Ցայգալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՈ՛ԻՆ ՄԸՆ ԱԼ ՊԱԿԱՍ
Գ


Ճարահատ, կրակը հոգւոյն մէջ եւ թեւերը կոտրտած՝ դարձաւ վերջին անգամ նորէն Առաջնորդարան, ուր կրցաւ գտնել վերջապէս վարդապետը. անկէ առաջ միշտ բարապանները խստութեամբ ըսեր էին իրեն որ Հայր Սուրբը հոն չէր, խոնախն էր գացեր, իր աղջկան գործին ետեւը կը պտտէր: Եւ սպասեր էր փողոցները ժամերով, ճամբաներուն վրայ, որպէս զի հանդիպում մը ունենայ Հայր Սուրբին հետ, սպասեր էր, սակայն չէր կրցեր տեսնել, նորէն եկեր էր Առաջնորդարան, նորէն խաբեր էին զինքը. դեգերեր էր աս դռնէն ան դուռը, աս փողոցէն միւսը:

Այդ օրը, գտաւ վերջապէս Հայր Սուրբը, նստած իր աթոռին վրայ, դեղին սաթէ համրիչը ձեռքը, խոժոռ, սրտմտած ու յօնքերը իրարու կպած:

Հայր Սո՜ւրբ, քէօլէդ [1] ըլլիմ, խապա՜ր մի. աղջկաս երեսին հասրէթը մնացի, իմ աժանս ինծի սուղ եղաւ, աշխարքը գլխուս սեւ է, արեւը արիւն է դարձեր. մէսումս ասլանին փենճէն ձգեցի ու տահա ես օր ու աստղուոր կը տեսնամ, տահա ես հալալ ջուր կը խմեմ ու հաց կ՚ուտեմ. քօռնայի, եավրո՛ւմ, մօրդ աչքերը քոռնայի՜ն…

Վարդապետը, որ մինչեւ ան ատեն լուռ էր՝ յանկարծ բրտօրէն կտրեց կնկան ձայնը.

Հո՛ս նայիր, խուզում, աղջիկդ ո՛չ Ազգ կը ճանչնայ եղեր, ոչ Առաջնորդարան. ես տաճիկ եմ կ՚ըսէ, իմ տէրս Րէշիտ էֆէնտին ու կրօնաւորս ալ իմամը, հասկցա՞ր…

Հայր Սուրբ, սուտ են, սո՜ւտ են, աղջիկս հարամ կաթ չէ կերեր որ ատ խօսքերը ըսէ. եա՛ բերանը լեզու են դրեր, եա՛ վախէն է. ի՞նչպէս կը մոռնայ իր պապուն տունը, իր պապուն օճախը, իր հաւատքն ու Քրիստոսը, ի՞նչպէս կ՚ուրանայ իր մայրը, Հա՛յր Սուրբ, մի՛ ըսեր, մի՛ ըսեր…

Կը մոռնա՜յ, էֆէնտիմ, կը մոռնայ. ժամանակին աղջիկնիդ չէք կրնար զաֆթել [2], չէք կրնար անոնց սանձը քաշել, ետքէն ալ կ՚ելլաք աշխարհքը ձեզի հետ խայտառակութեան ու տէրտի մէջ կը ձգէք. մենք զօր թօփուզ չունինք ա՜, հայ չեմ կ՚ըսէ. ի՞նչ կրնանք ընել: Ու դառնալով դէմը նստող տէրտէրին՝ որ ոչխարի կրաւորականութեամբ մէյ մը վարդապետին կը նայի, մէյ մը ողբալի կնկան՝ ի՞նչ ըսիր, Տէ՛ր Թորոս:

Ծառայ եմ Սրբութեանդ, իրաւունք ունիս, կառավարութեան հետ կրնա՞նք խաղալ…

Հա՛յր Սուրբ, մեռնիմ Սրբութեանդ, դուք Ազգին գլոխն էք, դուք մեր ապաւէնն էք, մեր թեւն ու թիկունքն էք, ինչո՞ւ կը հաւատաք անօրէնին խօսքերուն. աղջկանս երեսը երեք օր է որ չեն ցցներ ինծի. էկեր իմ զաւակս ուրացեր է մեզ ու իր Աստուածը՝ ինչո՞ւ չեն թող տար որ անգամ մը հետը խօսիմ. հեչ չէ, դուն տեսնայիր, դուն լսէիր իրեն բերնէն ըսելիքը…

Ո՞ր ճամբան կը հարցնես, է՛յ, կնի՛կ, ի՞նչ աշխարհքի մէջ կ՚ապրինք:

Հապա ի՞նչ կ՚ըսես, Հայր Սո՛ւրբ. թողունք որ անարատ, գառայ պէս մէսումակս գալին բերա՞նն էրթայ, ա՛լ ինչո՞ւ հողը չի բացուիր որ գետինն անցնինք լմննանք:

Վարդապետը ելաւ իր տեղէն ու ձեռքերը գրասեղանին զարնելով՝

Գա՞լն ի՛նչ է, գառնո՞ւկն ինչ է, տաճկըցեր է, վէսսելա՜մ, տաճկցեր է, հասկցա՞ր…

Կինը սարսափահար, ետ քաշուեցաւ երկու քայլ եւ աւելի ողբալի, աւելի աղաչաւոր ձայնով մը՝

Մի՛ բարկանար, խուրպան Հայր Սուրբ, չմարելիք կրակ է ասիկա, անանց կրակ է, մեր տարտը ձեզի չլանք, որո՞ւ լանք…

Վարդապետը՝ իր բարկութեան մէջ աւելի դժնդակ՝

Մենք Ազգ չենք, մենք ձեր ցաւին տէրման չենք կրնար ըլլալ, վէսսէլա՜մ, հոս նստած չենք մենք որ էտէպսիզներուն [3] երեսէն պէլայի հանդիպինք:

Պաղ քամի մը կարծես ցնցեց Մարիամ Պաճիին ամբողջ մարմինը. յետոյ տաք ջուր մը իջաւ գլուխէն մինչեւ ոտքին մատներուն ծայրը. էտէպսի՞զ էր ինք որ եկեր էր իր աղջիկը ազատելու տաճիկին ձեռքէն: Տուշմանը քարսիրտ էր, Աստուած ու հաւատք չունէր, բայց ի՞նչ եղաւ իր Ազգին մեծաւորներուն, իր Ազգին վարդապետին: Րէշիտ էֆէնտիին դուռը գնաց՝ քշեցին, Առաջնորդարանն եկաւ՝ խաբեցին, օրերով քաշքշեցին զինքը փողոցները ու հիմա ալ կը նախատեն իր մայրական զգացումները:

Հայր Սո՛ւրբ, աղջիկս կ՚ուզեմ, պոռաց յանկարծ իր բոլոր ուժովը. անծանօթ, խորհրդաւոր ըմբոստացում մը բարձրացեր էր իր հոգիին խորերէն ու տնկուած օձի մը պէս. աղջիկս կ՚ուզեմ Ազգէն. մենք մեր բերնէն կը կտրենք ժամուն ու վանքին, Առաջնորդարանին ու Առաջնորդին կու տանք՝ որ անոնք ալ մեր նամուսն ու մեր աղջիկներուն պատիւը պահպանեն. մորթեցէ՛ք զիս, ջո՛ւրը նետեցէք, արինս աս էշիկին վրայ պիտի թափեմ կամ աղջիկս պիտի առնեմ:

Վա՜յ, շո՛ւն… ծօ՜… Մարտի՛կ… շուտ սա լկտին Առաջնորդարանէն դուրս վռնտէ…

Վարդապետը կը բառաչէր, փնջածակերէն շունչը մուխի պէս դուրս կու գար:

Շո՜ւտ, դո՜ւրս, դո՜ւրս…

Ու Մարտիկ կը քաշէր կնկանը օձիքէն, կը հրէր զայն, կը սպառնար, կը բռնանար. դժբաղդ մայրը՝ յանկարծակիի եկած, ապշահար, կ՚երերար, կը դիմադրէր, չէր ուզեր դուրս գալ. «Աղջի՜կս, Հա՛յր Սուրբ, աղջի՜կս» դեռ կը լսուէր սանդուխներուն վրայ. ու վարդապետը կը պոռոչէր, կը հայհոյէր:

Բակին մէջէն տակաւին կու գար ողբի, աղաչանքի ու անէծքի ձայնը. «Ջարդուի՛ք, քու ալ օճախդ աւեր աւերակ դառնայ, քու ալ տունդ ու երդիքդ մրեղի. վա՜խ, եավրու՜մ, վա՜խ, զաւա՜կս, Սըրմաս…»։ Եւ հեծեծանքը, նզովքի ու յուսահատութեան ողբը կ՚երթար սեւ աշխարհին սեւ փողոցներէն:


[1]   Գերի, ստրուկ։

[2]   Զսպել։

[3]   Անկիրթ, անամօթ։