Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՈ՛ԻՆ ՄԸՆ ԱԼ ՊԱԿԱՍ
Բ


Սրտերը քար էին եղեր, մարդոց հոգիները ոսկորի պէս չոր ու կարծր: Երբ էֆէնտիները, Ազգին գլխաւորներն ու մեծերը երես կը դարձնէին իրեն, կը խաբէին զինքը՝ ի՞նչպէս ըլլար որ տաճիկը գութ ու կարեկցութիւն ունենար, ի՞նչպէս ըլլար որ տուշմանը խօսք հասկնար:

Աղջիկը Րէշիտ էֆէնտիին տունն էր, հաստատ գիտէր Մարիամ Պաճին. բայց բերդի պէս ամուր էր այդ անիծեալ տունը, այդ մրեղելիք օճախին դուռը: Գնաց ափ առաւ ուռնակը, ծեծեց, աղաչեց, ծառաներուն ոտքերը ինկաւ, ներսէն դուրս ելլող պէսլէմէ ին, ձիապանին, ամէնուն, ամէնուն փէշերը համբուրեց՝ կարծելով թէ անոնցմէ գթութեան ճար մը պիտի գտնէր. պաղատեցաւ որ թող տան անգամ մը աղջկան երեսը տեսնելու, զոյգ մը խօսք փոխանակելու, տեսնելու թէ գոնէ ո՞ղջ էր, աչքերը դէմքին վրա՞յ էին, լեզուն բերնին մէ՞ջ էր: Դուռը գոցեցին երեսն ի վեր, վռնտեցին, հայհոյեցին, դուրս հրեցին զինքը: Նորէն աղաչեց, նորէն գենկեզցաւ: Յամառեցաւ իր աղերսանքին մէջ ու նստաւ փողոցը, այդ դռան առջեւ՝ որուն ետեւը կը գտնուէր սրտին կտորը, աչքերուն բիբը: Կը պատմէր անցորդներուն, ձեռքերը կը շարժէր, գլխուն մազերը կը քաղէր ու աչքերը վերցնելով վերը՝ հեռաւոր, բարձր պատշգամին խաղխամներուն, հարեմական վանդակաւոր պատուհաններուն, կը կանչէր զաւակը, տալով անոր անունը՝ մայրական ամէնէն քնքուշ, ամէնէն ողոքօղ ձայնով:

Սըրմա՛ս, եաւրո՜ւմ, անգամ մը գլոխդ դուրս բեր որ երեսդ տեսնեմ, ձայնդ հանէ որ անգամ մը լսեմ… ա՜խ, ձագուկս, մայրդ շուներուն հետ հոս դուռներուն քէօշէները մնաց, լսէ ինծի, մօրդ կաթը հարամ ըլլի՛ էկէր որ հաւատքդ ուրանաս, Քրիստոսդ ուրանաս…

Եւ ձեռքերը ծունկերուն կը զարնէր, կու լար. արցունքները կը վազէին երեսէն: Դուռը չէր բացուեր, կամ եթէ ատեն—ատեն բացուէր՝ թուքի ու հայհոյութեան պատասխան մըն էր որ կը հեղեղէր դուրսը:

Բայց զաւակը ներսն էր ու չէր լսեր զինքը, իր ձայնը չէր հասնէր անոր: Քանի մը օր առաջ դեռ իր քովն էր սակայն ան, ինքն անոր մայրն էր, իր աղջիկն էր Սըրման, իրեն հետ կը խօսէր. ու այսօր երկինքը սեւցաւ, արեւը մթնեց, աշխարհքը դժոխքի փոխուեցաւ. զաւակը խուլ է, չի լսեր մօրը պաղատանքը, չի գթար մօրը կսկիծին:

Երեք օր անընդհատ՝ խենթի պէս եկաւ այդ դռան առջեւ, ժամերով լզեց այդ անսիրտ տնեցիներուն ոտքերն ու գարշապարը, սակայն մարդիկ դեւ էին կտրեր, գթութիւն չկար իրենց խղճմտանքին մէջ, քաղցրութիւն չկար իրենց խօսքերուն մէջ, իր վիշտը, իր աղաչանքները, իր արիւն—արցունքը թրջեցին հողն ու խիճերը, չողոքեցին մարդոց սիրտը, աղջիկը հեռու մնաց իր մօրը տեսութենէն եւ մայրը գերին եղաւ բռնութեան աշտարակին դրանը կապուած:

Անձրեւը ծեծեց զինքը ու քամին մտրակեց իր ձեռքերը, իր ոտքերը, բոլոր անպատսպար մարմինը: