Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(Վարդերես իր տունին մէջ, վերջին իրկունը, տունեցիներուն հետ համտէրտ խօսուըռտուքներ, խեղդ հեծքեր, յոյսեր, սրտապնդումներ, եւն.

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Էսօր էսօր, վաղը վաղը, մէկ անգամ տհա փոչիկնիս քաշինք խալըսինք։ Չէ՛, չի կեցուիր հոս, չի՛ կեցուիր, չի՛ կեցուիր։ Ես հոն 15-20 տարի կեցայ, ճշմարիտ օր քսան օրուան պէս հեշտ անցաւ, շուտ անցաւ։

Ա՛լ հոս չի՛ կեցուիր, սորվող մը ալ հիչ չի կրնար կենալ, մարդու երկիր, շէնք շնորհք մէմլէքէթ, միայն թէ, էհ, վաստկածդ ծոցդ դիր, մէկմէկու վրայ դնել դիզել գիտցիր, որ վերջը ռէզիլ մալամաթ չ’ըլլիս, ինտոր օր եղանք անգամ մը ու հիմա խելուընիս տեղ ըրաւ։ Ամերիկա՜, պիր կէօրէն փիւշման, պիր կէօրմիյէն փիւշման։

Միտքս աղէկ հասկցա՞ր մի եա, Գէորգ, իշալլահ է՛ս անգամ ոտքս հոն դնիմ թէ չէ, ես գիտեմ ընելիքս, հոս դուն ալ քու գործերդ, քու ընելիքդ գիտցիր։

ԳԷՈՐԳ Հոս ինծի ի՛նչ գործ մնաց որ, ընելիք դնելիքս ի՛նչ պիտի ըլլէր, երկու կտոր պախչա ունէաք, սըվոնք դուն կերար լմնցուցիր, աղալըխն ալ զաթի ես պէտք է ձգիմ, քանի որ մէկ հոգին տասը ձեռք ոտք ալ ունենայ նը, տասը փարայ չպիտի աժէ։ Հիմա սրա՞ն էր օր սէլին ու գետին քշած տարածներուն ետեւէն հետդ հաշիւի նստէաք, գնա, Աստուած սէլամաթ տայ, իմս այսչափ միայն։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Ես ըսել է բոլորովին պարա՞պ մի դարձայ էռջի անգամ, հիմա նորէ՞ն հին հիսապները։

ԳՈՀԱՐ Հաշուէ, մաքրէ, ինչ որ կայ իստկցուր, վերջը ճանբայ ընկիր։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Դուն հէլէ բանի մի՛ խառնուիր, ա խուզում։

ԳՈՀԱՐ Հիմա չի խառնուիմ օր վաղը մուրին մրկէթներուն մէջ թաթխուիմ, հա՞ աղէկ կնիկ կը հոգաս, հէմ չընես նը, ես ալ հետդ պիտի գամ, հետդ, հետդ, ես զաթի միշտ չէի՞ ըսեր, չէի՞ լար թէ հոս ես ալ չեմ կրնար կենալ։

ԳԷՈՐԳ Տէ հրամմէ հիմա, էվէլ էվէլ սը կնկանդ բերանը բռնէ տէ, վերջը ճանբայ ելլիր, էսօր երեսէն քաշածնիս ալ շունը պիլէ չի քաշեր, շո՛ւնը, շո՛ւնը, ալ մարդն ըլ չէ։

ԳՈՀԱՐ Չես քաշեր եա՛, ինչո՞ւ քաշես օր, էղբէրդ իր կնիկը դրան էտին կղպէ երթայ օր հոս դուն քուվունիդ հետ ամէն օր հարկ ու հարկինք բռնէք, քէֆ քշէք։

Սըվի ո՞ր օրէնք, ո՞ր կրօնք կը տանի էսպէս։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Սոն տախխային սիրտ ցաւցնելու պէտք չի կայ, Գոհար, հէտտովդ կեցիր, ճակտնուս վրայ ի՛նչ է գրուեր նը, էնի պիտի ըլլի, դուն համբերել գիտցիր։

ԳՈՀԱՐ Ես էշ չիմ օր համբերիմ, սը խօսքերը տահա ճան ճիկէր եղբօրդ բերանը, եա դուն էնոր կնիկը լսես նը։ Հիմա՛, հիմա՛, հաշիւ հիսապ ի՛նչ ունիս չունիս նը, հիմա մաքրէ, խալըսիր, վերջը ոտքդ տունէն դուրս դիր։

ՄԱՆԱՆ Տագերոջս անուշ խաթրը կայ, նիրուկ, էլին մէջ սայղի կէնիմ։

ԳՈՀԱՐ Սայղի՜, էն ըլ դուն, էն ըլ Ծծռիկ Թէվօյին աղջիկը։

ՄԱՆԱՆ Ճշմարիտ օր սայղի կէնիմ, առ նամուս կը խորհիմ, չէ նը սը մէկ ըղունկովս թա ճիկէրդ կը բզքտիմ։

ԳՈՀԱՐ (Էրկան). Անկաճովդ կը լսէի՞ր, էրի՛կ մարդ, դեռ դուն սըվոնց համար էլեր կ’երթաս օր փարչա փարչա ըլլիս հա՞։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ (Գլուխը կախ խոր մտմտուքներու մէջ). Աֆէրի՜մ, աֆէրի՛մ…  չէք թողուր որ ոտքս տունէն դուրս դնեմ գոնէ, երկուքիդ ըլ աֆէրիմ։

ԵՂՍԻԿ Աջի՛ն, հիչ ամչնալ չունի՞ք դուք, շան կա՞թ էք մի կերեր, մարդը տամլայի՞ պիտի բերէք մեղայ Աստուած, մեղա՜յ, մեղա՜յ…  հէչ վո՞վ տեսեր էր էս չէշիտ բան։

ԳԷՈՐԳ Հէլպէթ, հէլպէթ, էնի Ամերիկայէն է եկեր, կրթուած տեղ է տեսեր, մերն ըսէ օր Ծծռիկ Թէվոյին ումէ դմէ աղջիկն է եղեր։

ԵՂՍԻԿ Շլլին տակը մնայ, ի՞նչ էնիմ, այ օղուլ, գալէն ի վեր զաթի տուն մի տնով արին թարախ կը կերցնէ, շլլի՛ն տակը մնայ, չի բուսնէ՜ր բարով։

ԳԷՈՐԳ Իշտէ կը տեսնաս ա, ա՜յ էղբէր, ես սըվոնց հետ ի՛նտոր տ’էնիմ, ի՛նտոր գլոխ պիտի էլլամ, զահար մենք ըլ տօստի տուշմնի մէջ պիտի էրվանք։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Քեզի բան մի ըսի՞մ, կնիկ, զիս էս տէրտերով դռան դուրս մի հաներ, հիմակուընէ ծունկերս կը ծալես, էրթալիք տեղս ըլ դուն գիտես թէ աշխըրքին ո՛ր ճոթն է։ Չէ, էկեր իրարու հետ էս չէշիտ վարըմիշ պիտի ըլլէք, թա էտի սօղը էս չէշիտը նը, աղէկ է որ հիմա, ճիշտ հիմա, քանի ես հոս եմ, փէշերդ ժողվես։

ԳՈՀԱՐ Ժողվէի օր ո՛ւր երթայի, դո՞ւն ինչ կ’ըսէիր։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Պապո՛ւդ տունը, մէրանցդ։ Էկէր իրաւ էրիկդ կը սիրես, չէ, թէ որ պաշխայ է միտքդ, աղէկ է որ հիմակուընէ, քընծ էս օր թէզ չի գայ փռթիդ ժողվես, դուն ըլ խալըսիս, էսոնք ըլ։

ԳՈՀԱՐ Հետդ պիտի գամ, հե՛տդ, հե՛տդ, ես պաշխայ տեղ չիմ ճանչնար։

ԵՂՍԻԿ Ճուռը կոյրէր օր չի դառնար գար անգամ մըլ, մեզ պիրէտի կրակն է տուեր, կա՛յ (կամ) տունը չի հաւնիր, կա՛յ գեղն ու գեղացին չի հաւնիր, կա՛յ նիրոջը հետ, կա՛յ տագերոջ հետ։ Աչքդ քօռնայ օր էրիր էրիր ագը վարտիկ չունեցող տուշմննուս պիլէ քէֆը բերիր։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Հիմա մեզի մտիկ կ’էնէիր, էղբէր, ես ճանբորդ իմ. էս խօսքերը էս ըլ շատ իմ լսեր, դուք ըլ, իմ իրիճաս սըվի է օր դուք բոլորդ ըլ քիչ մը տանիլ, սապր էնել գիտնանք, խենթը խօսք հասկցող չէ նը, թող խելօքը հասկնայ։ Աստծու սիրուն։

ԳԷՈՐԳ Իշտէ էտ մէկ խօսքդ է օր մէջքս կը կոյրէ եա, ես էղբօր համար հոգիս ըլ թէլէֆ էնիմ նը, ա՛խ չիմ ըսեր, մինակ թէ ի՛նտոր դուն քու աչքովդ ըլ կը տեսնաս պունա չէքիլմէզ տէրտ տէրլէր, սը մէկը, սը չէշիտները բուն իր պապն ու մէրն ըլ չեն քաշեր։

ԵՂՍԻԿ Չի՛ քաշուիր, օղուլ, շիտակ խօսքին ինչ ըսես։ Անցած օր, տը մանղալը քիչ մըլ ինծի բեր ըսի, աղջիկ, բեր օր քիչ մի ես ըլ ձեռքս տաքցնիմ, է՛նի է՛ն չէշիտ ճուղապ մի տուաւ բերնիս օր՝ նստուկ տեղս մնացի։

ԳՈՀԱՐ Սո՛ւս կեցիր փնթի պառաւ։

ԵՂՍԻԿ Փնթին քու մէրդ է, դայեկ Թէվօն է, հասկցա՞ր մի, շանը խօսքը տես հէմի։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Պապա՜մ, կէօզի՜ւմ, (դէպի կինը) ճամբորդին մտքին տակ քար քէսէկ չեն նետեր, վար դրէք ձէներնիդ օր խաղաղ անկճով ես գործիս էրթամ, ես հիմա օրուայ մի ճամբայ էի առեր։

ԳՈՀԱՐ Զիս էսոնց պիտի սէպես ու ճանբայ էրթըս, հա՞ աֆէրիմ, հըլէ դուրս էլիր ու հէմի էտիտ հայիր։ Ես սըվոնց տէրտերը չի՛մ քաշեր, չի՛մ քաշեր, չի՛մ քաշեր, շըլլիքէս չուան կը քաշիմ, տէյիրմանին քարը կը քաշիմ, էսոնք չի՛մ քաշեր։

ՄԱՆԱՆ Մենք քեզ հիչ չիք քաշեր, լկտի, ալ հերիք չէ՞ շան ձէնդ։

ԵՂՍԻԿ Օ՜ֆ, օ՜ֆ, բերանիդ օռթան պագնիմ։

ԳՈՀԱՐ Լկտիին ըլ ձէնը կուգայ, շանն ըլ հա եա՞ - էրիկս էրթայ, բանի, դատի, կրակներուն մէջ խաշի օր քէֆերնիդ գայ հա՞, բոլորս էք օլըրուեր։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Ես իմ տունիս ընտանիքիս համար ելեր իմ կ’երթամ, Գոհար, ես այրու սաչու չիմ գիտեր, հա՛ էղբէրս է գացեր չարչրուեր, հա՛ ես քեզի ի՞նչ որ դուն պոչդ մալէզէն չես հաներ։

ԳՈՀԱՐ Անամօթն ու անառակը քու հարսդ է, քօռ մէրդ է։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Էրթանք, էղբէր, երթանք։ Ամա՜ն, ամա՜ն, եօթը քաղաք ըլ օլըրտիս նը, չիկայ էս չէշիտը, ես ինչո՛ւ էն ատենը ջուրը չի նետէի օր մէկ անգամէն ըլլէր ինչ տըլլէր նը։

ԳՈՀԱՐ Հիմա պիտի գամ օր հիմա նետես։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Հըլէ՛, հըլէ։

ԳՈՀԱՐ Է՛, տես հէմի, զիս էստեղաց եաշմախլի քէծերը մի՛ հասկնար։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Էրթանք, Գէորգ, (ոտքի կեցած մեկնելու շիտկտուածքներ), էվէլ պակաս հալալ էրէ, մէ՛ր, (ձեռքը համբուրելով) դուն հէ՛չ մի խօսար, ինչո՛ւտ պէտք, թող հաչէ, հաչէ, տեղը նստի, դուք զաթի հիմա պիտի գիտնայիք թէ դժողքը պիլէ չիկայ էնոր թէքը. Աստուած պէլան տայ։

ԵՂՍԻԿ Հէ՛մի տայ, օղո՛ւլ, հէ՛մի պէլան տայ, քար ուտէ, արին փսխէ օր մէկ աչքի լօս մի ունիմ, է՛ս չէշիտ ճանբու կը դնէ։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Դուն քու աղօթքդ մի պակսեցնէր, մեծ է Աստծու զօրութիւնը։

ԵՂՍԻԿ Ղուրպան ըլլէի էն Աստծուն օր զիս էս օրերուն թողուց, բարի՛ երթաս, տղա՛ս, բարի՛ երթաս, դուն օր մէր կը հոգաս նը, Աստուած ըլ քեզ հոգայ, քու բանիդ գործիդ աջողութիւն տայ։ Բարի՛ երթաս, բեր հէմի երեսդ ըլ պագնիմ, տղաս, (համբուրել տալով) ալ հէմ ըլ վո՛վ գիտէ…  թա օր հոն տեղ հասնիս, տեղաւորիս, մէրդ ըլ հոս իր տեղը պիտի հասնի։

ԳԷՈՐԳ Աստուած չէնէ, մէր, Աստուած չէնէ, թող էղբըրնիս ուրախ բարի ճանբայ հանինք, մնացածը ի՛նչ օր ալ ըլլէր, մահը, մեռնիլը զաթի կար, դուն սաղութիւն ըսէ։

ԵՂՍԻԿ Բարի տանէ, ա՜յ օղուլ, քար բռնէ, օսկի դառնայ։

ԳՈՀԱՐ Հա եա, քարերն ըլ օսկի դառնան օր…

ՎԱՐԴԵՐԵՍ (Եղբօրը ձեռքէն բռնած). Հիմա, աղբա՛ր, հիմա խոստովանէի թէ, ես չգիտցայ էղբօր խէտիր, պունտան պէօյլէ մեծ է Աստուած. օր մի ունիմ քեզի համար, միայն գործը խօսա։

ԳԷՈՐԳ Իմ փափաքս օր, հասնիս չի հասնիս, պարտք խարճ, կտոր մի խաշլըխ խրկես օր հէչ չէ մէկ երկու եզ, եզի պէս բաներ առնինք հողը փորփրենք, մեր հողը, մեր պախչան, աղալըխը ալ չը գար գործերնուս։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Ի՛շալլահ, ի՛շալլահ, մէյ մը հըլէ ողջ առողջ հոն հասնիմ։

ԳՈՀԱՐ Մի մոռնար քօռ մօրդ ըլ օսկի կէօզլիկ մի խրկէ։

ՎԱՐԴԵՐԵՍ Դուն պիտի տեսնաս թէ հարսիս ալ օսկի սահաթ մի, ու էն էռէնջ էնորը պիտի խրկեմ։

ԵՂՍԻԿ Տահա կը խօսա՞ էտ չիքը, թող իրեն ըլ կէնիշ պատընքցու մի խրկէիր, Վարդերես, գնա՛, տղաս, հըլէ՛ հէ՛չ չէ նը հոգիդ կը խալըսես։

ԳԷՈՐԳ Էրթա՛նք, աղբար, դուռը մեզի կ’սպասեն, Աստուած սէլամէթ տայ, քեզի սէլամէթ տայ, մեզի ըլ սապրը տայ։