեռն ի վեր: